ԵՌԱՊԱՏԿԵԼ ՄԱՐՏԱՀՐԱՒԷՐՆԵՐԸ

Հայաստանի առկայ քաղաքական տագնապի մթնոլորտին մէջ կարեւոր դեր կը վիճակի խորհրդարանական ընդդիմութեան։ Երկրէն ներս ստեղծուած կացութեան շուրջ զրուցեցինք Հայաստանի Ազգային ժողովի «Լուսաւոր Հայաստան» խմբակցութեան երեսփոխաններէն Տարօն Սիմոնեանի հետ։ Ստորեւ կը ներկայացնենք ընդդիմադիր պատգամաւորին հետ մեր ունեցած տեսակցութեան սղագրութիւնը։

*

-Հայաստանի մէջ ստեղծուած ճգնաժամային իրավիճակի պայմաններով դէպի ո՞ւր կ՚ընթանայ երկիրը առհասարակ:

-Եթէ իրավիճակը ընթանայ այնպէս, ինչպէս որ այսօր կ՚ընթանայ, ուրեմն, մենք կ՚երթանք դէպի պետական հաստատութիւններու կազմաքանդում։ Սա բաւական վատ պատկեր մըն է: Բայց, յոյս ունիմ, թէ մեր պետական գործիչները ի վերջոյ իրենց մտածելակերպին մէջ առաջնահերթ կը դարձնեն պետական շահը։ Անոնք պէտք է հասկնան, որ իրարու դէմ պայքարելու փոխարէն՝ պէտք է փոխադարձ զիջումներու երթալ ու համագործակցիլ յանուն ընդհանուր գաղափարի ու շահու: Եթէ ուշ գիտակցինք այս բանը, գուցէ անցնինք անդառնալիութեան սահմանը: Եթէ այսօր գիտակցինք՝ դեռ գործ կայ ընելու, եթէ սկսինք փոխադարձ զիջումներու միջոցաւ իրարու հետ խօսիլ, լուծումներ փնտռել ու գտնել, ապա, յոյս ունիմ, թէ մենք կը կարողանանք վերականգնել բաց թողնուածը:

-Ձեր անդամակցած «Լուսաւոր Հայաստան» խմբակցութեան ղեկավար պր. Մարուքեան հանիպեցաւ պր. Փաշինեանի հետ եւ, բնականաբար, օրակարգի վրայ էին արտահերթ ընտրութիւնները: Շատ են անոնք, որոնք կը դիտարկեն, թէ Հայաստանի մէջ ծագած քաղաքական տագնապի լուծման միակ ապահով ճանապարհը արտահերթ ընտրութիւններն են: Ի վերջոյ ո՞ւր հասաւ այս գործընթացը եւ ի՞նչ տեղի կ՚ունենայ այս պահուն:

-Մենք ալ այն համոզումը ունինք, թէ միայն ընտրութիւններու միջոցաւ կը կարողանանք թօթափել այս լարուածութիւնը։ Մենք այդ առաջարկ-պահանջը ներկայացուցինք վարչապետին, որպէսզի անյապաղ ընտրութիւններ կազմակերպէ: Մենք նոյնիսկ հաշուարկած ենք, որ եթէ այս օրերուն վարչապետը հրաժարական տայ, ապա մինչեւ յունիս կը կարողանանք ընտրութիւնները կազմակերպել: Խնդրած ենք նաեւ, որ այլ նախապայմաններ չդնեն, որովհետեւ պատրաստ ենք անյապաղ ընտրութիւններ կազմակերպելու համար հրաժարելու վարչապետի թեկնածու ներկայացնելու մեր իրաւունքէն: Ըստ Սահմանադրութեան, Ազգային ժողովը լուծարելու համար գործող վարչապետը պէտք է հրաժարի եւ եթէ երկու անգամ նոր վարչապետի թեկնածու մը չներկայացուի, ապա այսպէսով ինքնալուծարման գործընթացը յաջողութեամբ կը պսակուի։ Մենք Սահմանադրութիւնով իրաւունք ունինք վարչապետի թեկնածու առաջադրելու, բայց պատրաստ ենք մեր թեկնածուն չներկայացնելու, որպէսզի խորհրդարանը լուծարուի եւ երթանք արտահերթ ընտրութիւններու: Մենք մեր պահանջը ներկայացուցած ենք, պարզապէս վարչապետը ժամանակ խնդրած է մտածելու համար:

Մենք նաեւ առաջարկեցինք, որ Ընդհանուր սպայակոյտի նախագահին ձեռք չերկարէ եւ չգլխատէ բանակը։ Նախ երթանք արտահերթ ընտրութիւններու, յետոյ նոր իշխանութիւն մը թող ձեւաւորուի եւ այդ մէկը, իր հերթին թող ձեւաւորէ իր ընդհանուր սպայակոյտը: Բայց, փաստօրէն, այս պայմանը չպահուեցաւ վարչապետին կողմէ եւ ան նախընտրեց բախման ճանապարհը։ Կը յուսամ, թէ այդ բախումը տեղի չ՚ունենար, բայց ամէն պարագայի կը տեսնենք, որ վարչապետը որեւէ զիջումի չ՚երթար: Այս պայմաններուն մէջ ես ալ կը տարակուսիմ, թէ ինչպէ՛ս հնարաւոր է այդ մարդուն հետ խօսիլ եւ ի վերջոյ ո՞ւր փնտռել այդ փոխադարձ զիջումները:

-Այն խմբակցութիւնը, որուն մաս կը կազմէք՝ «Լուսաւոր Հայաստան»ը զանազան հանգամանքներու բերումով կրնայ կամուրջ հանդիսանալ արմատական ընդդիմութեան եւ իշխանութեան միջեւ: Այս նպատակով որեւէ լուրջ փորձ կատարուեցա՞ւ։ Եթէ այո, ի՞նչ եղան արդիւնքները։ Արդեօք մնացի՞ն գաղտնի բաներ, որոնք կ՚ուզէք աստիճանաբար լսելի դարձնել։

-Ո՛չ, գաղտնի բան չկայ, թաքուն հանդիպումներ չեն եղած, մեր բոլոր գործողութիւնները բաց են հանրութեան առջեւ։ Մենք հանդիպած էինք Վազգէն Մանուկեանի եւ Դաշնակցութեան մեր գործընկերներուն հետ: Կ՚ուզէինք հասկնալ՝ ինչպէս կրնանք մեղմել իրավիճակը, որպէսզի բախման որեւէ հաւանականութիւն չըլլայ եւ այս մասին ալ յայտնած ենք զանգուածային լրատուութեան միջոցներով: Հանդիպեցանք նաեւ վարչապետին հետ: Այդ հանդիպումները փոխզիջումներու փնտռտուքի համար էին։ Մենք որեւէ մէկուն հետ կամուրջը չենք այրեր՝ պարզապէս, կան որոշ գործընկերներ, որոնք ամէն պարագայի կ՚ուզեն ընդդիմութեան մեր դերը իւրացնել եւ մեզ կ՚անուանարկեն հրապարակայնօրէն՝ փոխանակ մեր ջանքերուն օգուտ մը տալու: Այստեղ մենք հեղինակութեան պայքար չենք մղեր, այստեղ մենք ինչ-որ առումով պետականութեան խնդիր կը լուծենք: Օրհասական վիճակի մէջ կը գտնուինք ու պէտք է հասկնալ, որ անձնական շահերը մէկ կողմ դնելու ժամանակն է: Օրինակ՝ եթէ պէտք է, որ հիմա կամուրջ հանդիսանալու համար հրաժարիլ ապագային բոլոր քաղաքական գործընթացներուն մասնակցելէ, ապա ես պատրաստ եմ այդ բանը ընելու, միայն թէ պետականութեան վնաս չհասնի: Կը խնդրեմ, որ նաեւ իմ բոլոր գործընկերները վեր կանգնին իրենց անձնական քաղաքական որոնումներէն ու շահերէն։

-Հայաստանի մէջ կարծես հասարակութեան լայն շերտերուն մօտ արմատացաւ այն մօտեցումը, որ այսօրուայ ընդդիմութիւնը անհրաժեշտ զօրակցութիւնը չի ստանար: Դուք այս առումով ինչպէ՞ս կը դիտարկէք իրավիճակը, ինչպէ՞ս կը գնահատէք ընդդիմութեան վարքը, մօտեցումները եւ գործողութիւնները:

-Ես չեմ ուզեր որակումներ տալ, որովհետեւ այդ բանը ընելու իրաւունքը չունիմ։ Պարզապէս կրնամ ըսել, որ հասարակութեան լայն շրջանակներ կ՚ուզեն անպայմանօրէն աջակցիլ ընդդիմութեան, բայց, որոշակի վերապահումներ ունին այն անձերուն նկատմամբ, որոնք բեմ կը բարձրանան։ Արդարեւ, հասարակութիւնը այդ անձերը երկու տարի առաջ մերժած է, հետեւաբար մարտավարական տեսանկիւնէն մեր ընդդիմադիր գործիչներէն կը խնդրէի՝ չզբաղին վերակենդանացումով այն անձերու, որոնք մերժելի են քաղաքական համակարգէն ներս: Բայց այն, որ հասարակութեան մեծ շերտ մը դժգոհ է այս իշխանութենէն եւ կ՚ուզէ ամէն կերպով անոր հեռանալը՝ այդ մէկը միանշանակ է։ Բայց հասարակութիւնը չ՚ուզեր այս բանը ընել՝ նախկիններու վերադարձին գնով: Ի վերջոյ հասարակութիւնը կ՚ուզէ բանական եւ ազգային մտածելակերպով առողջ քաղաքական ուժեր, որոնք պետական շահը կը գերադասեն: Եթէ մենք նորը հինով կամ հինը նորով փոխարինելով այսպէս անընդհատ շրջապտոյտի մէջ գտնուինք եւ մոռնանք մեր հենքը պետական շահու եւ պետական մտածելակերպի, ապա որեւէ բանով պետութեան չենք նպաստեր, որովհետեւ մարդիկ կը փոխուին, բայց քաղաքականութիւնը կը մնայ նոյնը:

-Ի՞նչ է պատճառը, որ Հայաստանի Ազգային ժողովէն ներս «Իմ քայլը» խմբակցութիւնը առհասարակ բացակայ է՝ մանաւանդ, որ երկիրը տագնապի մէջ է:

-Պատճառները թէ՛ ընտրական համակարգին մէջ են, այսօրուայ Ազգային ժողովի ձեւաւորման առումով եւ թէ անձերու մէջ: Ընտրական համակարգին մէջ խնդիր կայ, որովհետեւ համամասնական ցուցակով ձեւաւորուած խորհրդարանը միշտ խնդիր կ՚ունենայ: Ցուցակը գլխաւորած անձին հաւաքած ձայներով՝ խորհրդարան կը մտնեն հասարակութեան համար անծանօթ մեծ թիւով մարդիկ, որոնք պատգամաւոր կը դառնան իրենց անձնական վաստակէն աւելի՝ իրենց կուսակցութեան ղեկավարին վաստակով։ Հետեւաբար, անոնք ձեւով մը ձայն չունին եւ, բնականաբար, չեն ալ փափաքիր ընդվզիլ իրենց կուսակցապետի որոշումներուն դէմ: Կան նաեւ սահմանդրական հարցեր։ 2015-ին սահմանադրական փոփոխութիւններու հետեւանքով գերկեդրոնացուած իշխանութեան համակարգ մը ձեւաւորուած է։ Բոլոր լծակները կը գտնուին անձի մը ձեռքը: Գալով անձնականին…  «Իմ քայլը» խմբակցութեան պատգամաւորներէն շատեր ո՛չ միայն յայտնի չէին հանրութեան, այլեւ իրենց անձնական կեանքով, աշխատանքով կամ իրենց մասնագիտական բնագաւառէն ներս ալ կայացած մարդիկ չէին։ Անշուշտ, ոչ-բոլորը, ի հարկէ, կան շատ լաւ մասնագէտներ, որոնք այդ քանակին մէջ կորսուած են: Այո՛, մենք 2018 թուականի յեղափոխութիւնը կամ իշախանափոխութիւնը ըրինք հասարակութիւնով, որպէսզի երթանք դէպի քաղաքական համակարգի առողջացում։ Բայց գործողութիւնները հասցուցին այնտեղ, ուր մոռցուեցաւ հնարաւոր առողջ քաղաքական համակարգի ձեւաւորումը եւ շեշտը դրուեցաւ անձնակեդրոն իշխանութեան մը վրայ: Եւ խմբակցութեան այն փոքրաքանակ կայացած մարդոց ձայնը կամաց-կամաց խլացուեցաւ եւ վերջապէս անոնք հասկցան, թէ իրենք, դժբախտաբար, այլեւս գործ չունին ընելու Ազգային ժողովէն ներս։

-Քիչ առաջ ակնարկեցիք պետութեան կազմաքանդման։ Սա ինչպէ՞ս կրնայ պատահիլ. բախումներո՞վ: Միատարր, միակրօն, միալեզու, միասնական անցեալ ու հաւատով այսքան փոքր երկրի մը մէջ ինչպէ՞ս պիտի ըլլայ հանգուցալուծումը։

-Հանգուցալուծումը հասարակութեան ներսը փոխադարձ զիջումներ գտնելն է եւ անոնց միջոցաւ պետական հաստատութիւնները կայացնելը: 2018-էն ի վեր, այն բոլոր պետական հսկայական հաստատութիւնները, որոնք քիչ թէ շատ կային, կարգով գացին կազմաքանդման եւ ասոր մէջ բաւական մեծ է այսօրուայ իշխանութեան բացասական ազդեցութիւնը: Իշխանութեա՛ն պատասխանատուութիւնն է խուսափիլ բախումներէ։ Ընդդիմութեան պատասխանատուութիւնը չէ խրախուսել կամ չխրախուսել բախումներ, որովհետեւ իշխանութիւնն է ապագայի ու պատմութեան առջեւ պատասխանատուն, նաեւ օրէնքին ու Սահմանադրութեան առջեւ: Հետեւաբար, իշխանութիւնը պէտք է ապահովէ այդ կայուն միջավայրը, ուր բախում տեղի պիտի չունենայ, այլեւ մարդիկ պիտի գան սեղանի շուրջ, հասկնան հարցերը եւ փորձեն զանոնք լուծել: Ի վերջոյ մեր 3 միլիոննոց հանրութիւնը այդ միջոցները չունի, որպէսզի անընդհատ բախումներու մէջ մտնէ: Նայելով ուրիշ երկիրներու պատմութեան՝ մենք ո՞ր ճանապարհը պէտք է ընտրենք: Գուցէ ունենանք ողջմտութիւնն ու խելամտութիւնը, որպէսզի մեր թերութիւնները տեսնելով հանդերձ յարգենք զիրար ու բոլորին որոշումները բերենք միեւնոյն սեղանին շուրջ եւ տեսնենք, թէ անոնցմէ ո՞ր մէկը աւելի ազգանպաստ ու հայանպաստ է։ Եւ այդ մէկը ընտրենք՝ որպէս քաղաքականութեան ուղեցոյց: Սա երկար ճանապարհ է, ի հարկէ, բայց յոյս ունիմ, թէ իշխանութեան մէջ գտնուող անձեր այս պատասխանատուութիւնը կը զգան: Օրինակ՝ մենք կը հաւատանք, թէ նոյնիսկ սեփական շահերը մոռնալու գնով պատրաստ ենք երթալու փոխադարձ զիջումներու եւ փրկել պետականութիւնը այս օրհասական պահուն:

-Վերջին զարգացումներու լոյսին տակ ինչպէ՞ս կը գանահատէք նախագահ Արմէն Սարգսեանի դերը։ Ձեր գնահատականը ի՞նչ է։ Նախագահը ո՞ւր թերացաւ՝ նկատի ունենալով, որ պետութեան սահմանադրական-քաղաքական օղակներէն մէկն ալ ինքն է:

-Ճիշդ է, որ ես 2019-ի սահմանադրական փոփոխութիւններուն դէմ էի, որովհետեւ առանց խոր ուսումնասիրութեան եւ առանց հետեւանքներու հաշուարկման կատարուած փոփոխութիւններ էին, բայց, այնտեղ նախագահի դերը յստակ գրուած է. նախագահը ունի ինչ որ առումով իրաւարարի դեր։ Երբոր սահմանադրական մարմիններու միջեւ վէճ յառաջանայ, իրականութեան մէջ, ան շատ միջոցներ չունի։ Բայց կայ անձնական հեղինակութեան խնդիրը եւ Սահմանադրական ատեան դիմելու միջոցը։ Եթէ մենք չենք օգտուիր այդ գործիքներէն ու կը ձգենք, որ երեւոյթները անընդհատ ինքնահոս զարգանան, ապա պէտք է հասկնանք, որ այդ ինքնահոսը երբեք դէպի վեր՝ դէպի զարգացում չ՚երթար, այլեւ՝ միշտ դէպի ներքեւ: Իմ կարծիքով՝ այստեղ նախագահին գործառոյթը աւելի աշխոյժ պէտք է ըլլար։ Ան աւելի աշխուժօրէն իր իրաւարարի գործառոյթը պէտք է կատարէր եւ Սահմանադրական ատեան դիմելու հնարաւորութիւնը օգտագործէր: Ի հարկէ, նախագահը դիմեց Սահմանադրական ատեան եւ բոլոր իրաւաբանները ակնյայտ կը հասկնան, թէ այստեղ սահմանադրական կարգաւորման խնդիր մը կայ։ Եւ եթէ սահմանադրական կարգաւորման խնդիր մը կայ, ուրեմն զայն լուծուղը Սահմանադրական ատեանն է։ Բայց պիտի դիմես Սահմանադրական ատեան, որպէսզի ստանաս պատասխանը: Նախագահը ընտրեց «անվնաս» եղանակը եւ վիճարկեց սահմանադրականութիւնը այն օրէնքին, որու հիման վրայ սկսաւ ընդհանուր սպայակոյտի նախագահի պաշտօնազրկման գործընթացը: Այդուհանդերձ, հիմա ալ Սահմանադրական ատեանը կրնայ կասեցնել, որովհետեւ, ըստ էութեան, այդ օրէնքի սահմանադրականութեան վիճարկումով՝ կը վիճարկուի նաեւ այն տնօրինութիւնը, որով ընդհանուր սպայակոյտի նախագահը հեռացած է պաշտօնէն: Հետեւաբար, գնդակը հիմա Սահմանադրական ատեանի դաշտին մէջ է եւ կը տեսնենք՝ ի՛նչ կ՚որոշէ:

-Պիտի հարցնեմ տարածքաշրջանի իրավիճակին վերաբերեալ։ Մենք 44 օր տեւած պատերազմէն վերջ նոր իրավիճակ ստացանք։ Այնուամենայնիւ, սա երկար տարիներու կուտակումներու հետեւանքն էր։ Արդեօք հնարաւո՞ր էր խնայել Հայաստանն ու հայ ժողովուրդը այս ցաւէն, այս պատերազմէն եւ այս ողբերգութենէն:

-Պէտք է ըսեմ, որ անհնար բան չկայ, բայց Մաքիավելլին հետաքրքրական խօսք մը ունի. «Հնարաւոր չէ կանխել պատերազմները, հնարաւոր է յետաձգել պատերազմները՝ մինչեւ այն պահը, երբ բարենպաստ ըլլայ քեզի համար»։ Մեր մարտավարութիւնը այս ուղղութեամբ պէտք է ըլլար: Թէ՛ Թուրքիան եւ թէ Ատրպէյճանը ազնուօրէն կ՚ըսէին, որ զէնքի ուժով ետ պիտի առնեն, իրենց ըսելով, իրենց հողերը։ Բայց մենք կ՚ըսէինք, որ միջազգային իրաւունքը, պատմութիւնն ու ողջախոհութիւնը հայկական շահու կողմն են։ Տուեալ պարագային, որովհետեւ այդ տարածքները թէ՛ պատմականօրէն, թէ՛ իրաւականօրէն հայկական էին եւ հիմնաւորած էինք այդ բանը: Պարզապէս, մարտավարական տեսանկիւնէն ինչո՛ւ անցնող 26 տարիները սպառեցինք՝ չպատրաստուելով 5-րդ սերունդի պատերազմին։ Այս հարցումին պատասխանելը շատ դժուար է։ Պակա՞ս հայրենասէր էին ղեկավարները, թէ նուազ հեռատես էին կամ երկուքը միասին: Բայց միանշանակ է, որ այս իշխանութիւնը բաւական ապիկար գտնուեցաւ իրավիճակը գնահատելու առումով եւ իր գործողութիւնները ըստ իրավիճակի կազմակերպելու տեսակէտէ։ Եթէ կը տեսնես, որ դիմացինդ ո՛չ միայն Ատրպէյճանն է, այլեւ՝ Թուրքիա-Ատրպէյճան զինուած ուժերու տեսքով է, քու ամբողջ բանակաշինութիւնը, մարտավարութիւնը, դիւանագիտութիւնը, հանրային խօսքը պէտք է անոր համապատասխան ըլլայ: Եթէ կը տեսնես, որ իրավիճակը կ՚երթայ ա՛լ աւելի լարման եւ դուն կը նպաստես այդ լարման քու բառապաշարով, ապա պիտի ստանաս գործողութիւններու արագացում, եթէ դուն զայն կ՚ընես դիտաւորեալ, ապա դուն համակազմակերպիչ կը դառնաս այդ պատերազմական գործողութիւններուն։ Եթէ դուն զայն կ՚ընես անփութութեամբ եւ անզգուշութեամբ, ապա դուն պետական մտածելակերպով գործիչ մը չես։ Հետեւաբար հեռու պէտք է մնաս որոշումներ կայացնելու իրաւունքէն:

Հիմա տարածքաշրջանէն ներս վիճակը աւելի բարդացած է: Պէտք է կրկնապատկել ու եռապատկել մարտահրաւէրներու քանակը, որովհետեւ խաղացողները շատցած են, խնդիրները բարդացած, իսկ մեր ուժը թուլացած: Նշեմ, որ Ատրպէյճանն ալ այնքան լաւ վիճակի մը մէջ չէ։ Ատրպէյճան ինքնիշխանութեան ակնյայտ կորուստ ունեցաւ՝ ինչպէս մենք ունեցանք: Այս իրավիճակէն ամենէն շատը տուժեցինք մենք, ի հարկէ, յետոյ Ատրպէյճանը, իսկ միւսները շահեցան: Ուստի, այս պահուն քիչ մը աւելի հեռատես արտաքին քաղաքականութիւն մը պէտք է վարել։ Պէտք է մեր ռազմավարական դաշնակիցներու, բարեկամներու, գործընկերներու հետ նստինք սեղանի շուրջ եւ հասկնանք՝ ո՛ւր է մեր շահը, ո՛ւր է իրենց շահը եւ ինչպէ՛ս համադրել զանոնք: Կարելի չէ ունենալ ռազմավարական դաշնակից եւ չվստահիլ անոր եւ փոխադարձաբար։ Ուրեմն ի՞նչ է ռազմավարական դաշնակցութեան իմաստը։ Կարելի չէ ունենալ բարեկամ հարեւան պետութիւն մը եւ չկարողանալ խօսիլ անոր հետ՝ անոր շահերէն ելլելով: Երբ պատերազմ է եւ նոյնիսկ քու բարեկամ պետութիւնները լուռ կը մնան կամ խօսքով կ՚աջակցին քու հակառակորդին, սա կը նշանակէ, որ դուն ձախողած ես ամբողջ արտաքին քաղաքականութեանդ մէջ։ «Յատուկ տաղանդ» պէտք է ունենալ, որպէսզի հակադիր շահեր ունեցող քու բոլոր բարեկամ, դաշնակից պետութիւններու հետ յարաբերութիւններդ ձախողին եւ մենք երկու տարուան մէջ հասած էինք այդտեղ։

-Այս բոլորին մէջ իշխանութիւններուն դէմ, մեղմ խօսքով, անոնց անճարակութեան մէջ դաւադրաբանական կարծիք ունի՞ք։ Որոշ պայմանաւորուածութիւննե՞ր կային այս բոլորը «յաջողցնելու» համար։

-Ոչինչ կը բացառեմ, բայց, միեւնոյն ժամանակ, նման մեղադրանք ներկայացնելու համար պէտք են աւելի շատ հիմքեր ու փաստեր: Կրնամ ենթադրութիւններ ընել եւ հիմքեր ունիմ այդ ենթադրութիւնները ընելու, բայց մեղադրանք ներկայացնելու համար մեր հիմքերը, իմ կարծիքով, բաւարար չեն: Ճանչնալով իրենց խումբը, անոնց անփորձութիւնը, անփութութիւնը, անհարկի մեծամտութիւնը, մասնագիտական կարողութիւններու բաւական ցած մակարդակը, վերլուծական հմտութիւններու շատ ցած մակարդակը, այս բոլորը եթէ միաւորենք՝ ուրեմն այսօրուայ հետեւանքը տրամաբանական կը դառնայ։ Եւ եթէ այս բոլորին վրայ աւելցնենք դաւաճանութիւն, այդ մէկը արդէն յանցագործութիւն կը դառնայ:

-Երկու գլխաւոր խաղացողները՝ Ռուասատանն ու Թուրքիան կարծես նոր Կովկասի մը մասին կը խօսին, նոր Կովկասի մը մասին յղումներ կը կատարեն։ Կը խօսին՝ երկաթուղիներու, նոր ապահով ճանապարհներու, անվտանգութեան եւ կազի նոր միջոցներու մասին։ Այս բոլորին մէջ ո՞ւր է Հայաստանը եւ ի՞նչ կարելի է ընել օգտուելու համար ստեղծուած այս նոր իրավիճակէն։

-Տարբեր բանաձեւեր առաջարկուեցան Հարաւային Կովկասի վերաձեւակերպման իմաստով: Բայց այն ինչ, որ այսօր տեղի կ՚ունենայ եւ, ըստ էութեան, մեր վերահսկողութենէն դուրս է։ Սա արդէն ակնյայտ է: Թէ՛ Ռուսաստան եւ թէ Թուրքիա ունին բազմաթիւ հակասութիւններ, նաեւ որոշակի համընկնող շահեր, գուցէ տնտեսական կամ աշխարհաքաղաքական շահեր։ Ունին տեղեր, ուր իրարու հետ կ՚աշխատին եւ մեր տարածքաշրջանին մէջ կը փորձեն լուծումներ գտնել: Բայց պէտք չէ մոռնալ, որ Ռուսաստան մեր ռազմավարական դաշնակիցն է եւ ան նաեւ պէտք է յարգէ հայկական շահը։ Ես վստահ եմ, թէ պատշաճ աշխատանք կազմակերպելու պարագային եւ վստահութեան վերականգնման պարագային, մեր ռուս գործընկերները վստահօրէն կը յարգեն մեր ազգային շահը եւ չեն ոտնահարեր այդ ազգային շահը իրենց աշխարհաքաղաքական մեծ ծրագիրներու հաշւոյն: Նոյնիսկ փոխադրամիջոցներու շահագործման պարագային մենք պէտք է յառաջ քշենք այն գաղափարը, թէ Ատրպէյճանի Հանրապետութեան հետ առեւտրային եւ փոխադրային եւ այլ յարաբերութիւններ հնարաւոր կը դառնան, եթէ ան դադրեցնէ միջազգային իրաւունքի խախտումը եւ պատերազմական յանցագործութիւնները։ Մինչեւ այս բանը տեղի չունենայ՝ մենք տնտեսական յարաբերութիւններ հաստատելու մասին պիտի չխօսինք եւ մեր ռուս գործընկերները պէտք է գիտակցին այս բանը։ Սա պէտք է հասցնենք մեր ռուս գործընկերներուն, որպէսզի անոնք ճանչնան մեր այդ շահը: Որովհետեւ կարելի չէ գործընթաց մը յառաջ տանիլ, երբ մենք դատի տուած ենք Ատրպէյճանը միջազգային ատեանի առջեւ, նաեւ դատի պիտի տանք յառաջիկային, որովհետեւ ան հայատեաց քաղաքականութիւն կը վարէ, կը դրդէ իր դպրոցականները, իր երիտասարդները, իր սպաները իւրաքանչիւր հայու դէմ: Չենք կրնար յարաբերութիւններու մէջ մտնել պետութեան մը հետ, որ կը խոշտանգէ մեր քաղաքացիները գերի վիճակի մէջ եւ պատանդ պահելով զանոնք՝ փոխարէնը կը պահանջէ տնտեսական, նաեւ տարածքային զիջումներ մեզմէ։ Այս իրավիճակին մէջ որքան ալ ռուս եւ թուրք գործընկերները պայմանաւորուածութեան յանգին՝ առանց մեր ազգային շահը դիտարկելու, այդ պայմանաւորուածութիւնները չեն կրնար եւ պէտք չէ կենսագործելի դառնան: Սա իմ համոզումն է եւ ես անձամբ ամէն ինչ պատրաստ եմ ընելու այս գործընթացին մէջ ներդրում մը ունենալու համար: Բայց, ի հարկէ, սա կը նշանակէ, որ պէտք չէ յամառօրէն յայտարարութիւններ ընել, կանգնիլ անկիւն մը եւ սպասել, թէ ի՛նչ տեղի պիտի ունենայ։ Պէտք է աշխատիլ այս ուղղութեամբ, պէտք է աշխատիլ մեր ռազմավարական գործընկերոջ հետ, հասկնալ անոր շահը, հասկնալ մեր շահը, համադրել զանոնք եւ երթալ դէպի ազգանպաստ լուծումներ:

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Երեւան

Երեքշաբթի, Մարտ 16, 2021