«ՎԵՐԱԻՄԱՍՏԱՒՈՐԵԼ ԲԱՌԵՐԸ…»

Անցեալ տարիներու փորձառութիւնը եւ յատկապէս՝ համավարակն ու պատերազմը շատերս ստիպեցին վերանայիլ բազմաթիւ գաղափարներ եւ հասկացութիւններ։ Թուարկեմ անոնցմէ քանի մը հատը՝ «համամարդկային արժէքներ», «ժողովրդավարութիւն», «ազատականութիւն», «յառաջդիմութիւն-պահպանողականութիւն», «խաղաղութիւն», «հաշտութիւն»…։ Չէի ըսեր, որ այդ բառերը արժեզրկուած են, բայց՝ որ վերաիմաստաւորման կարիքն ունին՝ սա հաստատ է։

… Լրացաւ «արաբական գարնան» տասն տարին։ Ամէն ինչի կը սկսուէր՝ որպէս պայքար ժողովրդավարութեան համար։ Քատտաֆին եւ Էսատը, իսկ անոնցմէ առաջ՝ Սատտամ Հիւսէյինը բռնապետե՞ր էին։ Արեւմտեան չափանիշներու տեսանկիւնէն՝ անշուշտ։ Բայց արդեօք այդ բռնապետական վարչախումբերու տապալումէն կամ տապալման փորձէն շահեցա՞ն այդ երկիրներու ժողովուրդները։ Միանշանակ՝ ոչ։ Այդ պետութիւնները քայքայուած են, մխրճուած են քաղաքացիական եւ տարածքաշրջանային պատերազմներու մէջ, զոհուած են տասնեակ հազարաւոր մարդիկ, աշխարհով մէկ կը թափառին հարիւր հազարաւոր փախստականներ, ստեղծուած են բազմաթիւ ահաբեկչական բջիջներ։ Կրնա՞մ ես մտածել, որ գուցէ չ՚արժեր այդ երկիրներուն մէջ փորձել ժողովրդավարութիւն հաստատել՝ մանաւանդ, որ այդ բոլոր աղէտներով հանդերձ Իրաքը, Սուրիան եւ Լիպիան աւելի ժողովրդավարական չդարձան։ 2018 թուականի գարնան Հայաստանը ազատուեցաւ փտած, ամուլ վարչակազմէն։

Ուրախալի՞ փաստ է։ Այո՛, ի հարկէ։ Բայց յեղափոխութեան հետեւանքով իշխանութեան գլուխ եկաւ պատահական մարդ, որ կտրուած է իրականութենէն, բացարձակապէս գլուխ չի հաներ պետութեան ղեկավարումէն ու արտաքին քաղաքականութենէն եւ երկիրը հասցուց պատերազմի ու նուաստացուցիչ պարտութեան։ Ի դէպ, վարչակազմն ալ այդ բոլորէն յետոյ, մեղմ խօսքով, աւելի կենսունակ չդարձաւ։ Այժմ ես իրաւունք ունի՞մ կասկածներ յայտնելու այդ յեղափոխութեան անհրաժեշտութեան վերաբերեալ։

Հիմա՝ «խաղաղութիւնն» ու «հաշտութիւնը»։ Տեսականօրէն, այո, պէտք է ամէն ինչ ընել՝ հարեւաններու հետ հաշտութեան եզրեր գտնելու համար։ Բայց կայ պարտադիր պայման մը՝ հարեւաններդ պէտք է հաշտուին քու գոյութեան հետ այստեղ, այս հողին վրայ, ոչ թէ փափաքին քեզ այստեղէն, կոպիտ ըսած, «լարել»։ Անոնք չէին ուզեր, որ մենք ապրէինք Վանի եւ Պիթլիսի մէջ ու մենք չենք ապրիր։ Չէին ցանկանար, որ մենք ապրինք Նախիջեւանի մէջ եւ հասան այդ բանին։ Չէին ուզեր, որ մենք ըլլանք Շուշիի եւ Հադրութի մէջ ու այդ նպատակն ալ իրագործեցին (շնորհակալութիւն «ժողովուրդի իշխանութեան» եւ այն «ժողովուրդին», որ այս փաստին հանդէպ անտարբեր է)։ Հիմա անոնք մեզի փաստացի կ՚ըսեն՝ «թողէք, գնացէք Սիւնիքէն եւ Երեւանէն»։ Մեզի կը մնայ երկու տարբերակ. կա՛մ դիմադրել եւ մնալ, կամ ճամպրուկները հաւաքել եւ երթալ Քրասնոտարի կամ Կլենտէյլի ուղղութեամբ։ Սա իւրաքանչիւր հայաստանցիի ընտրութեան հարցն է։ Բայց ըսել, որ մեր հարեւանները խաղաղասէր են եւ անոնց հետ այժմ հնարաւոր է բարեկամանալ՝ սա արդէն, ինձ կը թուի, հոգեբանական փաթոլոժիի մը շարքէն է։ Կ՚երեւի, պատահական չէ, որ այդ փաթոլոժիները սկսած են զարգանալ «ժողովուրդի իշխանութեան» իսկ օրօք։

ԱՐԱՄ ԱԲՐԱՀԱՄԵԱՆ
Խմբագրական՝ Երեւանի «Առաւօտ» օրաթերթի

Շաբաթ, Մարտ 20, 2021