ՍԱԴՐԻՉ ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի Սիւնիքի մարզ կատարած աղմկարար այցելութեան արձագանգները կը շարունակուին։ Կը հաղորդուի, որ ան Սիւնիքի մէջ այցելած է զօրամասեր, Կապան քաղաքէն ներս զրուցած է բնակիչներու հետ ու մասնաւորապէս՝ Սիւնիքի մարզպետարանին մէջ իր գլխաւորութեամբ տեղի ունեցած է խորհրդակցութիւն մը։ Փաշինեանի բանբերը՝ Մանէ Գէորգեան այս մթնոլորտին մէջ անդրադարձած է վարչապետի այցելութեան զուգահեռ տեղի ունեցած բողոքի ցոյցերուն։ Ան Ագարակի եւ Մեղրիի մէջ տեղի ունեցածները որակած է՝ «յայտնի շրջանակներու կողմէ կազմակերպուած գործողութիւններ»։

Փաշինեանի Սիւնիքի մարզ կատարած այցելութեան ժամանակ տեղւոյն վրայ կատարուած բողոքի ցոյցերուն առընթեր, Երեւանի մէջ ալ ընդդիմադիր ցուցարարները հերթական անգամ դուրս եկան բողոքի։ Թէ՛ երեկոյեան եւ թէ այս առաւօտ մայրաքաղաքի մէջ ցուցարարներ հերթական անգամ կառավարութեան դէմ հակազդեցութիւն յայտնեցին։ Անոնց հաւաքուած հասցէներն էին՝ կառավարութեան շէնքը եւ վարչապետի բնակած ապարանքի գտնուած շրջանը։ Կը հաղորդուի, որ ստեղծուած լարուած իրավիճակին մէջ բազմաթիւ ձերբակալութիւններ կը կատարուին։ Սիւնիքի մարզէն տեղական ինքնակառավարման մարմիններու բազմաթիւ բարձրաստիճան պաշտօնավարներ ոստիկանութեան կողմէ Երեւան տարուելով ձերբակալուած են։ Անոնց կարգին կը գտնուին քաղաքապետներ եւ զանազան աստիճանի կարեւոր պաշտօնատարներ։

Սիւնիքի մարզպետարանէն ներս տեղի ունեցած խորհրդակցութեան ընթացքին քննարկումներ ծաւալուած են պատերազմի հետեւանքով ստեղծուած իրավիճակին շուրջ։ Ըստ Փաշինեանի, Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ սադրիչ յայտարարութիւններով կ՚ուզէ ետ կանգնիլ համաձայնութիւններէն։ Փաշինեան հերթական անգամ յիշեցուց, որ Արցախի պատերազմին վերջ տուած հրադադարի համաձայնութեան մէջ «Զանգեզուր», «Սիւնիք», «Միջանցք», արտայայտութիւնները գոյութիւն չունին։ Խօսքը կը վերաբերի տարածքաշրջանային հաղորդակցութիւններու բացման։ «Եթէ Ատրպէյճան կը խօսի Զանգեզուրի միջանցքի մասին, ապա այդ տրամաբանութեամբ Հայաստան կրնայ խօսիլ Նախիջեւանի միջանցքի մասին, հիւսիս-ատրպէյճանական միջանցքի մասին։ Արդարեւ Ատրպէյճան, ըստ այդ համաձայնութեան, կրնայ ստանալ միայն այնպիսի «միջանցք», ինչպիսին Հայաստան կը ստանայ Ատրպէյճանի տարածքով՝ ներառեալ Նախիջեւանի տարածքով», ըսաւ Փաշինեան եւ աւելցուց, որ Ատրպէյճանի ղեկավարութիւնը սադրիչ յայտարարութիւններով պարզապէս կ՚ուզէ ետ կանգնիլ համաձայնութիւններէն՝ սրելով իրավիճակը տարածքաշրջանէ ներս, ըստ էութեան, շարունակելու համար Հայաստանի շրջափակման քաղաքականութիւնը։

Հինգշաբթի, Ապրիլ 22, 2021