Չորեքշաբթի 15, Յունուար 2025
ՓՈՒԹԻՆ ՊԱՏՐԱՍՏԱԿԱՄ
Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութին յայտարարեց, որ պատրաստ է տեսակցիլ Ուքրայնայի նախագահ Վլատիմիր Զելենսքիի հետ։ Փութին պատրաստակամութիւն յայտնեց Զելենսքին Մոսկուայի մէջ հիւրընկալելու համար՝ անոր տեսակէտէ յարմար որեւէ ժամանակ։
Մոսկուա-Քիեւ առանցքի առկայ լարուածութեան մթնոլորտին մէջ, վերջին օրերուն Զելենսքի Տոնպասի շրջանէն ներս ապրուած հակամարտութեան շուրջ առաջարկած էր Փութինի հետ ունենալ հանդիպում մը։ Արժեւորելով այդ առաջարկը՝ Վլատիմիր Փութին ըսած է հետեւեալը. «Եթէ Զելենսքի կը փափաքի երկկողմանի յարաբերութիւնները վերակենդանացնել, ապա միայն գոհ կ՚ըլլանք այդ բանէն»։
Ուրբաթ, Ապրիլ 23, 2021