ԵՐԲ ՈՐ ԲԱՑՈՒԻՆ ԴՌՆԵՐՆ ՅՈՒՍՈՅ…

Արուարձանային թաղէ մը անցած ատենս, կիսանկուղային յարկէ մը, կենդանի երգեցողութեան ձայն լսեցի՝ «Երբ որ բացուին դռներն յուսոյ…»: Ապշած կեցայ, քանի որ վերջին շրջանին երգ չենք լսեր առհասարակ, իսկ այս երգը, մանաւանդ Հայաստանի մէջ չեմ լսած կենդանի կատարումով, կենցաղային վայրի մը մէջ, օրուայ տաղտուկ ժամի մը: Աչքս նետեցի նկուղէն դէպի փողոց բացուող պատուհանին՝ խումբ մը տղամարդիկ նստած էին, երկուքը կեցած եւ կ՚երգէին: Սեղանին լրագրի կտորներ փռուած էր, վրան՝ գորշ ալիւրէ հաց մը, ձկան պահածոյի տուփ մը, կիտրոն, ծխախոտ, ընկոյզ… Տղամարդոց մէկ մասը մօրուք ունէր. արուեստագէ՞տ էին, դժուար է ըսել: Ատենին միայն արուեստագէտներու շնորհն էր մօրուք ձգելը, այսօր ամէն մարդ մօրուք կը ձգէ. վերջին շրջանին սգաւորները շատցած են, անոնք ալ չեն սափրուիր: Եկուր ու գուշակէ, թէ որո՞նք են «Կիլիկիա» երգը հուժկու ձայնով երգողները, օրուան այս պահուն, այս արուարձանային թաղի կիսանկուղային սենեակին մէջ, ուր օդը կարծես կեցած էր, միակ պզտիկ պատուհանը հազիւ կարենար օդը ներս առաջնորդել, սակայն նոյն պատուհանը երգին հզօր ձայնը դուրս կը հանէր: Նախ որոշեցի երեք կիսաքանդուած, հողոտ աստիճաններէն իջնել, ներս մտնել եւ երգը մօտէն լսել. այնքան լաւ կ՚երգէին, բայց մտափոխուեցայ եւ ձգեցի իրենց երգին հետ, իրենց հոգիի ճիչին հետ, որ այս օրերուն բոլորս ունինք՝ «Երբ որ բացուին դռներն յուսոյ եւ մեր երկրէն փախ տայ ձմեռ…»:

Այնպիսի տպաւորութիւն մըն է, որ Հայաստանի մէջ տակաւին աշուն կամ ձմեռ է, ժամանակը կանգ առած է աշնան եւ ձմրան զգացողութիւններուն վրայ, մարդիկ նոյն գոց գոյներով հագուստները կը հագուին, սիրտ չունին գունաւորելու…

Երգին վայրէն հեռացայ, երգը մնաց անծանօթ շէնքի տարածքին…

*

Նոր Նորքի երկրորդ զանգուածին մէջ եմ եւ փոխադրակառքի կանգառէն կը լսուի քիչ անդին պաշտպանութեան նախարարութեան առջեւ խմբուած բողոքող մարդոց ձայնը: Չորս ամիս է չեն դադրիր այս շէնքին առջեւ բողոքող մարդոց ցոյցերը: Իրենց բողոքներուն գոհացուցիչ պատասխաններ չստանալով, անոնք խմբուած կերպով կ՚իջնեն կառավարութեան շէնքին քով, Կարմիր խաչի գրասենեակին առջեւ, յաջորդ օրը կրկին հոս կու գան, շիւար, մոլոր վիճակի մէջ կը թափառին քաղաքի մէկ շէնքէն միւսը, եւ ես միշտ կը մտածեմ՝ չորս-հինգ ամիս է՝ այս մարդիկ գործի չեն երթար, տունի երես ալ չեն տեսնիր, ինչպէ՞ս կը վաստկին, ինչպէ՞ս կ՚ապրին, ե՞րբ հանգիստ կ՚ընեն եւ յաջորդ օրը նորէն բողոքի կ՚երթան: Մարդկային ի՜նչ գերուժ պէտք է ոտքի կենալու եւ ամէն օր նոյն ճամբայէն քալելու…

Նախարարութեան շէնքին առջեւ հիմնական բողոքողները անհետ կորսուածներու հարազատներն են, որոնք կառավարութենէն կը պահանջեն իրենց զաւակները: Հազարաւոր տղաք մինչեւ հիմա չեն գտնուած: Ծնողքին ձեւով մը կը հասկցնեն, որ անոնք զոհուած են, անոնց մարմինները կամ անյայտ ու անանցանելի վայրերու, ձորերու մէջ են, կամ թռչող սարքերու հարուածներէն փոշիացած են, ատոր համար անկարելի է գտնել հետքերը: Ծնողքը, թէեւ կը լսեն այս խօսքերը, բայց հոգիին խորքը տակաւին յոյս ունին, որ իրենց զաւակը գերի է: Նոյնիսկ եթէ զոհուած է, անոնք կ՚աղերսեն, որ մարմինը ունենան, որ յուղարկաւորեն եւ ունենան գերեզման մը. «Դարձած ենք դիակ երազող ազգ մը », կը ճչայ մայր մը:

Բողոքողներու ուրիշ խումբ մը գերի ինկածներուն հարազատներն են: Անոնք հաստատուած տեղեկութիւններ ունին, որ իրենց զաւակը գերութեան մէջ է, կա՛մ ատրպէյճանական կողմի տարածած տեսանիւթերուն մէջ տեսած են կա՛մ Ատրպէյճանը հաստատած է իր քով եղող գերիներու ոչ մեծ ցուցակ մը, եւ Հայաստանը, Մարդու իրաւունքներու եւրոպական դատարանի միջոցով, կը ջանայ ետ բերել զանոնք: Հայ փաստաբանները գերիներու աւելի մեծ ցուցակ մը ներկայացուցած են Մարդու իրաւունքներու եւրոպական դատարանին, Ատրպէյճանը առայժմ կը խուսափի այդ մեծ ցուցակը հաստատելէ:

Պատերազմի աւարտէն ետք գերի ինկածները Ատրպէյճանը գերի չի նկատեր, այլ վնասագործ, խափանարար…

Մինչդեռ, միջազգային մարդասիրական իրաւունքի եւ բոլոր այն միջազգային համաձայնագրերուն համաձայն, որոնց միացած են Հայաստանն ու Ատրպէյճանը, հակամարտող կողմերը պէտք է վերադարձնեն բոլոր գերիները, պահուող անձերը, ինչպէս նաեւ՝ ջանք չխնայեն անհետ կորսուած անձերուն ճակատագրերը պարզաբանելու ուղղութեամբ։

Այս մարդիկ նաեւ Արցախ գացած են բազմաթիւ անգամներ, զինուորներուն, փրկարարներուն հետ սար ու ձորերու մէջ անձամբ փնտռած են իրենց զաւակները եւ ձեռնունայն տուն դարձած:

Նախարարութեան եւ կառոյցներուն դռներուն քով կայ բողոքողներու խումբ մը, որ կը պահանջէ դադրեցնել Արցախի մէջ իրենց որդիներուն զինուորական ծառայութիւնը եւ զանոնք վերադարձնել Հայաստան: Հակառակ որ պատերազմին աւարտը ազդարարող եռակողմ համաձայնագրին մէջ կար հայկական զօրքերը Արցախի տարածքէն դուրս բերելու համաձայնութիւն մը, բազմաթիւ զինուորներ, որոնք պատերազմի պահուն ծառայութեան մէջ էին, տակաւին կը պահուին հոն: Հարազատները չեն վստահիր գալիք օրերուն եւ կը պահանջեն իրենց զաւակները: Ձեւով մը իրաւունք ունին: Այսօր ոչ մէկը կը մեղադրէ միւսը, եթէ խօսքը կը վերաբերի մարդկային կեանքի ապահովութեան:

*

Վերջերս անծանօթ կինէ մը զանգ ստացայ: Ռուսաստան բնակող արցախցի երիտասարդ կին մըն է, որ կը փնտռէ պատերազմի ընթացքին կորսուած իր քոյրը եւ տեղեկանալով, որ լրագրող եմ, կը խնդրէ, որ մամուլին մէջ իր քրոջ մասին գրեմ: Զարմանալի է, քանի որ մինչեւ հիմա չէինք լսած, որ կորսուածներուն մէջ կին զինուոր կայ: Պատերազմի առաջին օրերուն տեղեկացանք քանի մը զոհուած կին զինծառայողներու մասին, տեղեակ ենք կին գերեվարուածներու մասին (որոնցմէ մին լիբանանահայ Մարալ Նաճարեանն է, որ մարտ 10-ին ազատ արձակուեցաւ Պաքուի բանտէն եւ տուն՝ Լիբանան հասաւ):

Անծանօթ կնոջ տուած անունը պրպտեցի կառավարութեան զանազան ցուցակներուն մէջ եւ անհետ կորսուածներու ցուցակին մէջ գտայ՝ Մուսայէլեան Իրինա Լաւրենտի, ծնած 1979 թուականին: Քոյրը կը պատմէ, որ Իրինան, ծնունդով Արցախի Մարտակերտ շրջանի Վաղուհաս գիւղէն է, զինորական ծառայող էր Արցախի Դրմբոն գիւղին մէջ տեղակայուած գումարտակին մէջ: Երբ պատերազմը սկսաւ, առաջին պահուն զայն պատերազմի դաշտ՝ Թալիշ տարած են՝ միասին ծառայող զինակիցներուն հետ: Պատերազմի առաջին օրը, երեկոյեան, հեռաձայնի կապը կտրուած է Իրինային եւ անոր չորս զինակիցներուն հետ: Ենթադրած են, որ զոհուած է, բայց քանի որ մարմինը չէ գտնուած, կը նկատուի անհետ կորսուած: Քոյրը կը զարմանայ, թէ ինչպէս կրնայ մարդ ընդմիշտ անհետ կորսուած ըլլալ, հետք մը անպայման պէտք է յուշէ անոր զոհուած կամ գերի ինկած ըլլալը:

Իրինային քոյրը կը փոխանցէ տեսանիւթ մը, ուր ատրպէյճանական կողմը ցուցակ մը ցոյց կու տայ, անուններ են, որոնք կամ կռուած են մինչեւ վերջ, կամ՝ ճար չունենալով, յանձնուած: Այդ ցուցակին մէջ կայ նաեւ իր քրոջ անունը եւ պարզ չէ՝ ան յանձնուա՞ծ է, թէ՞ մինչեւ վերջ կռուած: Իրինա Մուսայէլեանին մասին իր քրոջ տրամադրած տեղեկութիւնները եւ տեսանիւթը անմիջապէս կը փոխանցեմ Ազգային ժողովի երեսփոխաններու եւ գերիներու հարցերով զբաղող փաստաբաններուն: Օրեր ետք, կը տեղեկանամ, որ անոնք հետաքննութիւն սկսած են, եւ շուտով Իրինա Մուսայէլեանի անունն ալ պիտի ներգրաւուի հնարաւոր գերեվարուածներու ցուցակին մէջ, անոր հարազատներուն կողմէ դատական գործ պիտի կազմուի եւ ներկայացուի Մարդու իրաւունքներու եւրոպական դատարան:

Իրինա Մուսայէլեանի հայրն ու ամուսինը զոհուած են արցախեան առաջին պատերազմին ընթացքին եւ ընտանիքը կասկածներ ունի, որ այս տեղեկատուութիւնը հասանելի է Ատրպէյճանին եւ քանի որ Իրինան ինքն ալ զինուորական ծառայող է, ապա Ատրպէյճանը այս պատճառներով տեղեկութիւն չի տրամադրեր Իրինային մասին: Իրինա Մուսայէլեան, հակառակ երիտասարդ տարիքին (42 տարեկան), արդէն երեք թոռ ունի իր միակ որդիէն: Երրորդ թոռը վերջերս ծնած է, քոյրը կը շտապէ հաղորդել ուրախ լուրը եւ կը հաւատայ, որ քրոջ անունով դատական գործը բացած օրերուն անոր տղայ թոռը ծնած է, բարեբեր պիտի ըլլայ:

Կը յուզուիմ, կ՚ուրախանամ անծանօթ մարդոց սպասումներով եւ յոյսերով…

Այս ընտանիքը, լիբանանահայ Մարալ Նաճարեանի ազատ արձակուելէն ետք, ուժ եւ համարձակութիւն առաւ խօսելու իրենց կորսուած հարազատին մասին, յուսալով որ իրենց դուստրն ալ, եթէ գերի է, նոյն ձեւով ազատի եւ հասնի ընտանիքին եւ հարազատներուն: Մարալ Նաճարեան, որ չորս ամիս պահուեցաւ Պաքուի բանտին մէջ, ըսած է, որ իրեն հետ ոչ մէկ գերի եղած է, ինքը չորս ամիսը անցուցած է առանձնութեան մէջ, պզտիկ պատուհանէն դիտելով միայն թռչունները:

Մարալին ազատման հարցին մէջ մեծ դեր ունեցած են անոր ծննդավայր Լիբանանի կառավարութիւնը եւ հայկական կառոյցները, որոնք անդադար դիմած են Միջազգային Կարմիր խաչին, Մարդու իրաւունքներու եւրոպական դատարանին, պատերազմի դադրեցման եւ յետպատմերազմեան շրջանին դերակատարութիւն ստանձնած Ռուսաստանի կառավարութեան: Ի վերջոյ, բոլոր ջանքերը մէկտեղուած են եւ նկատի առնելով նաեւ Մարալին կին ըլլալը, կարելի դարձած է անոր ազատագրումը գերութենէն:

Գերիներու հարցով զբաղող հայ փաստաբանները այն համոզումը ունին, որ գերիներուն մէջ պէտք է ընտրել յատուկ խումբեր եւ թիրախային աշխատանք տանիլ զանոնք ազատ արձակելու ուղղութեամբ. օրինակ՝ կիները, ծերերը, հիւանդները աւելի խոցելի են եւ մարդասիրական իրաւունքը նախ անոնց օգտին կ՚աշխատի: Մարալ Նաճարեանէն զատ, ենթադրաբար երեք կին գերի եւս կայ Ատրպէյճանի մէջ: Անոնցմէ մին պատերազմի աւարտէն ետք Հայաստանէն կը վերադառնար իր գիւղը եւ ճամբուն գերեվարուած է իր ամուսինին եւ թաքսիի վարորդին հետ: Վարորդը գերիներու խումբի մը հետ յանձնուած է Հայաստանին, իսկ տարեց ամուսիններէն ոչ մէկ լուր կայ: Միւս երկու կիները մայր ու դուստր են, որ մինչեւ վերջին պահը դուրս չեն եկած Արցախի իրենց տունէն եւ ենթադրաբար գերեվարուած են: Ատրպէյճանը, սակայն, չէ հաստատած անոնց իր մօտ ըլլալը, բայց նաեւ այս մարդոց մարմինները չկան…

*

Փակ շղթայի մը մէջ յայտնուած է այսօր ձեւով մը ամէն մարդ: Շղթաներ կը զգանք մեր ոտքերուն, ձեռքերուն շուրջը եւ հոգիին մէջ: Կառավարութիւնը ոչ մէկ հարցի պատասխան ունի: Մինչեւ հիմա յայտնի չեն պատերազմի զոհերուն թիւերը: Հայաստանի Հանրապետութեան առողջապահութեան նախարարութիւնը հրապարակած է 3577 թիւը, կառավարութիւնը՝ 3250: Զոհերուն թիւը նոյնիսկ փնթի վիճակագրութիւն դարձած է: Այս թիւերուն մէջ չկան հիւանդանոցներուն մէջ պատերազմէն ստացած ծանր վիրաւորումներէն կեանք չվերադարձած եւ մահացած զինուորները: Այս թիւերուն մէջ չկան այն մօտաւորապէս երեք հարիւր մարմինները կամ մարմիններուն մասունքները, որոնք տակաւին ճանցուած չեն եւ կը գտնուին զանազան հիւանդանոցներու կամ մարմին պահող կեդրոններու մէջ: Այս թիւերուն մէջ չեն անհետ կորսուած հազարաւոր տղոց անունները:

Անհետ կորսուածներուն, գերեվարուածներուն, վիրաւորներուն եւ պատերազմի հետեւանքով դժբախտութեան առջեւ կեցած բոլորին ընտանիքները շղթայուած կեանքով կ՚ապրին, իսկ այսօր չկայ ընտանիք մը, որ ձեւով մը առընչուած չըլլայ պատերազմին, ուրեմն բոլորս շղթայուած ենք: Անդին կը լսենք կառավարութեան ղեկավարին եւ անդամներուն աւելորդ հռետորաբանութիւնը, ինքզինք չքմեղելու խօսքերը, անոնց հանդարտ ժպիտները, հայեացքները եւ անհոգ ապրելակերպը եւ մեր ոտքերուն եւ հոգիներուն շղթաները ա՛լ աւելի կ՚ ամրանան:

*

Եւ միայն երգն է, որ փրկօղակ կը դառնայ բոլոր շղթայուածներուն՝ «Երբ որ բացուին դռներն յուսոյ եւ մեր երկրէն փախ տայ ձմեռ…»:

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Երեւան

Երեքշաբթի, Մարտ 23, 2021