ԱՐԺԷՔԻ ԳԻՏԱԿՑՈՒԹԻՒՆ

Աստուածաշունչի ընկերութեան Արաբական ծոցի երկիրներու մասնաճիւղի ընդհանուր քարտուղար տքթ. Հրայր Ճէպէճեան ցաւակցական մը հրապարակած է Մխիթարեան միաբանութեան երիցագոյն անդամներէն Հայր Յարութիւն Վրդ. Պզտիկեանի վախճանման կապակցութեամբ։ Ան այս ցաւակցականը ուղարկած է Թուրքիոյ կաթողիկէ հայոց վիճակաւոր Տ. Լեւոն Արք. Զեքիեանին, որ Մխիթարեան միաբանութեան քահանայապետական պատուիրակն է։ Տքթ. Ճէպէճեանի ցաւակցականին մէջ նշուած է հետեւեալը.

Ցաւով իմացանք մահը Մխիթարեան միաբանութեան հոգեւոր հովիւ՝ Հայր Յարութիւն Վրդ. Պզտիկեանի։

 Առիթը ունեցած եմ ճանչնալու Հայր Պզտիկեանը, երբ Հալէպի Մխիթարեան վարժարանի մէջ կը պաշտօնավարէր։ Հանդիպած եմ իրեն հետ նաեւ Սուրբ Ղազար, Վենետիկ եւ ապա Երեւան, Հայաստան։

 Հայր Պզտիկեան մեր հայ ժողովուրդի իրականութեան մէջ հանդիսացաւ կղերական-մտաւորական մը՝ որ ունէր բազմակողմանի տաղանդ, գիտելիք, մասնագիտութիւն եւ, այս բոլորին հետ մասնակցութիւն հաւաքական կեանքերուն մէջ։ Եթէ մէկ կողմէ փիլիսոփայութեան-Աստուածաբանութեան մասնագիտութիւն, միւս կողմէ արուեստի ու նաեւ հայագիտութեան։ Հայր Պզտիկեանի կեանքը եղաւ համապարփակ եւ ամբողջական իր անսակարկ նուիրումով, ծառայութեամբ եւ ներդրումով։ Եւ այս բոլորը Քրիստոսի, եկեղեցւոյ եւ հայ ժողովուրդին՝ որոնց իր համակ կեանքը ի սպաս դրաւ, ուր որ գտնուեցաւ իր ծառայութեան եւ առաքելութեան մէջ։

 Յարգանք Հայր Յարութիւն Վրդ. Պզտիկեանի նուիրական կեանքին։ Աստուածահաճոյ կեանք մը՝ որ լեցուն էր մարդկային վեհ Արժէքի  գիտակցութեամբ։ Ան այս Արժէքի գիտակցութեան համար նուիրեց իր կեանքը եւ մինչեւ վերջին շունչը։

 Գերապայծառ Տէր՝ կը ցաւակցիմ ձեզի, Մխիթարեան միաբանութեան, Հայ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ մեծ ընտանիքին եւ Հայր Պզտիկեանի հարազատներուն։ Աղօթքով կը միանամ ձեզի եւ Սուրբ Հոգիին մխիթարութիւնը կը հայցեմ։

Չորեքշաբթի, Ապրիլ 14, 2021