ԱԶԳԱՅԻՆ ԳՐԱԴԱՐԱՆԱՅԻՆ ՇԱԲԱԹ

Երեւանի մէջ երէկ սկսաւ Ազգային գրադարանային շաբաթը։ Հայաստանի Ազգային գրադարանէն ներս այս առթիւ տեղի ունեցաւ հանդիսաւոր հաւաքոյթ մը։ «Գիրքը՝ բալասան» կարգախօսով կազմակերպուած է այս տարուան Ազգային գրադարանային շաբաթը, որ պիտի շարունակուի մինչեւ 19 ապրիլ։

Սոյն նախաձեռնութիւնը այս տարի կը կազմակերպուի 20-րդ անգամ, իբր այդ ունի յոբելենական բնոյթ։ Մեկնարկային ձեռնարկին ելոյթով մը հանդէս եկաւ Հայաստանի Ազգային գրադարանի տնօրէնուհի Աննա Չուլեան։ Հաւաքոյթի ընթացքին պարգեւներ ալ յանձնուեցան Հայաստանի Ազգային գրադարանի կարգ մը նախկին տնօրէններու եւ ղեկավարներու, այլ գրադարաններու վարիչներու եւ ոլորտի այլ մասնագէտներու։

Երեքշաբթի, Ապրիլ 13, 2021