ՆՈՐ ՀԱՐՈՒՍՏՆԵՐՈՒ ՉԱՓԱՆԻՇՆԵՐԸ

Միանգամայն ըսեմ, որ ընդհանուր առմամբ, կը յարգեմ հարուստ մարդիկը։ Չեմ կարծեր, թէ աղքատութիւնը պատուաբեր է, իսկ հարուստ ըլլալը ամօթ է։ Նոյնիսկ չեմ պնդեր, թէ Ռուսաստանի կամ Հայաստանի բոլոր օլիկարխները (սակաւատէրերը) հարստացած են խաբելով, «քցելով» կամ հարկեր չվճարելով։ Եթէ նոյնիսկ նման բան մը կայ, ապա սա պիտի ըլլայ իրաւապահ մարմիններու խնդիրը։ Ես մտահոգուած եմ յետխորհրդային շրջանին հարստացածներու կրթական ցած մակարդակով, ամբարտաւան կեցուածքով, վատ ճաշակով եւ ցուցամոլութեամբ։ Մտահոգուած եմ, որովհետեւ ուզենք, թէ չուզենք՝ անոնք որոշ արժէքային չափանիշներ կը թելադրեն հասարակութեան։ Չեմ կրնար չմտահոգուիլ իշխանութեան երկրպագուներու կրկնակի չափանիշներով։

Երբ «Բարգաւաճ Հայաստան» կուսակցութիւնը իշխանութեան համախոհական գործընկերն էր, իսկ Ծառուկեան ո՛չ թէ օլիկարխ էր, այլ «խոշոր սեփականատէր», վերջինիս ճաշակը եւ «նոր հարուստի» հակումները այդ մարդիկը չէին յուզեր։ Բայց երբ նոյն գործարարը սկսաւ դրսեւորուիլ որպէս որոշ չափով ընդդիմութիւն, իր մակարդակի մասին սկսան ցասումնալից գրութիւններ։ Բացառուած չէ, ի դէպ, որ «Իմ քայլը» վարուի «դասական» իշխանութեան կուսակցութեան ոճով եւ իր նախընտրական ցուցակին ընդգրկէ «իր» օլիկարխը գուցէ նաեւ Սերժ Սարգսեանէն «ժառանգութիւն» մնացած շարք մը այլ օլիկարխներ, որոնք նոր տէրերուն կը ծառայեն նոյն խանդավառութեամբ, որով կը ծառայէին հիներուն։ Շատ հաւանական է, որ անոնք հիմա Փաշինեանին ըսեն «շէֆ ճան», «թագաւոր ճան»։ Բնականաբար, ամէն քծնանքի համար անոնք ինչպէս եւ էր նախապէս, գործարարութեան մէջ կը վարձատրուին։ Արդեօք դուք կրնա՞ք ըսել, որ այդ մարդիկ իրենց ներաշխարհով եւ կեանքի հանդէպ մօտեցումներով կը տարբերին Ծառուկեանէն։ Թէ անոնց հարսանեկան կարկանդակները աւելի՞ ցած են։

Բայց վերջին երեսուն տարուայ ընթացքին հարստացածներու անճաշակութիւնն ու չտեսութիւնը պէտք է դիտարկել ո՛չ թէ որպէս մեկուսացուած երեւոյթ, այլեւ՝ ընդհանուր ընկերային համատեսքին մէջ։ Եթէ սպառողականութիւնը հանդէս կու գայ՝ որպէս հասարակութեան հիմնական միտում, ապա պէտք չէ զարմանալ, որ ապրանքները, շքեղ ինքնաշարժները, ինչպէս նաեւ հարսանիքի ժամանակ երգող թանկարժէք աստղերը կը դառնան իւրաքանչիւր երիտասարդի երազանքներու գագաթնակէտը։ Երբ մէկը ելոյթ կ՚ունենայ՝ որպէս օլիկարխներու չափէ դուրս խիստ դատաւոր, ապա, ներեցէք, ինձ մօտ կասկածներ կը յառաջանան. արդեօք այդ խիստ քննադատը ինքն իսկ չ՚երազե՞ր ոսկէ զուգարանակոնք ունենալ։

Ես կը հաւատամ, թէ մեծամասնութեան, պճնամոլութեան (ինչպէս նաեւ այլ որեւէ) մեղքերու մէջ թաղուածները ուղղելի են՝ եթէ ոչ իրենք, ապա իրենց սերունդները։ 13-րդ-14-րդ դարերու նշանաւոր աստուածաբաններէն մին՝ Մայսթեր Էքհարտ կ՚ըսէր. «Չկայ այնպիսի գազան, որ ժամանակի մէջ ընդհանրութիւն չունենայ մարդու հետ»։

ԱՐԱՄ ԱԲՐԱՀԱՄԵԱՆ
Խմբագրական՝ Երեւանի «Առաւօտ» օրաթերթի

Երեքշաբթի, Ապրիլ 13, 2021