ՍԹԵՖԸՆ ՀԱՈՒՔԻՆԿԻ ԳԻՐՔԸ

Հայաստանի ընթերցասէրներուն ներկայացուեցաւ Սթեֆըն Հաուքինկի «Համառօտ պատասխաններ՝ կարեւոր հարցումներուն» գիրքը։ Տիեզերագնացութեան եւ օդագնացութեան միջազգային օրը՝ ապրիլի 12-ին, «Փլանեթարիում 1»ի մէջ տեղի ունեցաւ անգլիացի բնագէտ-տեսաբան ու տիեզերագէտ, Քէյմպրիճի համալսարանի տեսական տիեզերագիտութեան կեդրոնի հիմնադիր ու ղեկավար, գիտութիւնը հանրայնացնող Սթեֆըն Հաուքինկի «Համառօտ պատասխաններ՝ կարեւոր հարցումներուն» գիրքի շնորհանդէսը:

«Արմէնփրէս»ի հաղորդմամբ՝ գիրքը լոյս ընծայած է «Անտարես» հրատարակչութիւնը: Անգլերէնէ թարգմանած է Սիրանոյշ Եսայեան, խմբագիրն է Գոհար Քալաշեան:

«Հաուքինկ ունէր մտածելու կարողութիւն եւ գիտելիք, ինչ որ զայն դարձուց աշխարհի ամենահանրաճանաչներէն մին: Ան վառ ապացոյց է, որ մարդ կրնայ ունենալ մեղմ ըսած բազմաթիւ դժուարութիւններ, բայց պայքարած է, ապրած եւ արարած», ըսաւ «Անտարես»ի տնօրէն Արմէն Մարտիրոսեան:

Իր խօսքով՝ յետպատերազմեան Հայաստանի մէջ սա շատ կարեւոր ուղերձ մըն է բոլորի համար, քանի որ մենք ունինք բազմաթիւ չլուծուած խնդիրներ, բայց պէտք չէ յանձնուինք, երթանք յառաջ ու արարենք, որու ամենակարեւոր հիմքը գիտելիքն է:

Իր կարգին, «Անտարես» հրատարակչութեան հանրային կապերու ղեկավար Ռոզա Գրիգորեանն ալ ընդգծեց, որ 2002 թուականին իրականացուած հարցախոյզի արդիւնքին «Պի.Պի.Սի.» հրապարակած է բոլոր ժամանակներու 100 մեծագոյն բրիտանացիներու ցանկը, ուր Հաուքինկ կը զբաղեցնէր 25-րդ տեղը։ «Գիտնականը 1979-2009 թուականներու միջեւ եղած է Քէյմպրիճի համալսարանի ուսողութեան դասախօս։ Հասած է գագաթնային յաջողութիւններու՝ շնորհիւ իր գիտահանրամատչելի աշխատութիւններու, ուր ան կը խօսի իր սեփական տեսութիւններէն եւ ընդհանուր առմամբ տիեզերաբանութենէ։ Սթեֆըն Հաուքինկի «Ժամանակի համառօտ պատմութիւն» գիրքը բրիտանական «The Sunday Times» հրատարակութեան կազմած ամենաշատ վաճառուող գիրքերու ցանկը գլխաւորած է 237 շաբաթ, ինչ որ մրցանիշային է», ըսաւ Ռոզա Գրիգորեան:

Սթեֆըն Հաուքինկ մեր ժամանակի մեծագոյն մտածողներէն մին է։ Տակաւին քսանմէկ տարեկանին կողային «ամիոթրոֆիք սքլերոզ» ախտորոշման մարտահրաւէր կարդալէ յետոյ, ան ներշնչանքի աղբիւր դարձած էր շատերու համար։ Հաուքինկ յայտնի է թէ՛ տեսական բնագիտութեան իր ձեռքբերումներով, թէ՛ բարդ գաղափարները հանրամատչելի դարձնելու ունակութեամբ։ Հաուքինկը կը սիրէին իր չարաճճի զուարթամտութեան համար։ Մահը վրայ հասաւ այն ժամանակ, երբ Հաուքինկ կ՚աշխատէր իր վերջին նախագծի վրայ. այն գիրքի, որու մէջ հաւաքած էր իրեն յաճախ ուղղուղ «մեծ» հարցումներու պատասխանները. այնպիսի հարցումներ, որոնք դուրս էին իր ակադեմական ոլորտի շրջանակներէն։

Չորեքշաբթի, Ապրիլ 14, 2021