ՀԵՀԵՄ-Ի ԿԵԴՐՈՆԻՆ ՄԷՋ

Յայտնի մեներգչուհի Սիպիլ վերջերս Երեւանի մէջ այցելեց Հայ Եկեղեցւոյ համաշխարհային երիտասարդաց միութեան (ՀԵՀԵՄ) կեդրոնական գրասենեակը։ Տեսուչ Տ. Թովմա Վրդ. Խաչատրեանի կողմէ հիւրընկալուեցաւ համակրելի արուեստագիտուհին, որ հանդիպման ընթացքին տեղեկութիւններ փոխանցեց պոլսահայ ազգային-եկեղեցական կեանքին, մեր համայնքի ընդհանուր ապրելակերպին, հայկական մշակոյթի հետ կապին, ընդհանուր գործունէութեան մասին։ Իր կարգին, հայր սուրբն ալ ներկայացուց ՀԵՀԵՄ-ի տեսլականն ու ներկայ աշխատանքները։

Զրոյցի ընթացքին Սիպիլ նշեց, որ ՀԵՀԵՄ-ի գործունէութիւնը ծանօթ է իրեն։ Ան յիշեց կազմակերպուած համահայկական ուխտագնացութիւնները, ատենապետած ժողովները եւ ընդգծեց, որ պոլսահայ երիտասարդները եւս անմասն չեն ՀԵՀԵՄ-ի նախաձեռնութիւններուն։ Սիպիլ մեծապէս կարեւորեց այս կառոյցի առաքելութիւնը, որ ուղղուած է երիտասարդները Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ շուրջ համախմբելու։

Երեքշաբթի, Ապրիլ 20, 2021