ՏԱՐԱԾՔԱՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ

ԵԱՀԿ-ի շրջանային նախագահ երկրի՝ Շուէտի Արտաքին գործոց նախարար Անն Լինտէ այսօր ուղեւորութեան մը ձեռնարկած է դէպի Հարաւային Կովկաս։ Ան նախապէս յայտարարած էր, որ պիտի այցելէ Պաքու եւ Երեւան՝ խորհրդակցելով ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահներուն եւ իր յատուկ ներկայացուցիչ Անճէյ Կասպրչիկի հետ։ Ան Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրին շուրջ հեռախօսազրոյց մըն ալ ունեցած էր Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Պետական քարտուղար Էնթընի Պլինքընի հետ։

Անն Լինտէ Պաքուի մէջ հանդիպումներ ունեցաւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի, Արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամովի, այլ պաշտօնատարներու, ինչպէս նաեւ քաղաքացիական հասարակութեան ներկայացուցիչներու հետ։

Իլհամ Ալիեւ Անն Լինտէն հիւրընկալելու ժամանակ յայտնեց, որ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութիւնը մնացած է անցեալի մէջ ու պէտք է նայիլ յառաջ։ «Այսօր մենք ձեզի հետ քննարկեցինք մեր տեսակէտները ապագան կառուցելու մասին։ Կը կարծեմ, թէ պատերազմէն յետոյ վերջին չորս ամիսները ցոյց կու տան երկու կողմերու ձգտումը էջը շրջելու եւ ապագայի վրայ կեդրոնանալու», ըսաւ Ալիեւ եւ յիշեցուց, որ Պաքուի եւ Երեւանի միջեւ արդէն բանակցային գործընթաց մը սկսած է փոխադրութեան հաղորդակցութիւններու ապաշրջափակման հարցերուն համար։

Ալիեւ եւ Լինտէ նախ ունեցան առանձնազրոյց մը, որմէ վերջ քննարկումները շարունակեցին՝ ընդլայնուած կազմով բանակցութիւններու ձեւաչափին մէջ։

Պաքուի շփումները աւարտելէ վերջ շուէտացի նախարարը կ՚անցնի Երեւան։

Անն Լինտէի ուղեւորութեան օրակարգին վրայ առաջնահերթ տեղ կը զբաղեցնէ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի կարգաւորումը։  

Երկուշաբթի, Մարտ 15, 2021