«ԵԹԷ ԴՈՒՌ ՄԸ ՓԱԿՈՒԻ, ՄԷԿ ԱՅԼ ԿԸ ԲԱՑՈՒԻ»
«Եթէ դուռ մը կը փակուի, մէկ այլ կը բացուի», ըսած է Կրահամ Պել։ Այս խօսքը առաջին ակնարկով չափազանց լաւատեսական կը թուի։ Շատ մը գիտնականներ կամ ձեռներէցներ, իրենց առջեւ փակուած դռներու շնորհիւ անդրադարձած են իրենց սխալներուն եւ զանոնք ուղղելով՝ յաջողութեան հասած։ Թէ՛ իր անձնական կեանքի եւ թէ իր ասպարէզի մէջ բազում ձախողութիւնով եւ խոչընդոտներով դէմ յանդիման եկած Կրահամ Պել այդ փակուած դռները ենթադրած է՝ որպէս նոր ուղիներ յայտնաբերելու հնարաւորութիւն։
Կրահամ Պելի խօսքի բովանդակութիւնը սապէս է. «Եթէ դուռ մը կը փակուի, մէկ այլ կը բացուի։ Բայց եւ այնպէս, մենք յաճախ ափսոսանքով կը նայինք այդ փակուած դռներուն, ուստի չենք կրնար տեսնել մեր առջեւ բացուած այլ դռները»։
Անպայման բոլորիս կեանքի տեւողութեան եղած են այնպիսի պահեր, երբ կը հրաժարինք ամէն ինչէ՝ յուսահատուած, յուսալքուած… Ձեռք կը քաշենք ամէն ինչէ եւ կ՚ըսենք՝ «այլեւս կարելի չէ հանդուրժել, կը բաւէ»։ Կը տխրինք, կը տրտմինք՝ մեր ժամանակը կ՚անցընենք «փակուած» դռներու ետին սգալով եւ մտածելով, թէ ինչո՞ւ փակուած են անոնք, ինչո՞ւ չենք յաջողած… Արդեօք բնութեան մէջ կա՞յ արարած մը, որ կ՚ընէ մեր ըրածը. օրինակ՝ ծառ մը իր ճիւղերէն թափած տերեւի մը համար տարիներով կը սգա՞յ։ Արդեօք կ՚ըսէ՞, թէ «այդ տերեւը կորսնցուցի, դռները փակուեցան իմ առջեւ, այլեւս չեմ կրնար վերընձիւղիլ, վերածաղկիլ»։ Արդեօք անարդարութեան մատնուած կը զգա՞յ…
Ահաւասիկ մեր ըրածը ճիշդ այս է. մոռնալ… Մենք կը յենուինք այդ փակ դռներուն եւ հարց կու տանք, թէ ինչո՞ւ պարտուած ենք, ինչո՞ւ կորսնցուցած, ինչո՞ւ այդ դռները անգամ մը եւս չեն բացուած մեր առջեւ… Անգամ մը նոյնիսկ չենք խորհիր, թէ երբ դուռ մը փակուի, տակաւին բացուելիք բոլորովին այլ դռներ կան, բնականաբար։ Մենք կը կարծենք, թէ «արտաքին ուժեր» կը շրջափակեն մեր ճանապարհները։ Կը մոռնանք, թէ հակադրութիւններով, հակասութիւններով հիւսուած կեանքը զանազան անյաջողութիւններով, արգելքներով կամ չարիքներով հանդերձ լի է նաեւ բարիքներով, հնարաւորութիւններով, միայն պէտք է կարենալ տեսնել զանոնք։
Եթէ կեանքը քարեր կը դնէ մեր ճամբուն վրայ, այդ քարերով պէտք է կառուցենք պատեր, կամուրջներ, ուղիներ։ Ձախորդութիւնները, փակուող դռները կան, որպէսզի գիտնանք յաջողութեան արժէքը։
Իւրաքանչիւր պահու, ժամանակի, իւրաքանչիւր էակի համար կայ նպատակ մը, պատճառ մը. նպատակ, որ շատ աւելին է, քան մենք մեկնաբանենք, շատ աւելի մեծ է, քան մենք հասկնանք։ Շնորհակալութիւն յայտնենք այն բոլոր փակուած դռներուն համար, որպէսզի տեսնենք դէպի մեզ հոսող աղբիւրները, բոլորովին նոր ուղիները։
Արդարեւ, շատեր չեն սիրեր փոփոխութիւնները եւ կը դիմադրեն անոնց։ Քանի որ փոփոխութիւնները երբեմն մեզ կը մատնեն անորոշութեան։ Այնուամենայնիւ, առանց փոփոխութեան, անորոշութեան յառաջընթաց արձանագրել եւ զարգանալ հնարաւոր չ՚ըլլար։ Անորոշութեան պատճառած վախը շատերը կը ստիպէ կեդրոնանալ փակուած դռներու վրայ։ Բայց եւ այնպէս, ոմանց համար փակ դուռը կը նշանակէ ո՛չ թէ կորուստ կամ ձախողութիւն, այլեւ՝ բարելաւման, վերականգնման կամ յառաջընթացի հնարաւորութիւն։ Միայն անոնք, որոնք փակուող դռները անտեսելով կը շարունակեն իրենց ճանապարհը, ընդունակ են տեսնել նորը։
Խնդիր մը լուծումը կը պահանջէ՝ առաւելագոյն ջանք գործադրելու հնարաւորութիւն, փորձառութիւն։ Մեր կեանքի մէկ մասը ցաւով, տառապանքներով, իսկ միւս մասը՝ խաղաղութեամբ ու երանութեամբ կ՚ընթանայ։ Կեանքը անակնկալներով լի է, ուստի մեր տրամադրութիւններն ալ կը փոխուին տուեալ պահու պայմաններուն ներքեւ։
Բնական է, թէ իւրաքանչիւր մարդ վշտահարի, յուզուի, երբ կորսնցնէ այն ինչ, զոր կը սիրէ կամ որուն սովոր է։ Այստեղ ունինք երկու այլընտրանք. կա՛մ խղճալ եւ ցաւով վերյիշել մեր կորսնցուցածները եւ կամ շարունակել ապրիլ՝ ընդունելով, որ պատահածները մարդկային կեանքի մէկ մասն են կամ բնութեան անյեղլի օրէնքը։ Եթէ մենք կեդրոնանանք բացառապէս վնասի վրայ, ապա չենք կրնար տեսնել առիթները, հնարաւորութիւնները, քանի որ աւելի լաւ զգալը, վերականգնիլը, երջանիկ զգալը մեր այդ պահու ընկալումներէն դուրս կը մնան։
Խնդիրներէն, հարցերէն դասեր քաղելով մարդիկ կը տեսնեն իրենց գործած սխալները եւ զանոնք ուղղելով, ուշ կամ վաղ, կը հասնին յաջողութեան։
Ոչինչ աւարտած է։ Դեռ շատ բան կայ ընելու. նոր դռներ բանալու, զուարճանալու, այլ մարդոց հետ ծանօթանալու, նոր քաղաքներ այցելելու, նորանոր ծրագրեր մշաւեզմո եւ զանոնք իրականացնելու…
ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ