ՀԱՆԴԻՊՄԱՆ ԱՌԱՋԱՐԿ

Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտըն եւ Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութին երէկ ունեցան հեռախօսազրոյց մը։ Երկու ղեկավարներու շփումը տեղի ունեցաւ՝ երբ Ուաշինկթըն-Մոսկուա առանցքին վրայ ստեղծուած է ծայր աստիճան լարուած իրադրութիւն մը։

Պայտըն եւ Փութին քննարկեցին տարածքաշրջանային եւ կլոպալ բնոյթով խնդիրներ, ներառեալ՝ ռազմավարական սպառազինութիւններու կրճատման պայմանագրի ժամկէտը երկարաձգելու հարցը։ Սպիտակ տան աղբիւրներու հաղորդումներով, Պայտըն առաջարկեց, որպէսզի յառաջիկայ ամիսներուն երրորդ երկրի մը մէջ տեսակցին Փութինի հետ՝ քննարկելու համար այն բոլոր խնդիրները, որոնք ԱՄՆ-ի եւ Ռուսաստանի օրակարգը կը զբաղեցնեն։ Երկու ղեկավարները մտադրութիւն յայտնած են երկխօսութիւնը տեւականացնելու ուղղութեամբ։

Պայտըն եւ Փութին անդրադարձած են նաեւ Ուքրայնայի իրադարձութիւններուն։ Ռուսաստան-Ուքրայնա սահմանին վրայ եւ Խրիմի մէջ զօրքերու վերջին տեղաբաշխումներով ներկայիս ստեղծուած իրադրութեան լոյսին տակ, Պայտըն Փութինին կոչ ուղղած է թուլացնել լարուածութիւնը։ Ճօ Պայտըն մատնանշած է նաեւ Ռուսաստանի կողմէ իր երկրին դէմ կատարուած համացանցային յարձակումները եւ ընտրութիւններու արդիւնքին միջամտելու նման խնդիրները՝ ընդգծելով, որ ամերիկեան կողմը խիստ քայլերով պիտի պաշտպանէ իր շահերը։

Չորեքշաբթի, Ապրիլ 14, 2021