ՃԱԶԻ ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՕՐ

Ճազի միջազգային օրը հայազգի ճազի արուեստագէտները ելոյթ կ՚ունենան Սիրահարներու այգիէն ներս։ Այսպէս, Ճազի միջազգային օրը՝ ապրիլի 30-ին, համերգներ կը կազմակերպուին Երեւանի Սիրահարներու այգիին մէջ: Ելոյթներ կ՚ունենան հռչակաւոր արուեստագէտներ՝ Լեւոն Մալխասեան, Վահագն Հայրապետեան, Արմէն Հիւսնունց, Կարէն Մամիկոնեան եւ բազմաթիւ այլ կատարողներ: «Արմէնփրէս»ի հաղորդմամբ՝ ելոյթները միաժամանակ կը ներկայացուին քանի մը հարթակի վրայ։

Ճազի հայկական ընկերակցութեան նախագահ Կամօ Մովսէսեան կը շեշտէ, որ 2011 թուականէն ի վեր յայտնի երաժիշտ, յօրինող, դաշնակահար Հէօրպի Հենքոքի նախաձեռնութեամբ՝ ԻՒՆԷՍՔՕ ապրիլի 30-ը հռչակած է Ճազի միջազգային օր: Արդէն տասն տարիէ ի վեր Հայաստան եւս միացած է Ճազի միջազգային օրուան:

«Ճազի միջազգային օրուան առիթով բազմաթիւ ճազի առասպելներ եկած են Երեւան՝ պասկիթառահար Ռիչըրտ Պոնա, սաքսոֆոնահար Չիքօ Ֆրիմըն, «Կրեմմի»ի քառակի դափնեկիր Կոնզալօ Ռուպալքափա, դաշնակահար, յօրինող Սերկէյ Մանուկեան: Այդ օրը սովորաբար ճազի աստղերը կը նախընտրուին, կը փնտռուին ամբողջ աշխարհի մէջ: Այնպէս որ զանոնք Հայաստան բերելը դիւրին չէ անշուշտ: Պատահած է, որ այցին նախորդած են երկար ու դժուար բանակցութիւններ: Պասկիթառահար Ռիչըրտ Պոնայի հետ բաւական երկար բանակցութիւններ ընթացած են, քանի որ ան չէր գիտեր, թէ ո՛ւր է Հայաստանը, ինչպիսի երկիր մըն է», կը յիշէ Կամօ Մովսէսեան:

«Երբ պասկիթառահարը եկած է Հայաստան, ծանօթացած է ճարտարապետական գոհարներուն, հայկական խոհանոցին, ջերմ հիւրընկալութեան: Մեկնելէ առաջ երաժիշտը ըսած է, որ չէր կրնար պատկերացնել, որ այսպիսի փոքր երկիր մը կրնայ նման հարուստ մշակութային ժառանգութիւն ունենալ: Ան բացայայտած է Կոմիտասի երաժշտութիւնը եւ թոյլտուութիւն խնդրած է Կոմիտաս կատարելու համար: Երեւանի մէջ ելոյթի ժամանակ ան ներկայացուց Կոմիտասի «Լորիկը»՝ իր մեկնաբանութեամբ: Այդ ելոյթը առիթ դարձաւ, որ զինք Երեւան հրաւիրենք նաեւ Ճազի միջազգային օրուան առիթով:

«Այս տարիներու ընթացքին Երեւանի մէջ Ճազի միջազգային օրը յատուկ տօնի վերածուած է: Բացի Երեւանէն, հասած է նաեւ Կիւմրի: Ճազի հայկական ընկերակցութեան Կիւմրիի մասնաճիւղի ղեկավար Մկրտիչ Մանուկեան «Ճազը թանգարաններու բակին մէջ» նախաձեռնութեամբ չորս օր Կիւմրիի թանգարաններու բակերէն ներս ճազի համերգներ կազմակերպած էր: Հանգամանքը նկատած են նոյնիսկ ԻՒՆԷՍՔՕ-ի ճազի գրասենեակը: Ղեկավար Հէօրպի Հենքոքի կողմէ շնորհակալական նամակ ուղարկած են Ճազի հայկական ընկերակցութեան: Շնորհակալութիւն յայտնած են, որ Հայաստան միացած է Ճազի միջազգային օրուան եւ զայն կը նշէ մեծ շուքով՝ նպաստելով ճազի տարածման», ըսած է Կամօ Մովսէսեան։

Չորեքշաբթի, Ապրիլ 21, 2021