ՆՈՐ ՌԱԶՄԱՎԱՐՈՒԹԻՒՆ

Արեւմտեան Եւրոպայի Հայրապետական պատուիրակ եւ Վատիկանի մօտ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ մշտական ներկայացուցիչ Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեան վերջերս հարցազրոյց մը տուաւ «Նովոստի-Արմենիա» գործակալութեան։ Նորին սրբազնութիւնը այս առթիւ խորհրդածութիւններ ըրած է՝ հայաշխարհի առկայ ճգնաժամէն դուրս գալու հաւանական ուղիներուն եւ այս տեսակէտէ անհրաժեշտ գործողութիւններուն շուրջ՝ շեշտը դնելով նոր տեսլականի մը եւ նոր ռազմավարութեան մը կարեւորութեան վրայ։ Ստորեւ արեւմտահայերէնի վերածելով կը ներկայացնենք այս տեսակցութիւնը, որ յիշեալ գործակալութեան կողմէ թողարկուած է արեւելահայերէնով։

*

-Գերաշնորհ սրբազան հայր, նախորդ տարի 24 Ապրիլի կապակցութեամբ ձեր ուղերձին մէջ ըսիք, որ Հայոց ցեղասպանութեան զոհերը թոյլ տուին հայերուն՝ պահպանել իրենց ազգային ինքնութիւնն ու հաւատքը։ Վերջին պատերազմէն ետք մեզի համար աւելի քան կարեւոր է հասկնալ, թէ ո՞վ ենք մենք՝ որպէս ազգ։ 

-Այս հարցումը կարելի է բաժնել երկու մասի։ Հայոց ցեղասպանութեան սուրբ նահատակները, բնականաբար, իրենք որոշած են պահպանել իրենց սեփական հաւատքը, ինքնութիւնը, ազգային գիտակցութիւնը եւ պատրաստ էին անոր համար զոհուելու։ Եւ, ինչպէս գիտէք, անոնցմէ շատերը զոհուեցան։ Մեր սուրբ նահատակները կը գիտակցէին, թէ իրենց զոհողութեան գնով թոյլ կու տան, որ հայութիւնը պահպանուի։ 

Ինչպէս կ՚ըսէ Եղիշէ պատմիչը (Ե. դար)՝ խօսելով Սրբոց Վարդանանց նահատակութեան մասին. «Չգիտակցուած մահը մահ է, գիտակցուած մահը՝ անմահութիւն»։ Մենք իրենց երախտապարտ ենք այս բանին համար։

Ամենակարեւորն է, որ Աստուած մեզ ազատ ստեղծած է եւ օժտած է տարբեր շնորհքներով, բայց մե՛նք ենք պատասխանատուն մեր սեփական որոշումներուն եւ անոնց հետեւանքներուն համար։

Երբեմն, երբ մենք այս կամ այն քայլը կ՚առնենք եւ այն մեզ սխալ ուղղութեամբ կը տանի, կը սկսինք ասոր համար մեղադրել ուրիշները։ Բայց ինքնավստահ եւ իմաստուն մարդը ոեւէ մէկը մեղադրելէ առաջ, նախ պէտք է ինքնաքննութիւն ընէ, իր մէջ փնտռէ այս կամ այն արարքին պատճառը։

-Իսկ մենք ի՞նչ ճամբայ ընտրած ենք՝ որպէս ազգ։

-Հայոց ցեղասպանութեան նահատակները նախընտրեցին զոհուիլ, որպէսզի հայութեան կեանքը շարունակուի։ Ի հարկէ, շատ մը վայրերու մէջ տեղի ունեցան նաեւ ինքնապաշտպանական կռիւներ եւ հերոսական դիմադրութեան դրուագներ, որոնց մասին առասպելներ կան։ Ի հեճուկս դժուարութիւններու՝ հայութեան կեանքը կը շարունաուի։ Իսկ ձեր հարցումին երկրորդ մասը, թէ «Ո՞վ ենք մենք», ահաւասիկ, մենք միշտ պէտք է հարցնենք սա մենք մեզի։ Ինչպէս ըսած է Պօղոս առաքեալ. «Քննեցէք դուք ձեզ՝ տեսնելու, թէ նոյն հաւատքին մէ՞ջ էք»: (Բ. Կորնթ. 13:15) Թէ ո՞վ ենք մենք, մարդիկ այս հարցումին կրնան տարբեր ձեւով պատասխանել։

-Ըլլալով հոգեւոր հովիւ՝ Դուք ինչպէ՞ս կը պատասխանէք այդ հարցումին։

-1971 թուականէն ի վեր, որպէս հոգեւորական ծառայելու ամբողջ ընթացքին՝ ես հանդիպած եմ բազմաթիւ հայերու զանազան երկիրներու մէջ։ Անոնցմէ իւրաքանչիւրը ունի իր բացառիկ կերպարը։ Օրինակ՝ պատմական Արեւմտեան Հայաստանի մէջ, որ հիմա Թուրքիոյ տարածքին մաս կը կազմէ, կան հայկական գիւղեր եւ անոնց բնակիչները պահպանած են իրենց ազգային ինքնութիւնը։ Անոնք չեն գիտեր հայերէն, երբեմն նոյնիսկ թրքերէն, կը խօսին միայն քրտերէն, սակայն կը պահպանեն իրենց հայ-քրիստոնէական հաւատքը եւ ազգային գիտակցութիւնը։ Ինչպէս օրինակ՝ Սասնայ սարերը պատսպարած եւ եղեռնը վերապրած սասունցիները, որոնցմէ մէկ մասը Թուրքիոյ մէջ 1970-80-ականներու ազգային եւ կրօնական ճնշումներու սաստկացումին ժամանակ լքեց իր պատմական հայրենիքը։ Պոլսոյ երջանկայիշատակ պատրիարք Շնորհք Արքեպիսկոպոս Գալուստեանի աջակցութեամբ անոնց մէկ մասը վերաբնակուեցաւ Պոլիս։ Աւելի ուշ որոշ ընտանիքներ ցանկութիւն յայտնեցին տեղափոխուելու եւ բնակութիւն հաստատելու Հայաստան։

Իւրաքանչիւր անձ ինք կ՚որոշէ իր ո՛վ ըլլալը, իր ցեղային պատկանելիութիւնը։ Մեզմէ ոչ ոք կրնայ վստահ ըլլալ, թէ ինք «անխառն» հայ է։ Կը ճանչնամ ամերիկահայեր՝ խառն ամուսնութիւններէ, որոնք կը խօսին միայն անգլերէն, բայց իրենք զիրենք հայ կը համարեն, աշխուժօրէն կը մասնակցին համայնքային կեանքին եւ պատրաստ են օգտակար ըլլալու Հայաստանին՝ հնարաւորութիւններու ներած չափով։ Մինչ այդ, կան հայեր, որոնք կը տիրապետեն հայերէնին, բայց ուղղակի անտարբեր են  հայութեան ու Հայաստանի հանդէպ։ Այս բոլորը խիստ անձնական են։ Եւ այստեղ պէտք է շատ զգոյշ ըլլալ եւ խուսափիլ առաջին դէպքի մարդիկը պիտակաւորելէ՝ որպէս «օտարազգի», խոցելով անոնց հայ ըլլալու ինքնագիտակցումը։

-Այսինքն՝ հայ են անո՞նք, որոնք իրենք զիրենք հայ կը համարեն։

-Այո՛, բայց երեխաները կը դաստիարակեն ծնողները։ Մենք՝ որպէս ազգ, պէտք է ստեղծենք ինքնատիպ ուղեցոյց մը, թէ ինչպէ՛ս կ՚ուզենք նոր սերունդին մէջ զարգացնել հայկական ինքնութիւնը՝ հաշուի առնելով սփիւռքի գոյութիւնը։ Գիտենք, որ շուրջ 10 միլիոն հայէն մօտաւորապէս 7 միլիոնը կը բնակի Հայաստանի սահմաններէն դուրս։ Գիտակցելով այդ պէտք է մշակել ռազմավարութիւն մը՝ գալիք սերունդի հայեցի դաստիարակութեան, հայու նոր տիպարի ստեղծումին համար, տարբեր մօտեցումներ կիրարկելով Հայաստանի եւ սփիւռքի մէջ։ 

-Պահպանա՞ծ ենք արդեօք մեր ինքնութիւնը դարերու ընթացքին։

-Մեր որոշումն էր այդ եւ մենք որոշեցինք պահպանել։ Ինծի համար հայկական ինքնութեան ամենագեղեցիկ դրսեւորումներէն մէկը Վարդանանց ոգիի վեհութիւնն է, որ կ՚արտացոլացնէ մեր ազգային եւ հոգեւոր գիտակցութիւնը։ Իսկ Աւարայրի ճակատամարտը (451) հայ ժողովուրդի քրիստոնէական ոգիի անմահութեան խորհրդանշանն է։ Հրաժարելով ենթարկուիլ պարսիկներուն եւ ընդունիլ զրադաշտականութիւնը՝ հայերը միահամուռ կը պայքարին հայ հոգեւոր եւ ազգային կեանքի շարունակութեան համար։ Վարդանանց ազատամարտի բոլոր նահատակները սրբադասուած են Հայ Եկեղեցւոյ կողմէ։

Ազգային նոր հոգեկերտուածքի եւ հերոսական ոգիի ձեւաւորման համար անհրաժեշտ նախապայման դարձաւ այն մշակութային աննախադէպ վերելքը, զոր բնորոշեց  Հայոց պատմութեան «Ոսկէ դարը» (Ե. դար): Այդ նոյն ոգիով առաջնորդուելով որոշեցին շարունակել իրենց գոյութիւնը նաեւ Վարդանանց ժառանգորդները։ Իսկ մենք այսօր ի՞նչ կ՚ուզենք որոշել։

-Դուք եղած էք Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ ներկայացուցիչը տարբեր երկիրներու մէջ եւ շփուած էք աշխարհասփիւռ հայութեան հետ։ Կարելի՞ է խօսիլ հայութեան ամբողջականութեան մասին, թէ կենսապայմաններն ու միջավայրը անյաղթահարելի դարձուցած են տարբերութիւնն ու առանձնայատկութիւնները զանազան երկիրներու բնակիչ հայերու միջեւ։

-Ես ծնած եմ պատմական Հայաստանի Արաբկիր գաւառին մէջ։ Մեծցած եմ Պոլիս, ուր հայկական վարժարաններու մէջ նախնական կրթութիւն ստանալէ ետք ուսումս շարունակած եմ Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքութեան հոգեւոր ճեմարանին մէջ։ Աւարտելէ ետք ձեռնադրուած եմ հոգեւորական՝ դառնալով Հայ Եկեղեցւոյ սպասաւոր։ Այնուհետեւ բարձրագոյն ուսումս շարունակած եմ եւրոպական կամ ամերիկեան տարբեր համալսարաններու մէջ։  Շուրջ 35 տարի ծառայած եմ Հայ Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան թեմին մէջ։ Տարբեր երկիրներու մէջ ականատես եղած եմ սփիւռքահայութեան եռանդուն կեանքին։ Ուշագրաւ է, որ հայերը ուր ալ երթային, առաջինը եկեղեցի կը կառուցէին։ Սինկափուրի մէջ առաջին քրիստոնէական եկեղեցին հայկական է։ Թէ՛ Չինաստանի, թէ՛ Հնդկաստանի եւ թէ այլ երկիրներու մէջ հայերը եկեղեցիներ կը կառուցէին եւ անոնց կողքին՝ դպրոցներ։ Այդ բոլորը շատ անգամ զրկանքներու, օր ու գիշեր աշխատելու գնով ձեռք կը բերուէին։ Այդ եկեղեցիներուն եւ վարժարաններուն միջոցաւ ալ հայերը կրցան սփիւռքի մէջ պահպանել իրենց ինքնութիւնը։ 

-Այսինքն եկեղեցին ու դպրո՞ցը կը միաւորեն արտասահմանաբնակ հայերը։ 

-Հայ Եկեղեցին, ուսումնական եւ ազգային հաստատութիւնները հնարաւորինս կը պահպանեն հայկական կեանքի շարունակութիւնը։ Սփիւռքի իւրաքանչիւր համայնք ունի իր ինքնուրոյն կերպարը։ Եւ սա լաւ է։ Տարբեր երկիրներ բնակելու մեր փորձը ու բնիկներու հոգեբանութիւնը հասկնալը կրնայ մեզի օգտակար ըլլալ։ Օրինակ՝ հանգուցեալ գործարար եւ ազգային մեծ բարերար Գէորգ Յովնանեան, զոր ես շատ լաւ կը ճանչնայի, ծնունդով Իրաքէն էր։ Ան յաջողութիւններու հասած էր հոն, բայց 1958 թուականին տեղի ունեցած յեղաշրջումէն վերջ տեղափոխուած էր ԱՄՆ, ուր ստեղծած էր շինարարական ընկերութիւն մը։ Երբ խնդիրներ սկսան Իրաքի հետ եւ 2002-ին ԱՄՆ-ի քոնկրէսը որոշեց զինուորական ուժեր գործուղղել այնտեղ, ըլլալով ազդեցիկ հանրապետական մը՝ Յովնանեան նախագահ Պուշին նամակ մը գրեց՝ զգուշացնելով հաւանական բարդութիւններէ, որովհետեւ լաւ կը ճանչնար Իրաքը։ Եւ անոր կանխատեսումը արդարացաւ: Հայերը կը բնակին տարբեր երկիրներու մէջ եւ լաւ համարկուած են հասարակութեան ընկերային կառուցուածքին, այս բանը իրենց թոյլ տուած է ձեռք բերելու համակեցութեան փորձառութիւն եւ տուեալ երկրին մասին խոր իմացութիւն: Իսկ սա կրնայ օգտակար ըլլալ ո՛չ միայն մեզի՝ հայերուս, այլեւ՝ ամբողջ աշխարհին համար։ Մեր պատմութեան մէջ այս երեւոյթի բազմաթիւ օրինակները կան։

-Իսկ կրնա՞ն այդ հայերը օգնել Հայաստանին այս պատմական ծանրագոյն պահուն, որ մենք հիմա կ՚ապրինք։

-Անխօս։ Ես ականատես եմ, թէ սփիւռքահայութիւնը ի՛նչ ջանքեր գործադրած է եւ կը գործադրէ իր հայրենակիցներուն օգնելու համար։ Վերջին օրինակը Արցախի պատերազմի ընթացքին եւ յետպատերազմեան շրջանին ցուցաբերուած բացառիկ զօրակցութիւնն է, որ արտայայտուեցաւ բոլոր համայնքներուն մէջ կազմակերպուած հանրահաւաքներով եւ հանգանակութեամբ՝ ի նպաստ «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամին։ Ընդհանրապէս, անկախութենէն ի վեր Հայաստանին օգնելու նախաձեռնութիւնները սփիւռքի մէջ նոր թափ առած են։

-Ես նկատի չունիմ նիւթականը։ Անոնք պատրա՞ստ են արդեօք վերադառնալու Հայաստան եւ կառուցելու պետութիւն։

-Ի հարկէ: Լաւագոյնը հրէական նախօրինակն է։ Իսրայէլ սկիզբին փոքր պետութիւն մըն էր, բայց երբ ան սկսաւ զարգանալ տնտեսութեան, քաղաքականութեան, մշակոյթի ոլորտներուն մէջ, տարբեր երկիրներէ՝ նախկին Սովետական Միութենէն, հեռաւոր Եթովպիայէն եւ նոյնիսկ Միացեալ Նահանգներէն աճեցաւ հրեաներու ներգաղթը, որ կը շարունակուի մինչեւ օրս։

-Աւելի քան դարէ մը ի վեր Ցեղասպանութեան փաստը եղած է աշխարհասփիւռ հայութիւնը կապող օղակը, անոր շփման կէտը։ Չէ՞ք կարծեր, որ ան պատճառ դարձած է զոհի բարդոյթի զարգացման, ինչ որ յանգեցուց պարտուողական տրամադրութիւններու։

-Ես բազմիցս ըսած եմ ու կը կրկնեմ, որ մենք պէտք է գտնենք զոհի հոգեբանութենէն ազատելու ուղիներ։ Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին Հայ Առաքելական Եկեղեցին Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ կատարեց նահատակներու սրբադասման կարգը։ Այդ մէկը դարձաւ լաւագոյն առիթը՝ ըմբռնելու այդ նահատակութեան արժէքը եւ հզօրութիւնը։ Զոհի հոգեբանութիւնը կը տկարացնէ թէ՛ մարդը, թէ՛ ազգը, կը կապէ ձեռքերը։ Մենք պէտք է ազատինք այդ բանէն, որպէսզի թեւեր ձեռք բերենք թռիչք առնելու համար։ 

-Մենք պէտք է մենք մեզի ըսե՞նք, որ հերոս ազգ ենք, որովհետեւ դարերով կրցած ենք պայքարիլ մեր սեփական ինքնութեան համար։

-Ի հարկէ։ Վարդան Մամիկոնեանի յետնորդները հերոսներ են, որովհետեւ զոհուած են սեփական հայրենիքի եւ հաւատքի համար։ Նոյնը ըրած էին Հայոց ցեղասպանութեան զոհերը։ Անոնք կրնային ուրիշ որոշում մը ընդունիլ (ոմանք այդպէս ալ ըրած են), բայց մնացին անպարտելի։ Անոնք ունէին խիզախութիւն եւ ուժ, ինչ որ մեզի համար անհրաժեշտ է։ Մենք պէտք է չափաւորենք ցեղասպանութեան նիւթի շօշափումը երիտասարդ սերունդի դաստիարակութեան ընթացքին։ Բնականաբար, ան մեր պատմութեան մէկ մասն է եւ մենք պէտք է ջանքեր գործադրենք արդարութեան հաստատման եւ նման անմարդկային ոճրագործութիւններու կանխարգելման համար։ Բայց մենք ունինք հազարամեակներու հարուստ ու բացառիկ պատմութիւն մը, որով անոնք պիտի հպարտանան, այլ ոչ թէ տառապին զոհի բարդոյթէ։

-Վերջ ի վերջոյ մենք կրցա՞նք այնպէս մը ընել, որ հայութիւնը ջնջելու նպատակը ձախողի։ Մենք կանք, մենք կը գոյատեւենք։

-Ի հարկէ եւ սա մե՛ր որոշումն էր։

-Մենք երկար ճամբայ անցած ենք՝ որպէս ժողովուրդ, որ առաջինը ընդունած է քրիստոնէութիւնը պետական կրօն։ Վերջին տարիներուն ճիշդ կը զարգանա՞նք հոգեւոր տեսակէտէ։

-Իւրաքանչիւր ժամանակ որոշ հնարաւորութիւններ կ՚ընձեռէ եւ ունի իր մարտահրաւէրները։ Մենք կ՚ըսենք, որ առաջին քրիստոնեայ ազգն ենք։ Սա մեր ժողովուրդի իմաստութեան արտայայտութիւնն է։ Այն ժամանակ, երբ ամբողջ աշխարհ կը դատապարտէր ու կը հալածէր քրիստոնեաները, մենք ընդունեցինք Քրիստոսի հաւատքը, ուխտն ու ճշմարտութիւնը՝ որպէս պետական գաղափար։ Նոյնինքն այս երեւոյթին մէջ է մտքի սրութիւնն ու խոր գիտակցումը։ Սա մեր ժողովուրդի բնաւորութեան լաւագոյն դրսեւորումն է։ Մեր ժողովուրդը առաւ այդ քայլը աւելի քան 1700 տարի առաջ, ինչ որ դարձաւ մեր ինքնութեան խարիսխը։ Այսօր կ՚ուզե՞նք հաւատարիմ մնալ այդ արմատներուն, թէ հեռանալ անոնցմէ։

-Բայց մենք կը շարունակե՞նք դաւանել հիմնական քրիստոնէական արժէքները։

-Ըստ իս, 19-րդ դարու վերջէն սկսեալ՝ Եւրոպայի աշխարհիկացման գործընթացը, ապա համայնավար գաղափարախօսութիւնը եւ արդի ժամանակաշրջանի համաշխարհայնացումը եւ «ազատ հասարակութեան» գաղափարը կը յանգեցնեն, որ մենք հեռանանք մեր ակունքներէն։ Կարելի է ընդօրինակել այն, ինչ որ կը նպաստէ մեր ազգի յառաջընթացին, բայց նկատի ունենալով մեր ազգային ինքնութեան առանձնայատկութիւնները։

-«Թաւշեայ» յեղափոխութենէն ետք Հայաստանի մէջ հասարակութեան որոշ շրջանակներ սկսան հետապնդումներ իրականացնել Եկեղեցւոյ դէմ։ Չէ՞ք կարծեր, որ սա կը քայքայէ ո՛չ միայն հոգեւորականութեան, այլեւ՝ պետութեան հիմքերը, ինչ որ յղի է նորանոր կորուստներու։

-Դարեր շարունակ եկեղեցի-պետութիւն համագործակցութեամբ կրցած ենք յաղթահարել ամէն դժուարութիւն եւ շարունակել մեր գոյութիւնը։ Պատմութեան զանազան փուլերուն հայ հոգեւորականութիւնը եւ հայոց բանակը կրցան միատեղ պաշտպանել հայ ինքնութիւնը։ Եւ այդպիսի օրինակները շատ են՝ վկայելով հոգեւորականութիւն եւ պետականութիւն համագործակցութեան դրական արդիւնքներուն մասին։ Այսօր մենք պիտի որոշենք, թէ կ՚ուզե՛նք հաւատարիմ մնալ այդ դաշինքին։

-Հայ հոգեւորականութիւնը միշտ մեծ դերակատարութիւն ունեցած է հայ ժողովուրդի կեանքին մէջ։ Անոնք ո՛չ միայն հոգեւոր արժէքներու պահապաններն էին, ուսուցիչներ, պատմաբաններ, այլեւ յաճախ զէն ի ձեռին պայքարած են՝ պաշտպանելով հայրենի հողը։ Չէ՞ք կարծեր, որ տարիներու ընթացքին նուազած է եկեղեցւոյ դերը հայ ժողովուրդի կեանքին մէջ եւ եկեղեցւոյ ու հոգեւոր համայնքին միջեւ չկայ երկխօսութիւն։

-Եկեղեցին միայն հոգեւորականը չէ։ Պօղոս առաքեալը Կորնթացիներուն ուղղուած իր առաջին նամակին մէջ (Ա. Կորնթ. 12:12-27) եկեղեցին շատ գեղեցիկ ձեւով կը համեմատէ մարմնի մը հետ, որուն գլուխը Քրիստոսն է, իսկ բոլոր մկրտուածները՝ միւս մասերը։ Արդեօք կրնա՞մ ըսել, որ մատը աւելի կարեւոր է ականջէն։ Ամէն մէկը ունի իր ուրոյն դերը։ Մարմնի մասերը ներդաշնակ հաղորդակցելով՝ մարմինը առողջ կը պահեն։ Եւ այդ կապը այդ համագործակցութիւնը եկեղեցւոյ առողջ ըլլալու գրաւականն են։ Այսօր առարկայականօրէն պէտք է քննել այդ կապը, հասկնալ ի՛նչ մակարդակի վրայ է այն։ Այդ համագործակցութեան լիարժէք իրականացումը օգտակար է համայն ազգին։

-Այսինքն մենք բոլորս մեղաւո՞ր ենք։

-Այստեղ մեղաւորութեան հարց չէ։ Եթէ ներկայ ժամանակաշրջանին յառաջացած են եկեղեցւոյ տարբեր անդամներուն միջեւ համագործակցութեան որոշ հարցեր, պէտք է զանոնք լուծելու համար միջոցներու ձեռնարկել։

-Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը կոչ ըրաւ, որպէսզի Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան հրաժարի՝ քաղաքական ճգնաժամը կարգաւորելու համար։ Ձեր կարծիքով՝ ինչպէ՞ս կրնայ լուծուիլ այս ճգնաժամը, ի՞նչ պէտք է ընել։

-Իւրաքանչիւր հայ, անկախ քաղաքական պատկանելիութենէն եւ բնակութեան վայրէն, կը հասկնայ, որ ծանր ժամանակներ են եւ իրավիճակը խճճուած է։ Մենք պարտուեցանք պատերազմի մէջ, կորսնցուցինք տարածքներ եւ ունեցանք զոհեր։ Բնականաբար, այդ բոլորը յանգեցուցած են հոգեբանական ցնցումի։ Մարդիկ զայրացած են, շփոթութեան մէջ են, հիասթափուած են, զիրար կը մեղադրեն։ Այդ պատճառով մենք պէտք է կանգնինք եւ պահ մը խորհինք։ Պէտք է վերագտնենք մեր  հաւատքը եւ յոյսը ապագայի նկատմամբ։ Հաւատքը եւ յոյսը անձը եւ ազգը՝ մեզ կ՚ուղղորդեն դէպի հրաշագործութիւններ։ Ներկայիս զանազան երկիրներու, ինչպէս նաեւ Հայաստանի մէջ կան համաշխարհային մակարդակի խելացի, գիտակ եւ յաջողակ հայեր, որոնք պէտք է համախմբել Հայաստանի եւ Արցախի շուրջ։ Կը կարծեմ՝ նման առաջարկ մը եղած է Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան կողմէ։ Գրեթէ նոյնը առաջարկած է Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահը։ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը նոյնպէս հանդէս եկած է իշխանութիւններուն ուղղուած կոչով մը։ Բայց, ցաւօք, դեռ կարելի չէ եղած իրագործել այդ մէկը։ Պէտք է միասնաբար ստեղծել յստակ տեսլական մը, թէ ինչպիսի՛ Հայաստան եւ սփիւռք կ՚ուզենք։ Ընդհանուր համաձայնութեան հասնելէ վերջ կը մշակուի ռազմավարութիւն՝ այդ տեսլականը իրականացնելու համար։ Անցեալին որոշ օգտակար փորձեր եղած են այս աշխատանքի կազմակերպման ուղղութեամբ, բայց շարունակութիւն չեն ունեցած։ Վերստին որպէս օրինակ բերեմ հրեաները։ Անոնք տարիներ առաջ մշակած էին յստակ տեսլական եւ ռազմավարութիւն՝ զայն իրականացնելու համար։ Ի մասնաւորի, անոնք կ՚երազէին վերադառնալ Երուսաղէմ… Մեր ազգի առաջնորդները պէտք է համախմբուին հիմա եւ հանդէս գան այս իրավիճակի հանգուցալուծման ուղղութեամբ եւ խօսքը բնաւ ներքին քաղաքական, իշխանական հարցերու մասին չէ։ Վստահ եմ, թէ միայն համախորհուրդ պէտք է յաջողինք։

-Երկու հազար տարի կը կրկնէին՝ յաջորդ Ամանորը Երուսաղէմի մէջ։

-Այո՛, հետեւաբար, անոնց տեսլականը յստակ էր։ Սեփական ծրագրի հիման վրայ անոնք հասան իրենց նպատակին։ Մենք ալ պէտք է աշխատինք ծրագիրով։ Վստահ եմ, թէ այդ ժամանակ կը հասնինք յաջողութեան։

-Մեր գործակալութիւնները սկսած են «Հայաստան. ապագայ կա՛յ» յատուկ նախագծին, որու հիմնական նպատակն է գտնել ճգնաժամէն դուրս գալու ուղիներն ու մարդոց մէջ սերմանել հաւատք ապագայի նկատմամբ։ Եւ ես չեմ կրնար չհարցնել՝ Դուք կը հաւատա՞ք Հայաստանի ապագային։ Մեր երկիրը դարձեալ ոտքի պիտի կանգնի՞ եւ պիտի յաջողի՞ յաղթահարել աղէտին հետեւանքները։

-Ի հարկէ, կը հաւատամ։ Հակառակ պարագային չէի շարունակեր մնալ հայ հոգեւորական։ Ո՛չ միայն կը հաւատամ, այլեւ պատրաստ եմ օգնելու իմ համեստ հնարաւորութիւններու չափով, որպէսզի այդ բոլորը կարելի դառնան։ Հաւատքով, յոյսով եւ սիրով կարելի է անցանկալի իրավիճակները բարելաւել։ Կ՚աղօթեմ, որ իրականանայ այդ բանը։

Ուրբաթ, Մարտ 26, 2021