ՄԱՄՈՒԼԻ ՀԻՆ ԷՋԵՐ

Երբեմն ակնարկը դարձնել անցեալին թէ՛ հետաքրքրական է եւ թէ՛ օգտակար։ Այս պատճառով, այսօր կ՚ուզենք հատուածներ ներկայացնել մեր սիրելի՜ ընթերցող բարեկամներուն 1904 թուականէն։

31 յուլիս 1904 թուակիր «ՄԱՍԻՍ»ի մէջ կը կարդանք, եւ կը ներկայացնենք նոյնութեամբ։

ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ՀԱՆԴԷՍԸ

Կեդրոնական Վարժարանը իր վերջին եօթնամեայ շրջանը բոլորած ըլլալով այս տարի, ունեցաւ եօթը շրջանաւարտներ, որոնց վկայականներու բաշխումը կատարուեցաւ հինգշաբթի առաւօտ, Ղալաթիոյ խորհրդարանի սրահին մէջ, նախագահութեամբ Ս. Պատրիարք Հօր՝ շրջապատուած եպիսկոպոսներէ եւ վարդապետներէ։ Պատրիարքարանի ժողովականներէ եւ ուրիշ ծանօթ անձնաւորութիւններէ զատ, ներկայ էին նաեւ Վիեննական Մխիթարեաններէն Հ. Եղիշէ Գաֆթանեան եւ Հ. Գաբրիէլ Մէնէվիշեան վարդապետները, Բողոքականաց ազգապետ էֆ.ն, Բրօֆ. Ճէճիզեան ու Տիկինը, եւ ուրիշ հրաւիրեալներ, ինչպէս նաեւ ուսուցիչներ, մամուլի ներկայացուցիչներ եւ այլն։

Խնամակալութեան ատենապետ Յակոբ էֆ. Էսաեան կարդաց ընդարձակ տեղեկագիր մը, որով բացատրութիւններ կու տար վարժարանին կրթական ծրագրին ու դասաւանդութեանց վրայ եւ մէկիկ մէկիկ կը յիշէր ներկայ Խնամակալութեան կազմութիւնը, եկամուտներու կանոնաւոր մատակարարութիւնը, Ե. դասարանի կազմութիւնը, 1897էն մինչեւ այսօր՝ եօթնամեայ շրջանին տուած արդիւնքները եւ ուրիշ շահեկան մանրամասնութիւններ։ Յետոյ ներկայացուց ընթացաւարտները, որոնք ծափահարութեանց մէջտեղ ստացան Գիտութեանց կամ Դպրութեանց պսակաւորի վկայականները։ Այս պարոններն են Գրիգոր Խանճեան, Հրանտ Գըրըգճեան, Լեւոն Ղարիպեան, Երուանդ Նազարեան, Միհրան Զէրտէեան, Միքայէլ Խաչիկեան եւ Աբիկ Հանչէրեան։

Շրջանաւարտներէն երեքը ճառեր կարդացին՝ Օսմաներէն, Հայերէն եւ Ֆրանսերէն լեզուներով։

Յետոյ խօսք առաւ Ուսումն. Խորհուրդի ատենապետ Տօքթ. Վահրամ էֆ. Թորգոմեան՝ շնորհաւորելով Կեդրոնական Վարժարանին ընձեռած արդիւնքները եւ Վարժապետանոցի մը հաստատման պէտքը շեշտելով։ Թէ՛ Տօքթ. Թորգոմեան եւ թէ՛ նախորդ բանախօսները երախտագիտութեամբ յիշեցին Վեհ. Կայսեր բարձր հովանին որուն շնորհիւ կրթական գործը կը զարգանայ ու դպրոցները կը յառաջդիմեն։

Ս. Պատրիարքը հակիրճ բանախօսութեամբ մը պարզեց իր տեսութիւնները Կեդրոնական Վարժարանին նկատմամբ, ներկայ եօթնամեայ շրջանը նկատելով այդ հաստատութեան երկրորդ ու արդիւնաւոր երախայրիքը, գովելով Խնամակալութեան ջանքերը եւ ուսուցչական մարմնոյն աշխատութիւնները։ Ն. Սրբազնութիւնը մասնաւորապէս փափաք յայտնեց որ բարեկեցիկ ծնողներ ալ յօժարին Կեդրոնական Վարժարան ղրկել իրենց զաւակները՝ փոխանակ օտար դպրոցներու։ Ն. Սրբազնութիւնը քաջալերական խօսքեր ուղղեց ընթացաւարտներուն եւ յորդորեց որ գործնական կեանքի մէջ կատարեն այն ազնիւ առաջադրութիւնները զորս պարզած էին իրենց ճառերով։

Հանդէսը փակուեցաւ «Պահպանիչ»ով եւ ներկաները մեկնելէ առաջ՝ իրենց խնդակցութիւնները եւ գոհունակութիւնը յայտնեցին Խնամակալութեան։

***

Իսկ «ՄԱՍԻՍ»ի 19 օգոստոս 1904 թուակիր օրինակին մէջ կը կարդանք հետեւեալ ծանուցումը։

ՎԻԵՆՆԱԿԱՆ ՄԽԻԱԹԱՐԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆ
ի Բանկալթի
48րդ Տարեշրջան

Վարժարանս վերստին կը բացուի 1/14 Սեպտ. 1904։

Վարժարանը ունի արդի երկրորդական դպրոցներու (école secondaire moderne, Ralschule) Ծրագիրը՝ միջավայրիս պիտոյիցը յարմարցուած։

ԼԵԶՈՒՆԵՐ.- Հայերէն, Թուրքերէն, Գաղղիերէն, Գերմաներէն, Անգլիերէն։

Գիտութիւններ.- Ուսողական, բնագիտական, բնապատմական, պատմական (կ՚աւանդուի Գաղղիերէն եւ Գերմաներէն լեզուներով)։

 Առեւտրական Աշխարհագր. թուաբան. թղթակցութիւն (Գերմ. Գաղղ. Անգլիերէն)։

ՈՒՍՈՒՑԻՉՆԵՐ.- ներքին եւ արտաքին՝ 20 ուսուցիչներ պիտի դասախօսեն։

Նորամուտ աշակերտաց ընդունելութիւնն Օգոստ. 16էն կը սկսի։

ՎԱՐԻՉ

Հ. Գաբրիէլ Ծ. Վ. Մէնէվիշեան

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Մարտ 16, 2021, Իսթանպուլ

Ուրբաթ, Մարտ 19, 2021