ՎՍՏԱՀՈՒԹԵԱՆ ՄԻՋՈՑՆԵՐ
Կիպրական հիմնախնդրի կարգաւորման ուղղեալ բանակցութիւնները վերսկսած են, իսկ կղզիէն հասած լուրերը այս հանգրուանին կը ներշնչեն բաւական լաւատեսութիւն։ Արդարեւ, Հիւսիսային Կիպրոսի Թուրք Հանրապետութեան նախագահ Մուսթաֆա Աքընճը եւ Յունական Կիպրոսի ղեկավար Նիքոս Անաստասիատիս համաձայնութեան հասած են՝ փոխադարձ վստահութեան ամրապնդման ուղղեալ շարք մը միջոցներու շուրջ։
«Անատոլու» գործակալութեան հաղորդումներով, Մուսթաֆա Աքընճը եւ Նիքոս Անաստասիատիս մէկտեղուեցան ՄԱԿ-ի բարի կամքի առաքելութեան գրասենեակին մէջ, որ կը գտնուի կղզիի չէզոք հատուածէն ներս։ Տեսակցութեան տանտէրն էր ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի Կիպրոսի գծով յատուկ խորհրդական Էսփէն Պարթհ Էյտ։ Երէկուան բանակցութիւնները տեւեցին շուրջ չորս ժամ։ Ներկայ էին նաեւ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի Կիպրոսի գծով յատուկ ներկայացուցիչ Լայզա Պաթընհայմ, ինչպէս նաեւ թրքական կողմի բանագնաց Էօզտիլ Նամի եւ յունական կողմի բանագնաց Անտրէաս Մաւրոեիաննիս։ Հանդիպումէն վերջ Էյտ հանդէս եկաւ յայտարարութիւնով մը, որու ընթացքին նշեց, թէ ղեկավարները պիտի շարունակեն իրենց նպաստը բերելու՝ երկու հաւաքականութիւններով, երկու հատուածով դաշնակցութեան մը ձեւաւորման ուղղեալ նպաստաւոր մթնոլորտին։
Աքընճը եւ Անաստասիատիս յառաջիկայ շրջանին պիտի շարունակեն ունենալ իրերայաջորդ հանդիպումներ։ Անոնք նախ պիտի մէկտեղուին Յունիս 17-ին եւ Յունիս 29-ին։ Իրենց խտացեալ բանակցութիւնները պիտի շարունակուին նաեւ Յուլիսի 10-ին եւ 27-ին։
Ըստ Էյտի բացատրութիւններուն, ղեկավարները համաձայնութեան հասած են հիմնական հինգ կէտերու վրայ։ Այս ծիրէն ներս աշխատանքներու պիտի ձեռնարկուին, որպէսզի կողմերու միջեւ բացուին աւելի շատ թիւով անցակէտեր։ Բաց աստի, ղեկավարները համաձայնած են, որպէսզի գործնական քայլեր առնուին կղզիի ելեկտրական ուժանիւթի կեդրոններու միացման համար։ Բջիջային հեռախօսներու պարագային ալ ապահովուած է համաձայնութիւն մը, որպէսզի կղզիի երկու հատուածներուն մէջ եւս հնարաւոր դառնայ անոնց օգտագործումը։ Ղեկավարները պայմանաւորուեցան, որպէսզի քայլեր առնուին՝ կղզիէ ներս ձայնասփիւռի յաճախականութիւններու խաչաձեւումներու կանխարգիլման համար։ Ի լրումն այս բոլորին, անոնք համաձայնութեան հասած են սեռերու հաւասարութեան նիւթին շուրջ կոմիտէի մը ստեղծման համար։ Նկատի ունենալով, որ անոնք իրենց նախորդ հանդիպման ընթացքին պայմանաւորուած էին ստեղծել մշակոյթի կոմիտէ մը, երէկուան տեսակցութեան ժամանակ փոխանակեցին նաեւ այդ կոմիտէներու անդամներուն անուանացանկը։
Աքընճը եւ Անաստասիատիս համաձայնութեան հասան, որպէսզի վստահութեան ամրապնդման նպատակին ուղղեալ հաւանական միջոցները պրպտուին եւ ներկայ ընթացքը խորանայ։