ՀԱՆԳԻՍՏ՝ ՄԽԻԹԱՐԵԱՆ ՄԻԱԲԱՆՈՒԹԵՆԷՆ ՀԱՅՐ ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ՎՐԴ. ՊԶՏԻԿԵԱՆԻ

Խոր ցաւով վերահասու եղանք, թէ Մխիթարեան միաբանութեան երիցագոյն անդամներէն Հայր Յարութիւն Վրդ. Պզտիկեան երէկ ի Տէր հանգած է Փարիզի մէջ։ Հայաստանի տեղւոյն դեսպանութիւնը եւ ֆրանսահայ զանազան կազմակերպութիւններ բօթը կայծակնային արագութեամբ տարածեցին ընկերային ցանցերու միջոցաւ, ինչ որ մեծ ցաւ յառաջացուց հայաշխարհէ ներս։ Կեանքի վերջին տարիներուն Հայր Յարութիւն Վրդ. Պզտիկեան կը պաշտօնավարէր՝ որպէս Սեւրի Սամուէլ-Մուրատեան երբեմնի վարժարանի տնօրէնը։ Թէեւ ան վաղուց դադրած է կրթական օճախ մը ըլլալէ, սակայն ընդարձակ համալիրը կ՚օգտագործուի զանազան ընկերամշակութային նպատակներով եւ Հայր Յարութիւն Վրդ. Պզտիկեան այդ տարածքի պահապանն ու վերահսկիչն էր երկար տարիներէ ի վեր։

84 տարեկան հասակին երկրաւոր կեանքէ հեռացած Հայր Յարութիւն Վրդ. Պզտիկեան ծաւալած էր բազմակողմանի գործունէութիւն։ Կրթական ոլորտէ ներս ունեցած մեծ ներդումին առընթեր ան ծանօթ էր՝ որպէս աստուածաբան, արուեստաբան, գեղանկարիչ, փիլիսոփայութեան ու արուեստի տոքթոր։ Հայր Յարութիւն Վրդ. Պզտիկեան երէկ իր մահկանացուն կնքած է Մխիթարեան միաբանութեան Սամուէլ-Մուրատեան վարժարանի յարկէն ներս, իր աշխատասենեակին մօտ։ Բոլոր անոնք, որոնք կը սգան իր կորուստը, կը յայտնեն՝ թէ մինչեւ վերջին պահը վարդապետը աղօթած է, աշխատած եւ ստեղծագործած յանուն հայ ազգի, Հայաստանի եւ յանուն բարիի։

Հայր Յարութիւն Վրդ. Պզտիկեան 27 յուլիս 1937 թուականին ծնած էր Պէյրութի մէջ։ Տեղւոյն Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ ճեմարանը աւարտելէ վերջ, 1950 թուականէն սկսեալ ուսում ստացած էր Մխիթարեան միաբանութեան Վենետիկի վանքի վարժարանին մէջ։ Հռոմի համալսարանէն ներս ուսանած էր փիլիսոփայութիւն, աստուածաբանութիւն եւ հոգեւոր երաժշտութիւն։ Հռոմի Գրիգորեան համալսարանէն ստացած էր փիլիսոփայութեան եւ աստուածաբանութեան տոքթորի կոչում։ 1962  թուականին ձեռնադրուած էր վարդապետ։ Երկու տարի ուսանած էր Վենետիկի Գեղարուեստի ակադեմիայի մէջ։

Հոգեւոր եւ ստեղծագործական աշխատանքներուն զուգահեռ՝ Հայր Յարութիւն Վրդ. Պզտիկեան կեանքի կոչած էր նաեւ խմբագրական աշխատանք։ Եղած էր Հալէպի Մխիթարեան վարժարանի տնօրէն, դասաւանդած էր հայկական զանազան կրթօճախներէ ներս։ Բազմաթիւ գիրքերու հեղինակ էր՝ հայերէնով եւ օտար լեզուներով։ Դասաւանդած էր նաեւ Փարիզի Սամուէլ-Մուրատեան վարժարանին մէջ, եղած էր Մխիթարեան միաբանութեան «Բազմավէպ» պաշտօնական պարբերաթերթի խմբագրապետը։ Գրականագիտական, հայագիտական, արուեստի եւ մանկավարժութեան վերաբերեալ հայերէնով եւ օտար լեզուներով զանազան աշխատութիւններ կատարած էր։ 2018 թուականին, Ֆրանսախօսութեան միջազգային կազմակերպութեան Երեւանի մէջ կազմակերպուած գագաթաժողովի շրջանակներէն ներս, «Նարեկացի» արուեստի միութեան յարկին ներքեւ հանդէս եկած էր դասախօսութիւնով մը, որ նուիրուած էր «Նափոլէոն Պոնափարթի կապը Մխիթարեան միաբանութեան հետ» նիւթին։

Աստուած լուսաւորէ հոգին։

Երկուշաբթի, Ապրիլ 12, 2021