ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ ԹՈՒՄԱՆԵԱՆԻ ՀԱՆՐԱԳԻՏԱՐԱՆ

«Հայկական հանրագիտարան» հրատարակչութիւնը վերջերս լոյս ընծայած է Ամենայն հայոց բանաստեղծ Յովհաննէս Թումանեանի Հանրագիտարանը։ Երեւանի մէջ, այս առաւօտ, «Հայեացք» մամլոյ ակումբի երդիքին տակ տեղի ունեցաւ ասուլիս մը, որու ընթացքին ծանօթացուեցաւ «Յովհաննէս Թումանեան Հանրագիտարան»ը։

«Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, ասուլիսի ատենա-խօսներն էին «Հայկական հանրագիտարան» հրատարակչութեան տնօրէն ու գլխաւոր խմբագիր Յովհաննէս Այվազեան եւ թումանեանագէտ փրոֆ. Սուսաննա Յովհաննիսեան։ Այս վերջինները զանգուածային լրատուութեան միջոցներու ներկայացուցիչներուն բացատրութիւններ տուին այս նոր հանրագիտարանին մասին, որ կու գայ կատարելագործել Ամենայն հայոց բանաստեղծի թողած մեծ ժառանգութիւնը։

Ուրբաթ, Մարտ 19, 2021