ԿԱՅՈՒՆՈՒԹԵԱՆ ՊԱՀՊԱՆՈՒՄ

Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութին վերջին օրերուն հեռախօսազրոյցներ ունեցաւ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ։ Քրեմլինի պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, անդրադարձ կատարուեցաւ Հարաւային Կովկասէ ներս տնտեսական ու փոխադրական կապերու ապաշրջափակման վերաբերեալ հարցերուն։ Այս ամբողջին մէջ դրական գնահատականի արժանացաւ՝ այս երեք երկիրներու փոխ-վարչապետներուն կողմէ համակարգուած աշխատանքային խումբի գործունէութիւնը։ Կարծիքի փոխանակումներ կատարուեցան նաեւ Մոսկուա-Երեւան եւ Մոսկուա-Պաքու համագործակցութեան արդի հարցերուն շուրջ։

Յետպատերազմեան առկայ իրավիճակին մէջ քննարկուեցան հրադադարի համաձայնութիւնը գործնականօրէն կեանքի կոչելու ուղղեալ հանգամանքներ, որոնք արձանագրուած են նախապէս հրապարակուած եռակողմանի երկու յայտարարութիւններուն մէջ։ Գոհունակութեամբ նշուեցաւ, որ հրադադարի դրութիւնը խստօրէն կը պահպանուի եւ տարածքաշրջանէ ներս իրավիճակը, ըստ էութեան, կայուն է եւ հանգիստ։ Թէ՛ Իլհամ Ալիեւ եւ թէ Նիկոլ Փաշինեան բարձր գնահատեցին շփման գծի երկայնքով եւ Լաչինի միջանցքին տեղակայուած Ռուսաստանի խաղաղապահ զօրախումբի գործունէութիւնը։

Երեւանի պաշտօնական աղբիւրներն ալ հաղորդումներ ըրին Փաշինեան-Փութին հեռախօսազրոյցին շուրջ։ Հայաստանի կառավարութեան աղբիւրներուն կողմէ կատարուած հրապարակումները համահունչ են Քրեմլինի կայքէջի հաղորդումներուն։ Այսպէս, ընդգծուած է տարածքաշրջանէ ներս կայունութեան պահպանման կարեւորութիւնը։ Փութին եւ Փաշինեան կարծիքներ փոխանակած են նաեւ երկկողմանի համագործակցութեան օրակարգի կարգ մը հարցերուն շուրջ։

Ի՞ՆՉ Կ՚ԸՍԷ ԱՅՎԱԶԵԱՆ

Մինչ այդ, Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Արա Այվազեան յայտարարեց, որ Ատրպէյճան եւ Թուրքիա կը փորձեն ուժի կիրառումը որպէս արդիւնաւէտ եւ օրինական միջոց ներկայացնել հակամարտութիւններու լուծման համար։ Դէպի Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ աշխատանքային այցելութեան ժամանակ տուած հարցազրոյցին ժամանակ ան նշեց, որ Հայաստանի համոզմամբ՝ Ատրպէյճանի բռնութիւնը հիմք չի ստեղծեր Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան լուծման համար։ Բաց աստի, նախարարը հարցազրոյցին մէջ անդրադարձաւ նաեւ երկրի ներքին քաղաքական իրադարձութիւններուն։ Այսպէս, Արա Այվազեանի բնորոշումով, Հայաստանի Ընդհանուր սպայակոյտի անդամները վերջին ծանօթ յայտարարութիւններով իրենց քաղաքական դիրքաւորումը արտայայտած են։ «Համաձայն չեմ Հայաստանի մէջ տեղի ունեցածը՝ որպէս պետական յեղաշրջման փորձ որակելու հետ», ըսաւ Արա Այվազեան։

Ան հերթական անգամ քննադատութիւններ հասցէագրեց Անգարային եւ յիշեցուց, որ պատերազմի օրերուն զինեալներու ներգրաւման փաստը հաստատուած է միջազգային մամուլին, համաշխարհային առաջնորդներու, բազմաթիւ միջազգային մարմիններու կողմէ։ Իր խօսքով՝ սա հաստատուած է նաեւ ձերբակալեալներուն կողմէ, որոնք ամբողջ շղթան բացայայտած են հաւաքագրումէն մինչեւ իրենց տեղափոխումը տարածքաշրջան։

Արա Այվազեան Ապու Տապիի մէջ տուած հարցազրոյցին մէջ դիտել տուած է, որ միջազգային հանրութիւնը պէտք է նպաստէ, որպէսզի Թուրքիա փոխէ իր ակրեսիւ վերաբերմունքը Հայաստանի դէմ։

Ի՞ՆՉ Կ՚ԸՍԷ ԶԱԽԱՐՈՎԱ

Միւս կողմէ, Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա յայտարարեց, որ Ատրպէյճանի զինեալ ուժերուն կողմէ յառաջիկայ շաբթուայ սկիզբին նախատեսուած ռազմափորձերը ունին ծրագրուած բնոյթ եւ վտանգ չեն պարունակեր տարածքաշրջանէ ներս կայունութեան եւ անվտանգութեան համար։ Բաց աստի, Մարիա Զախարովա նշեց, որ Մոսկուա Երեւանի եւ Պաքուի մօտ դրական տրամադրութիւն կը նկատէ Լեռնային Ղարաբաղի պատերազմէն վերջ ստեղծուած եռակողմանի աշխատանքային խումբի գործունէութեան շրջանակներէն ներս։ Մարիա Զախարովա կրկնեց, որ այս խումբի գլխաւոր խնդիրն է՝ տարածքաշրջանէ ներս տնտեսական ու փոխադրական կապերու ապաշրջափակման վերաբերեալ եռակողմանի համաձայնութիւններու կեանքի կոչուիլը։

Շաբաթ, Մարտ 13, 2021