ՊԷՇԻԿԹԱՇԻ ՔԱՂԱՔԱՊԵՏԱՐԱՆԸ ՅԱՄԱՌ ՊԱՅՔԱՐ ԿԸ ՄՂԷ ՀԱՄԱՃԱՐԱԿԻ ՇՐՋԱՆԻՆ

Ամբողջ աշխարհի եւ բովանդակ Թուրքիոյ մէջ քորոնաժահրի համաճարակին դէմ յամառ պայքարը կը շարունակուի։ Հարցը մէկ կողմէ ունի ընդհանրական բնոյթ, իսկ միւս կողմէ տեղական ամէն տեսակ առանձնայատկութիւն կարեւորութիւն կը ներկայացնէ՝ փորձառութեան վերածելու համար ընդհանուր մեծ պայքարի յաջողութեան ճանապարհին։ Իսթանպուլի մէջ, ծանօթ է, որ համաճարակի ընդհանուր համայնապատկերը բաւական մտահոգիչ է։ Տեղական ինքնակառավարման մարմիններն ալ պայքարին կը մասնակցին ամբողջ թափով։ Պէշիկթաշի գաւառակէն ներս եւս կը մղուի այդ պայքարը, ընդ որում, ուշագրաւ ընթացքով։ Քաղաքապետ Ռըզա Աքփոլատ անմիջական ուշադրութիւն ցոյց կու տայ այդ պայքարին նկատմամբ։ Պէշիկթաշի քաղաքապետութեան անցեալ մէկ տարուայ համաճարակային զեկոյցը վերջերս հրապարակուեցաւ։ Քաղաքապետարանի կողմէ հաղորդուած տուեալները իսկապէս ուշագրաւ են։ Այսպէս, յայտնի է, որ այս երկարաշունչ պայքարի մթնոլորտին մէջ նման յարակից տուեալները միշտ կարեւորութիւն պիտի ներկայացնեն։ Ըստ քաղաքապետարանի աղբիւրներու հաղորդումներուն, Պէշիկթաշէ ներս ծաւալուն միջոցներ ձեռք առնուած են համաճարակի դէմ։

Պէշիկթաշի քաղաքապետութիւնը ընդարձակ տեղեկագիր մը հրապարակեց քորոնաժահրի համաճարակի շրջանին տարուած աշխատանքներու մասին։ 11 մարտ 2020 թուականէն ի վեր երբ Թուրքիոյ մէջ արձանագրուեցաւ վարակի առաջին դէպքը եւ գործել սկսան սահմանափակումները, քաղաքապետ Ռըզա Աքփոլատի գլխաւորութեամբ, քաղապետութեան բոլոր ենթակառոյցները միացան ու մշակեցին գործունէութեան մանրամասն ծրագիր մը։ Առողջապահական համակարգի բեռը թեթեւցնելու նպատակով առցանց հարթակի վրայ գործել սկսաւ առողջապահական աջակցութեան ծառայութիւն մը ու պէշիկթաշցիներ կրցան կապուիլ բժիշկներու հետ։ Մօտաւորապէս 3 միլիոն դիմակ ու 12 հազար առողջապահական ծրարներ բաժնուեցան մարդոց։ Անապահով 13 հազար ընտանիքներ պարէնի օգնութիւն ստացան, 176 հազար ընտանիքներ ալ ամենօրեայ դրութեամբ սնունդ ստացան դարձեալ քաղաքապետութեան աջակցութեամբ։

Քաղաքապետութեան շէնքին մէջ գումարուեցաւ ժողով մը ու մէկ տարուայ հաշուեփակը ընդարձակ զեկուցումով մը ներկայացուեցաւ հանրութեան։ Քաղաքապետ Աքփոլատ դիտել տուաւ, որ համաճարակի մէկ տարուայ ընթացքին ինք ու քաղաքապետութեան ամբողջ անձնակազմը ոգի բռին աշխատեցան ժողովուրդի կարիքները հոգալու համար, քանի որ տարին աննախադէպ էր համայն մարդկութեան, նաեւ Թուրքիոյ համար։

Առաջին իսկ օրերուն քաղաքապետութիւնը յատուկ ծրարներ բաժնեց բոլոր բնակիչներուն։ Առողջապահական համակարգի աշխատողներու համար կացարաններ տրամադրուեցան հիւանդանոցներուն մօտիկ թաղերու մէջ։ Մեծ դիւրութիւններ ընծայուեցան նաեւ վաճառականներուն եւ անոնք զերծ կացուցուեցան կարգ մը տուրքերէ։ Կարիքաւոր ընտանիքներու երեխաներուն բաժնուեցան համակարգիչ ու հեռատեսիլ, որպէսզի կարենային հետեւիլ առցանց դասերուն։ Մէկ խօսքով, քաղաքապետութիւնը լայնախոհութեան լաւագոյն օրինակը ցոյց տուաւ այս դժուարին շրջանին ու լաւագոյնս համակարգեց գործունէութիւնները։

Երեքշաբթի, Ապրիլ 13, 2021