ՇԷՆԳԱՒԻԹԻ ՄԷՋ ՊԵՂՈՒՄՆԵՐ

Շէնգաւիթի պեղումները միտուած են տաճարական համալիրի բացայայտման։ Այսպէս, Շէնգաւիթ վաղ պրոնզէ դարու հնավայր-յուշարձանին մէջ 2021 թուականի սեպտեմբերին կամ հոկտեմբերին պեղումներ պիտի իրականացուին: Պեղումները միտուած են տաճարական համալիրի բացայայտման:

«Արմէնփրէս»ի թղթակից Անժելա Համբարձումեանի հետ զրոյցի ընթացքին Շէնգաւիթի հնագիտական արշաւախումբի ղեկավար Յակոբ Սիմոնեան ըսաւ, որ համավարակի պատճառով դժուարացած է համագործակցութիւնը օտարերկրեայ արշաւախումբերու հետ, սակայն 2022 թուականի գարնան կը հրատարակուի հայ-ամերիկեան արշաւախումբի համատեղ իրականացուցած պեղումներու արդիւնքները ամփոփող «Շէնգաւիթ» գիրքը, որու մէջ պիտի ներառուին նաեւ 2021-ի արդիւնքները: «Սա շատ լուրջ գիրք մըն է, որ լոյս պիտի տեսնէ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ: Հայերէն տարբերակը կը հրատարակուի Երեւանի մէջ: Հնագիտութեան վերաբերեալ կարեւորագոյն գիրքերէն մին կ՚ըլլայ «Շէնգաւիթ»ը, որ լուրջ նշանակութիւն կ՚ունենայ հայ հնագիտութեան միջազգայնացման գործին մէջ», շեշտեց հնագէտը:

Ան ընդգծեց, որ Շէնգաւիթը եղած է, կայ ու կը մնայ Հայաստանի ամենաառանցքային յուշարձանը: «Շէնգաւիթի պեղումները բացառիկ են: Նոր պեղումներու հիմքն ու նպատակը տաճարական համալիրի բացայայտումն է: Մենք կը պեղենք տաճարի առջեւի հրապարակը, իսկ այդ ժամանակաշրջանին տաճարի գոյութիւնը կը նշանակէ ընկերային բարձր կազմակերպուած հասարակութիւն, կրօնական բարդ պատկերացումներ, մէկ խօսքով՝ այն բոլոր ենթահիմքերը, որոնք կրնան խօսիլ, եթէ չըսենք պետական կազմաւորումներու, ապա գոնէ նախապետական շատ բարդ ու զարգացած հասարակութեան մասին, երբ Շէնգաւիթի մէջ ձեւաւորուած է հին արեւելեան քաղաք», նշեց Սիմոնեան:

Արշաւախումբի ղեկավարը յիշեցուց, որ Շէնգաւիթի մէջ եղած է շատ զարգացած արդիւնաբերութիւն. եղած են մետաղագործներու, երկրագործներու եւ այլ արհեստաւորներու  թաղամասեր: «Չափազանց բարձր մակարդակի եղած է գիւղատնտեսութիւնը: Միայն մեր պեղած հորերու վերլուծութիւնը  հիմք կու տայ ենթադրելու, որ Շէնգաւիթի մէջ օգտագործած են Հրազդանի ամբողջ գետափնեայ  տարածքները ընդհուպ մինչեւ  Կարմիր բլուր եւ այդտեղէն ստացած առատ բերքը օգտագործուած է ո՛չ միայն Շէնգաւիթի համար, այլեւ՝ առեւտուրի, փոխանակութեան նպատակով: Շէնգաւիթի մէջ կրցած են ամբարել մինչեւ 40 թոն հացահատիկ: Սա վիթխարի թիւ է: Երբ մի քանի հարիւր քիլօկրամնոց շտեմարաններ կը պեղեն, կ՚ըսեն, որ անոնք շատ մեծ նշանակութիւն ունին, իսկ Շէնգաւիթի մէջ շտեմարաններու թիւը հսկայական է», պատմեց մասնագէտը:

Սիմոնեան յայտնեց, որ վերջերս արտերկրի մէջ հրատարակուած է յօդուած մը, որու մէջ կ՚ըսուի, որ Շէնգաւիթի մէջ եղած է կշիռի միասնական միաւոր, ինչ որ եւս պետականութեան խորհրդանիշ է: Ըստ իրեն՝ Շէնգաւիթի կշիռի միաւորները կը համընկնին Սուրիա-Պաղեստին աշխարհի կշիռի միաւորներուն:

Յակոբ Սիմոնեան շեշտեց, որ պեղումները մեծ ելմտական ծախսեր կը պահանջեն, քանի որ նիւթերը պէտք է մաքրել, դասակարգել, վերականգնել, պատրաստել լուսանկարները, պէտք է փեթրոկրաֆիք վերլուծութիւններ ընել՝ հասկնալու համար, թէ ինչ սկըզ-բունքով պատրաստուած է խեցեղէնը, անհրաժեշտ է լուսապատկերային վերլուծութիւն կատարել՝ մետաղի գտածոներու տարրաբանական կազմը որոշելու համար:

«Շէնգաւիթի մէջ կան հնագոյն ոսկերչական նմոյշներ, որոնք ցոյց կու տան, որ այդտեղ եղած է նաեւ ոսկերչական արուեստ, ինչ որ կրնար ձեւաւորուիլ միայն պետական հովանաւորութեամբ գործող արհեստանոցներէ ներս, եթէ ոչ պետական, ապա տաճարական, իշխանական հովանաւորութեամբ գործող արհեստանոցներու մէջ», ըսաւ հնագէտը:

Անդրադառնալով 2020 թուականին իրականացուած պեղումներու արդիւնքներուն՝ ան տեղեկացուց, որ հիմնականին յայտնաբերուած են խեցեղէնի հսկայական բեկորներ՝ ծածկուած հողի, կիրի շերտով: Հազարաւոր բեկորներ լուացուած են, հիմա դասակարգման աշխատանքները տեղի կ՚ունենան: Այն գտածոները, որոնք արժէքաւոր են, կ՚առանձնացուին, իսկ անոնք որոնք ոչ, դարձեալ կը թաղուին յուշարձանի տարածքէն ներս:

«Յայտնաբերուած են զէնքի տեսակներ, վանակատէ պատրաստուած հալած մետաղներու խարամներ, արձանիկներ, քարերէ գործիքներ: Մեր ամերիկացի գործընկերներու վկայութեամբ Շէնգաւիթը քարէ գործիքներու քանակով կը գերազանցէ իրենց յայտնի յուշարձաններէ շատ-շատերը: Յայտնաբերուած գտածոներէ կը քաղուին ամբողջ տուեալները: Կարեւոր է խեցեղէնի գոյնը, ձեւը, տեսակը եւ այլն: Սա հսկայական աշխատանք է, որ կրնայ տարիներ տեւել, բայց մենք կ՚ունենանք ամբողջական պատկեր Շէնգաւիթի խեցեգործութեան մասին», եզրափակեց Յակոբ Սիմոնեան:

Չորեքշաբթի, Ապրիլ 21, 2021