ԱՍՏՈՒԾՈՅ ՕՐԸ Ե՞ՐԲ Է

Մարդկային կեանքը լեցուն է բազմաբնոյթ եւ տարատեսակ ոգեկոչումներով եւ յիշատակութեան օրերով: Մարդիկ իրենց առօրեան լեցնելու համար դիմած են տարբեր միջոցներու: Շատ յաճախ տրամաբանական եւ ուսուցողական միջամտութիւններ կատարած են, բայց երբեմն ալ այնպիսի ցնորական եւ անտրամաբանական միջոցներու դիմած են մարդիկ, որ ծիծաղի ու ափսոսանքի առիթ պատճառած են:

Մարդկային կեանքը աւելի «հետաքրքրական» եւ «հաճելի» դարձնելու մարդկային հնարքներէն մէկը եղած է տարուան օրերը որոշ արժէքի կամ իրադարձութեան նուիրելը: Ուսուցողական երեւոյթ է, եթէ զայն ի խրատ եւ ի դաստիարակութիւն օգտագործէ մարդ, եւ ո՛չ միայն զիրար շնորհաւորելու, իրարու բարեմաղթանքներ յղելու, կենացներ խմելու, նուէրներ փոխանակելու: Աւելի՛ն, տուեալ օրերուն մարդ նուազագոյնը պէտք է ջանայ մտովին քիչ մը խորանալ, փորձել հասկնալու համար, թէ ինչո՞ւ այդ օրը այս կամ այն երեւոյթին կամ արժէքին նուիրուած է, ինչո՞ւ համար մարդիկ մտածած են օրինակի համար ուղղակի այս կամ այն արժէքը առանձնացնելու, օրը նուիրելու, անդին անտեսուած ձգելով բազմաթիւ այլ աւելի կարեւոր արժէքներ եւ երեւոյթներ: Հարցադրումները բազմաթիւ են այս ուղղութեամբ:

Այստեղ ընթերցողի ուշադրութեան կը յանձնեմ յիշատակութիւններու ցանկ մը. ընթերցողը կարդալով այս ցանկը պիտի նկատէ, թէ մարդ ի՛նչքան պարապութիւններով լեցուցած է իր առօրեան, ի՛նչ անտրամաբանական յիշատակութիւններ ու ոգեկոչումներ հնարած է: Այս երեւոյթին պատճառ մը եթէ փորձենք փնտռել ու գտնել, հոգեւոր առումով պատասխանը յստակ ու պարզ է. առանց Աստուծոյ եւ Աստուծմէ հեռու կեանքը, որ միաժամանակ կու գայ պատասխանելու ո՛չ հոգեւոր առումով ընկալումի պատասխանին, որ՝ այդ պարապը լեցնելու ջանք մըն է միայն, որովհետեւ մարդ հոգեւոր էակ ըլլալով, միշտ կը փորձէ իր կեանքը լեցնել որեւէ հոգեւոր կամ հոգեղէն իրողութիւնով կամ ըմբռնումով: Իսկ այս յիշատակութիւններն ու ոգեկոչումները նոյնիսկ հոգեւորով չապրող մարդուն մօտ կրնան հոգեւոր զգացումներ առաջացնել, որով մարդ կը փորձէ լեցնել Աստուծմէ հեռանալուն պատճառով իր մէջ գոյացած դատարկութիւնը:

Ահաւասիկ ցանկ մը այդ յիշատակութիւններէն ու ոգեկոչումներէն, որ ամբողջական չէ, այլ պարզապէս «ամփոփ» նմոյշ մը.

Աղջիկ երեխայի միջազգային օր: Աղքատութեան վերացման միջազգային օր: Այրիներու միջազգային օր: Անապատացումի եւ երաշտի դէմ պայքարի միջազգային օր: Աշխատանքի անվտանգութեան միջազգային օր: Աշխատաւորներու միջազգային օր: Արագ սնունդի օր: Արուեստագէտներու միջազգային օր: Արջամուկի օր: Բանաստեղծութեան միջազգային օր: Բարեգործութեան միջազգային օր: Բարեկամութեան միջազգային օր: Բարութեան միջազգային օր: Բժիշկներու միջազգային օր: Բնակչութեան միջազգային օր: Գինիի օր: Գիրքի օր: Գիրքի եւ հեղինակային իրաւունքի օր: Գիրք կարդալու օր: Գիւղաբնակ կիներու օր: Գործակցութիւններու միջազգային օր: Գրագիտութեան միջազգային օր: Գրադարաններու միջազգային օր: Գրադարաններու աշխատակիցներու օր: Դդումի օր: Դեղնախտի (malaria) միջազգային օր: Դրամատուներու միջազգային օր: Եղբայրներու եւ քոյրերու օր: Երիտասարդներու միջազգային օր: Երջանկութեան օր: Զբօսաշրջութեան միջազգային օր: Զուգարանի միջազգային օր: Ընկերական արդարութեան օր: Ընտանիքներու միջազգային օր: Թարգմանութեան միջազգային օր: Թէյի միջազգային օր: Թուաբանութեան միջազգային օր: Ժողովրդավարութեան միջազգային օր: Ժպիտի օր: Ինքնածոր գրիչի օր: Լեզուներու միջազգային օր: Լեռներու միջազգային օր: Լոյսի միջազգային օր: Լուսանկարները պահպանելու օր: Լրագրողներու միջազգային օր: Խաղաղութեամբ իրարու հետ ապրելու միջազգային օր: Խաղաղութեան միջազգային օր: Խծբծոցի օր: Խիղճի միջազգային օր: Խնձորի օր: Խնձորի ծառի օր: Ծերերու միջազգային օր: Ծխախոտի դէմ պայքարի միջազգային օր: Ծնողներու միջազգային օր: Կենդանիներու օր: Կենսաբանական բազմազանութեան միջազգային օր: Կիներու միջազգային օր: Կպիչներու օր: Կրթութեան միջազգային օր: Հայրերու միջազգային օր: Հաշմանդամութիւն ունեցողներու միջազգային օր: Հեծանիւներու միջազգային օր: Հեռուստատեսութեան միջազգային օր: Հիւանդներու անվտանգութեան միջազգային օր: Հոգեկան առողջութեան միջազգային օր: Հողի միջազգային օր: Ճատրակի միջազգային օր: Մամուլի ազատութեան միջազգային օր: Մայր Երկրի միջազգային օր: Մայրենի լեզուի միջազգայի օր: Մանուկներու միջազգային օր: Մարդասիրութեան միջազգային օր: Մարդկային եղբայրութեան միջազգային օր: Մարդկային համերաշխութեան միջազգային օր: Մարդու իրաւունքներու օր: Մարզանքի միջազգային օր: Մարզանքի զարգացման եւ խաղաղութեան օր: Մեղուներու միջազգային օր: Միացեալ ազգերու կազմակերպութեան խաղաղապահներու միջազգային օր: Նամակատուներու միջազգային օր: Շաքարախտի միջազգային օր: Ողջագուրուելու օր: Ուսուցիչներու միջազգային օր: Չէզոքութեան միջազգային օր: Պանրասէրներու օր: Պատերազմներու բոլոր զոհերուն յիշատակութեան օր: Պատուիրակի միջազգային օր: Ջուրի միջազգային օր: Ռամերգի (Jazz) օր: Վայրի բնութեան միջազգային օր: Սանտուիչի [Sandwich] օր: Սնունդի միջազգային օր: Սուրճի միջազգային օր: Ստեղծագործութեան եւ նորարարութեան միջազգային օր: Ստրկութեան վերացման միջազգային օր: Տպարաններու օր: Տրամաբանութեան միջազգային օր: Փախստականներու միջազգային օր: Փիլիսոփայութեան միջազգային օր: Քաղաքներու միջազգային օր:

Ընթերցողին մօտ կը կարծեմ, թէ որոշ կարծիք մը գոյացաւ այս ցանկի ընթերցանութենէն ետք: Ինչպէս վերը նշած էի, այս ցանկը ամբողջական չէ, որովհետեւ այնքան տարօրինակ, խելքէ-միտքէ անդին, անբարոյական յիշատակութիւններ կան, որ մարդ նոյնիսկ կարդացած ժամանակ կը կարմրի ամօթէն: Անդին, այս ցանկը կարդալով ընթերցողներէն շատերը վստահաբար համակարծիք պիտի ըլլան, որ մարդ իր ունեցած ազատութիւնն ու բանականութիւնը վատնած է անմարդկային եւ անտրամաբանական երեւոյթներու եւ իրողութիւններու վրայ, որոնց պատճառով մարդուն մէջէն մարդկութիւնը դատարկուած է, եւ մարդը վերածուած է պարզապէս շնչող արարածի եւ ո՛չ աւելին:

Հոգեւոր առումով եթէ փորձենք մօտենալ այս հարցին, ապա Պետրոս Առաքեալին հետեւեալ արտայայտութիւնը յստակ կերպով կը լուսաբանէ մեզ: Առաքեալը կ՚ըսէ. «Արդարեւ, մարդ ինքզինք ինչ բանի որ կ՚ենթարկէ՝ անոր գերին է» (Բ. Պտ 2.19): Եթէ այս համարին լոյսին տակ դիտարկենք վերը մէջբերուած յիշատակութիւնները, ապա յստակ պիտի դառնայ, որ մարդ իր իսկ ազատ բանականութեան շնորհիւ ինքզինք ստրկացուցած է՝ գերի դառնալով վերոնշեալ երեւոյթներուն եւ իրողութիւններուն: Մարդիկ, ինչ բանի որ կը կապեն իրենք զիրենք՝ յատկապէս անգիտակից եւ չմտածուած ձեւով, ապա այդ բանին գերին կը դառնան: Այս յիշատակութիւնները երբ նկատի ունենաք, առանց հոգեւոր ընկալումի, առանց բարոյական հասկացողութեան երբ կը մօտենանք անոնց, ապա այդ յիշատակութիւնները կը վերածուին իմաստ եւ խորք չունեցող երեւոյթներու, որովհետեւ առանց Աստուծոյ ու աստուածայինին, մարդուն կեանքը դատարկութեան եւ խաբկանքի շուրջ է, որ կը դառնայ:

Ոմանք կրնան այստեղ հետեւեալը ըսել, թէ եկեղեցիներն ալ ունին յիշատակութեան եւ ոգեկոչումի զանազան առիթներ: Ճի՛շդ է, տարբեր եկեղեցիներ ունին իրենց եկեղեցական օրացոյցները, որոնք լեցուն են յիշատակութիւններով եւ ոգեկոչումներով: Այդ յիշատակութիւններուն մէկ մասը կը վերաբերին մեր Տէր ու Փրկիչ Յիսուս Քրիստոսին, իսկ մնացեալները այն մարդոց, որոնք իրենց ապրած հաւատքի եւ առաքինի կեանքով արժանացած են սուրբ կոչումին եւ դասուած են յիշատակելի սուրբերու կարգին: Եկեղեցին Տէր Յիսուսի տնօրինութեան կապուած եւ սուրբերուն յիշատակութիւնները կատարելով, մարդոց առիթ կու տայ վերապրելու եւ վերարժեւորելու իր ապրած կեանքը եւ Տէր Յիսուսի օրինակով ու շնորհքով, ինչպէս նաեւ սուրբերուն անցած ուղին օրինակ ունենալով մարդ կարենայ յաղթահարել կեանքի ընթացքին իրեն պատահած դժուարութիւնները, նեղութիւնները եւ փորձութիւնները:

Պարզ է, ուրեմն, որ առանց Աստուծոյ եւ Աստուծմէ հեռու կեանքը մարդուն համար առիթ կը հանդիսանայ իր կեանքը լեցնելու դատարկաբանութիւններով եւ սնահաւատութիւններով, որու արդիւնքին մարդ զինք շրջապատող իրերուն, երեւոյթներուն եւ իրողութիւններուն օրեր կը նուիրէ եւ կը սկսի պաշտամունք մատուցել անոնց: Ահա այստեղ է, որ կը ծագի իւրաքանչիւր մարդու կենաքի ընթացքին ամենէն կարեւոր հարցումը.

- Աստուծոյ օրը ե՞րբ է:

Պատասխանը կը ձգեմ ընթերցողին…

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

13 ապրիլ 2021, Վաղարշապատ

Շաբաթ, Ապրիլ 17, 2021