ՓԱՇԻՆԵԱՆԻ ՎԱՐՉԱԽՈՒՄԲԸ ԱՆԿԱՐՈՂ

Միջազգային իրաւապաշտպան կազմակերպութիւնը վերջերս հրապարակեց՝ աշխարհի վրայ մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան վերաբերեալ 2020-2021 շրջանի զեկոյցը, որու մէջ մասնաւոր բաժին մը յատկացուած է Հայաստանին։ Զեկոյցի Հայաստանին յատկացուած բաժնին մէջ տեղ տրուած է նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի երկրորդ պատերազմին։ Զեկոյցին մէջ մատնանշուած է, որ պարտութիւնը Հայաստանի մէջ հրահրած է ծանր քաղաքական տագնապ մը, տեղի ունեցած են ցոյցեր՝ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հրաժարականի պահանջով։ Մատնանշուած է, որ ընդդիմադիր գործիչներ ձերբակալուած են՝ զանգուածային անկարգութիւններ հրահրած կամ գլխաւորած ըլլալու համար։ Ամբոխները յարձակած են կառավարական շէնքերու եւ պետական գործիչներու բնակարաններու վրայ, դաժան ծեծի ենթարկուած է խորհրդարանի նախագահը։ Զեկոյցին մէջ մէջբերուած են ՄԱԿ-ի Մարդու իրաւանց գերագոյն յանձնակատարի գրասենակի հրապարակած տուեալները, ըստ որոնց Լեռնային Ղարաբաղէն փախուստի դիմած է շուրջ 90 հազար բնակիչ։ Զանգուածային տեղահանումը ա՛լ աւելի սրած է քորոնաժահրի համաճարակի պատճառով ստեղծուած մարդասիրական տագնապը։ «Amnesty International»ի զեկոյցին մէջ տեղ գտած եզրայանգումները բազմաթիւ առումներով կը համընկնին շաբաթ մը առաջ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Պետական քարտուղարութեան կողմէ հրապարակուած՝ աշխարհի վրայ մարդու իրաւանց վիճակին վերաբերեալ տարեկան զեկոյցի գնահատականներուն հետ։

Իրաւապաշտպան կազմակերպութեան զեկոյցին մէջ ընդգծուած է, որ երկու կողմերն ալ կատարած են պատերազմի յանցագործութիւններ։ Իշխանութիւնները սահմանափակած են խաղաղ հաւաքներ կազմակերպելու մարդոց իրաւունքը եւ խօսքի ազատութիւնը։

Պատերազմը եւ քորոնաժահրի համաճարակը, ըստ զեկոյցին, ծանր հարուած հասցուցած են Հայաստանի տնտեսութեան եւ առողջապահութեան համակարգին։ Արդարադատութեան համակարգի բարեփոխումներն ալ կանգ առած են՝ մէկ կողմէ իրենց մասնատուած բնոյթին, միւս կողմէ ալ՝ կառուցուածքային փոփոխութիւններ իրականացնելու իշխանութեան անկարողութեան պատճառով։

Երեքշաբթի, Ապրիլ 13, 2021