ՄԱԿ-Ի ՄՕՏ ՊԱՔՈՒԻ ԿՈՂՄԷ ՀԵՐԹԱԿԱՆ ՓԱՍՏԱԹՈՒՂԹԸ
Թէեւ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութիւնը յարաբերաբար սառեցեալ վիճակի մը մէջ կը գտնուի, սակայն հայ եւ ազէրի կողմերուն միջեւ լայնածաւալ դիւանագիտական պայքար մը կ՚ընթանայ միջազգային կազմակերպութիւններուն մօտ։ «Ազատութիւն» ռատիօկայանի հաղորդումներով, Պաքու ՄԱԿ-ի անվտանգութեան խորհուրդին մօտ շրջանառութեան մէջ դրած է հերթական փաստաթուղթը, որ սադրանք ու զրպարտանք կը համարուի Երեւանի կողմէ։
ՄԱԿ-ի անվտանգութեան խորհուրդին մօտ Ատրպէյճան շրջանառութեան մէջ դրաւ 47 էջէ բաղկացեալ փաստաթուղթ մը, ուր ցուցակագրուած են հայկական կողմին դէմ մեղադրանքներ։ Ըստ ազէրի կողմին, Մարտ ամսուան ընթացքին հայկական կողմը աւելի քան 1200 անգամ խախտած է հրադադարը սահմանի եւ շփման գծի երկայնքին։ Նոյն պնդումներով, հրադադարի խախտման հետեւանքով նոյն ժամանակահատուածին վիրաւորուած է ինն ու զոհուած չորս ազէրի զինուոր։
Հայկական կողմը շինծու կը համարէ Պաքուի կողմէ պաշտօնապէս յառաջ քշուած այս մեղադրանքները։ ԱՄՆ-ի մօտ Հայաստանի փոխ-դեսպան Հրաչեայ Թաշճեանի խօսքերով՝ ՄԱԿ-ի մօտ շրջանառութեան մէջ դրուած Ատրպէյճանի նամակը սադրանք ու զրպարտանք է։ «Միակ նպատակն է տարածել ապատեղեկատուութիւն եւ ապա կողմնորոշել միջազգային հանրութիւնը», ըսաւ ան եւ աւելցուց, թէ հայկական կողմը աշխուժօրէն իր քաղաքական դիրքորոշումը կը ներկայացնէ միջազգային բոլոր խոշոր հարթակներուն վրայ, ներառեալ ՄԱԿ-ը։ «ՄԱԿ-ի մօտ Հայաստանի ներկայացուցչութիւնը մեր դիւանագիտական օղակներէն առաւել աշխուժն է ու կը յաջողի ճշգրիտ տեղեկատուութիւն փոխանցել միջազգային հանրութեան», ըսաւ Թաշճեան եւ աւելցուց, թէ հայկական կողմը կը ջանայ արձանագրեալ խախտումներու մասին առաւել մանրամասն զեկոյցներ ներկայացնել միջազգային հանրութեան։ «ՄԱԿ-ի մօտ մեր ներկայացուցչութիւնը Ատրպէյճանի կողմէ հրադադարի խախտման բոլոր դէպքերու մասին գրեթէ ամէն ամիս համապատասխան տեղեկատուութիւն կը տարածէ», ըսաւ Թաշճեան։
«Ամերիկայի ձայն» ռատիօկայանի հայկական ծառայութիւնը փորձած է այս հարցին շուրջ տեղեկատուութիւն ստանալ նաեւ ազէրի կողմէն, սակայն Ուաշինկթընի մօտ Ատրպէյճանի դեսպանատան աղբիւրները հրաժարած են որեւէ մեկնաբանութիւն տալէ։
Մեկնաբաններու կարծիքով, Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի դիւանագիտական հակամարտութիւնը ՄԱԿ-ի մօտ պիտի շարունակուի մինչեւ Սեպտեմբեր։ Նիւ Եորքի մէջ Սեպտեմբերի 15-ին պիտի բացուի ՄԱԿ-ի ընդհանուր ժողովի 70-րդ նստաշրջանը, որուն պիտի մասնակցին նաեւ Հայաստանի Նախագահ Սերժ Սարգսեան եւ Ատրպէյճանի Նախագահ Իլհամ Ալիեւ։ Ըստ իրենց, սա միեւնոյն ժամանակ կրնայ հանդիսանալ անոնց հերթական հանդիպման լաւագոյն առիթը։