ԻՄԱՍՏՈՒԹԻՒՆ

«Իմաստուններուն հետ քալողը իմաստուն կ՚ըլլայ», կ՚ըսէ Առակախօսը. (ԱՌԱԿ. ԺԳ 20)։

Իմաստութիւնը իր լայն առումով կը նշանակէ՝ խոհեմութիւն, հմտութիւն, ողջախոհութիւն, խելահասութիւն եւ փորձառութիւն։ Իմաստութիւնը յատկութի՛ւն մըն է արդարեւ, բայց անոր ստացակա՞ն թէ ընդոծին ըլլալը որոշելու հարցը պէտք է թողուլ այդ ճիւղի մասնագէտներուն։ Մենք  կ՚ուզենք «իմաստութիւն»ը դիտել հոգեւոր աչքերով։

Մարդուն ստեղծման հարցը առարկան եղած է գիտական բազմաթիւ հետազօտութիւններու՝ որոնք շքեղօրէն ճոխացուցած են մարդկութիւնը՝ մարդուն երեւումին մասին։ Այս գիւտերը կը հրաւիրեն մեզ դեռ աւելի՛ հիանալու Արարչին մեծութեան վրայ, Անոր փառք տալու Իր բոլոր գործերուն, նաեւ իմացականութեան եւ իմաստութեան համար, զոր Ան գիտուններուն եւ հետազօտողներուն կու տայ։ Ուստի Սողոմոնի հետ անոնք կարող են գոչել. «Ինքն է որ տուաւ ինծի ճշմարիտ գիտութիւնը արարածին մասին, ճանչցուց ինծի կառոյցն աշխարհի, յատկութիւնները տարրերուն… որովհետեւ որպէս ամէն բանի ճարտարապետ՝ Իմաստութիւնը Ի՛նք սորվեցուց ինծի». (ԻՄԱՍՏ. Է 17-21)։

Արդարեւ, լուրջ կերպով պէտք է խորհիլ՝ թէ գիտունին իմաստութիւնը ո՞ւրկէ է…։ Եթէ պատասխանէք. «ժառանգական է կամ ծինային», ապա ուրեմն այդ «ժառանգ»ը կամ «ծին»ը ո՞վ կը հաստատէ, ո՞վ կը ծրագրէ եւ ո՞վ կը կարգաւորէ։ Ուստի ամէն իրողութիւն, ամէն երեւոյթ բնականաբար եւ անպայմա՛ն սկիզբ մը ունի. ահաւասիկ, այդ սկիզբը ո՞վ կը գոյացնէ։ Հարցը ա՛յս է։

Բանականութիւնը կը պատասխանէ եւ կը լուծէ հարցը. «Արարիչն է ամէն սկզբնաւորութեան առաջին եւ միա՛կ պատճառը»։ Եւ ուրեմն իմաստութեան ալ առաջին պատճառն է Աստուած։

Բարիքին գործադրութեան կ՚ընկերակցի հոգեւոր անվարձ ուրախութիւնը եւ բարոյական գեղեցկութիւնը։ Նմանապէս, ճշմարտութիւնը հետը կը բերէ ուրախութիւնը եւ հոգեւոր գեղեցկութեան շքեղութիւնը։ Ճշմարտութիւնը ինքնիրմով գեղեցիկ է։ Ճշմարտութիւնը խօսքին, իբր իմացական արտայայտութիւն ստեղծուած եւ անստեղծ իրականութեան ճանաչումին, անհրաժեշտ է իմացականութեամբ օժտուած մարդուն համար, սակայն Ճշմարտութիւնը կրնայ նաեւ գտնել մարդկային արտայայտութեան լրացուցիչ տարբեր ձեւեր, մանաւանդ երբ խնդրոյ առարկայ է ոգեկոչել ի՛նչ որ անպատում է. ինչպէս՝ մարդկային սրտին խորութիւնը, հոգիին վերացումը, Աստուծոյ խորհուրդը։

Աստուած Ինքզինք ճշմարտութեան խօսքերով մարդուն չյայտնած, Ինքզինք կը յայտնէ արարչագործութեան տիեզերական բարբառովը՝ որ գործն է Անոր Խօսքին, Անոր Իմաստութեան. տիեզերքին կարգը եւ ներդաշնակութիւնը՝ զորս կը գտնեն ե՛ւ մանուկը ե՛ւ գիտութեան մարդը, ինչպէս նաեւ «մեծութիւնը եւ գեղեցկութիւնը արարածներուն՝ հանգիտաբար հիացումով դիտել կու տան անոնց Արարիչը». (ԻՄԱՍՏ. ԺԳ 5), «որովհետեւ Ի՛նքն է աղբիւրը գեղեցկութեան, որ ստեղծեց զանոնք». (ԻՄԱՍՏ. ԺԳ 3)։

Իմաստութիւնը արդարեւ բխումն է Աստուծոյ զօրութեան, մաքրամաքուր ծորումը՝ Ամենակալին փառքին, այս պատճառով՝ ո՛չ մէկ պիղծ բան մուտք կը գործէ անոր մէջ։ Ան ցոլքն է Յաւիտենական Լոյսին, անբիծ հայելին՝ Աստուծոյ գործին, պատկերը Անոր բարութեան. (ԻՄԱՍՏ. Է 25-26)։

«Իմաստութիւնը արդարեւ աւելի գեղեցիկ է քան արեգակը, ան կը գերազանցէ բոլոր համաստեղութիւնները, ան գերիվեր է քան լոյսը, որովհետեւ լոյսը կը նահանջէ գիշերուան առջեւ, մինչդեռ չարը չի յաղթանակեր իմաստութեան». (ԻՄԱՍՏ. Է 29-30)։

«Ես սիրահարը դարձայ Անոր գեղեցկութեան». (ԻՄԱՍՏ. ԺԸ 2)։

«Ստեղծուած ըստ Աստուծոյ պատկերին». (ԾՆՆԴ. Ա 26), մարդը Աստուծոյ հետ իր առընչութեան ճշմարտութիւնը կ՚արտայայտնէ նաեւ իր գեղարուեստական գործերուն գեղեցկութեամբ։ Արդարեւ, «արուեստ»ը՝ յատկապէս մարդկային արտայայտութեան մէկ ձեւն է բոլոր կենդանի արարածներուն հասարակաց եղող կենսական անհրաժեշտութիւններուն որոնումէն անդին, ան ձրի յորդառատութիւն մըն է մարդկային արարածին ներքին ճշմարտութեան։

«Իմաստութիւն»ը՝ Սուրբ Հոգիին եօթը պարգեւներէն մին է. ան կը լրացնէ եւ իր կատարելութեան կը հասցնէ առաքինութիւնները անոնց, որոնք կ՚ընդունին զայն։ Իմաստութիւնը հաւատացեալները կը դարձնէ հլու՝ հնազանդելու համար փութկոտութեամբ եւ երկիւղով աստուածային ներշնչումներուն։

«Քու բարի հոգիդ թող առաջնորդէ ինծի ուղիղ երկրին վրայ». (ՍԱՂՄ. ՃԽԲ 10)։

«Ամէն անոնք զորս կ՚ոգեւորէ Աստուծոյ Հոգին, Աստուծոյ որդիներ են … Եթէ  որդիներ, ուրեմն ժառանգորդներ, ժառանգորդներ Աստուծոյ եւ ժառանգորդներ Քրիստոսի». (ՀՌՈՄ. Ը 14-17)։

Իմաստութիւնը՝ Հոգիին այս «պտուղ»ը կատարելութիւն է, զոր կը կազմէ մեր մէջ Սուրբ Հոգին իբրեւ երախայրիք յաւիտենական փառքին։ Ուստի, իմաստութիւնը Աստուծմէ է, քանի որ Ի՛նք Աստուած Իմաստութի՛ւն է. «Իր իմաստութեամբ էր որ Աստուած երկրին հիմերը դրաւ, գիտութեամբ հաստատեց երկինքները». (ԱՌԱԿ. Գ 19)։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Մարտ 11, 2021, Իսթանպուլ

Երեքշաբթի, Մարտ 16, 2021