ԵՐԿՐԻ ԱՊԱԳԱՅԻ ՀԱՄԱՐ

Այս շրջանին Հայաստանի մէջ օրակարգի վրայ է բարձրագոյն կրթութեան եւ գիտութեան վերաբերեալ օրէնսդրութիւնը փոփոխութեան ենթարկելու խնդիրը։ Իշխանութիւնները պատրաստած են համապատասխան թղթածրար մը, որու պարագային հանրային կարծիքի վերաբերմունքը միանշանակ չէ։ Բազմաթիւ քննադատութիւններ եւ մտահոգութիւններ կը հնչեն այս առընչութեամբ։

Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայէն ներս այս հարցին շուրջ կազմակերպուեցաւ ծաւալուն քննարկում մը՝ խորհուրդի նիստի ձեւաչափով, Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեանի առաջարկով ու նախաձեռնութեամբ։ Այս քննարկումին մասնակցեցաւ Արմէն Սարգսեան, որ փափաքած էր վերահասու դառնալ ակադեմականներու մօտեցումներուն ու տեսակէտներուն։ Ան յայտնեց, որ խնդրոյ առարկայ օրէնքը կը գտնուի իր սեղանին վրայ եւ ինք յարմար նկատած է այսպիսի քննարկման մը կազմակերպումը։ Նախագահ Սարգսեան նոյն հարցը կը շօշափէ լայնախարիսխ մօտեցումով, գիտութեան ու կրթութեան ոլորտի շարք մը գործիչներու, համալսարաններու վերատեսուչներու եւ  առանձին դասախօսներու հետ։

Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի նախագահ Ռադիկ Մարտիրոսեան եւ խորհուրդի անդամները արտայայտեցին իրենց մտահոգութիւնները այս օրէնսդրական նախաձեռնութեան կապակցութեամբ։ Ըստ Մարտիրոսեանի, համաչափ չեն ներկայացուած կրթութիւնը, գիտութիւնը եւ նորարարութիւնը։ Հիմնական դրոյթները կը վերաբերին բարձրագոյն կրթութեան, մինչդեռ գիտական եւ գիտաթեքնիկ գործունէութեան վերաբերեալ երեսակները սակաւաթիւ են, պղտոր ու հպանցիկ։ Յստակ բացայայտուած չեն բարձրագոյն կրթութեան եւ գիտութեան ոլորտներու միասնական արդիւնաւէտ համակարգի մը ստեղծման գործընթացի ուղիներն ու դրութիւնները։

Նախագահ Սարգսեան հաւաքոյթի ընթացքին կարեւոր համարեց ներկայացուած դիտարկումները՝ ընդգծելով, որ գիտութիւնը, կրթութիւնը եւ փորձագիտութիւնները պարզապէս բառեր չեն։ Այդ իսկ ոլորտներն են Հայաստանի ապագան։ Գիտութիւնը պէտք է զարգանայ, 21-րդ դարուն առանց նոր փորձագիտութիւններու, առանց գիտութեան յառաջ երթալ հնարաւոր չէ։ «Եթէ մենք պիտի փորձենք վաղը բանի մը հասնիլ, սա կրթութեան եւ գիտութեան միջոցաւ պիտի ըլլայ։ Մարդուժը, գիտութիւնը եւ փորձագիտութիւնները մեր երկրի համար բացարձակ անհրաժեշտութիւն են», ըսաւ Արմէն Սարգսեան։

Հաւաքոյթի ընթացքին նախագահը մատնանշեց, որ իրեն ներկայացուած դիտարկումներուն մէջ առանձնացուցած է երկու հասկացութիւն՝ հիմնաւորում եւ ժառանգութիւն։ Ան շատ էական նկատեց ժառանգութիւնը եւ շեշտեց, որ այդ մէկը չի հնանար։ «Ուսումնասիրելով աշխարհի լաւագոյն օրինակները՝ պէտք է կարողանաս ստեղծել քոնը, պահպանելով մեր ունեցածը», ըսաւ ան։

Հուսկ, Արմէն Սարգսեան շեշտեց, որ Հայաստանը ոտքի կանգնեցնելու համար շատ ընելիքներ կան եւ այդ ճանապարհը գիտութիւնն ու կրթութիւնն են։

Հինգշաբթի, Ապրիլ 15, 2021