ՆԱԽԱԳԱՀԸ ԴԻՄԵՑ ԴԱՏԱՐԱՆ
Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան որոշեց չվաւերացնել երկրի բարձրագոյն կրթութեան եւ գիտութեան մասին օրէնքին մէջ եւ յարակից օրէնսդրութեան գծով նախատեսուած փոփոխութիւններու ծրարը, որ վերջերս Ազգային ժողովի հաւանութեան արժանացած էր։ Նախագահ Սարգսեանի աշխատակազմը երէկ տեղեկացուց, որ այդ օրէնքի Սահմանադրութեան համապատասխանութիւնը ճշդելու համար որոշուած է դիմել Սահմանադրական ատեան։
Ըստ օրէնքին յարակից ներկայացուած հիմնաւորման՝ գլխաւոր նպատակն է կրթութեան եւ գիտութեան համակարգերու կառավարման արդիւնաւէտութեան բարձրացումը։ «Սակայն հարկ է ընդգծել, որ օրէնքը համակարգային բնոյթ չունի եւ անով նախատեսուած կարգաւորումներով գիտութեան ու կրթութեան ոլորտէ ներս առկայ խնդիրներուն համար առաւելապէս հատուածական լուծումներ կ՚առաջարկուին», տեղեկացուած է Հանրապետութեան նախագահի աշխատակազմին կողմէ։ Միեւնոյն ժամանակ այս կապակցութեամբ նախագահի աշխատակազմի ուսումնասիրութիւնները եւ մասնագիտական կարծիքները ի յայտ բերած են այն եզրակացութիւնը, թէ առանձին դրոյթներ առերեւոյթ խնդրայարոյց են սահմանադրականութեան տեսանկիւնէն։
Հարկ է յիշեցնել, որ խորհրդարանի կողմէ շուրջ ամիս մը առաջ ընդունուած այս նախագծի լոյսին տակ Արմէն Սարգսեան բազում խորհրդակցութիւններ ունեցած էր մասնագիտական շրջանակներու հետ։