ՆԱՀԱՏԱԿ ԴԻՒԱՆԱԳԷՏՆԵՐՈՒ ՅԻՇԱՏԱԿԻՆ ՑՈՒՑԱՀԱՆԴԷՍ ԻՍԹԱՆՊՈՒԼԻ ԵՒ ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍԻ ՄԷՋ

Հանրապետութեան նախագահութեան առընթեր Հաղորդակցութեան բաժանմունքը այս օրերուն կազմակերպած է ցուցահանդէս մը, որ ձօնուած է հայկական ահաբեկչական կազմակերպութիւններու կողմէ նահատակուած թուրք դիւանագէտներու յիշատակին։ 24 Ապրիլին, երբ հայերը ամբողջ աշխարհի մէջ կը վերյիշեն Մեծ Եղեռնը, Հանրապետութեան նախագահութեան առընթեր Հաղորդակցութեան բաժանմունքն ալ զուգահեռաբար կեանքի կը կոչէ այս նախաձեռնութիւնը։

Նահատակ դիւանագէտներու ցուցահանդէսը նոյնաժամանակ կը բացուի Լոս Անճելըսի եւ Իսթանպուլի մէջ։ Լոս Անճելըսի ցուցահանդէսը բաց պիտի մնայ մինչեւ 26 ապրիլ։ Իսթանպուլի ցուցահանդէսը կազմակերպուած է Սիրքեճիի պատմական կայարանին մէջ եւ բաց պիտի մնայ մինչեւ 30 մայիս։

Այս առթիւ հրապարակուած պաշտօնական հաղորդագրութեան մէջ մատնանշուած է, որ սիստեմաթիք եւ կազմակերպուած ահաբեկչական յարձակումներու ենթարկուած են այն լաւ պատրաստուած պետական պաշտօնատարները, որոնք աշխարհի վրայ կը ներկայացնէին Թուրքիան։ Ցուցահանդէսի ընթացքին այցելուները պիտի գտնեն մասնաւոր տեսանիւթեր, որոնք արհեստական բանականութիւնով պատրաստուած են։

Ցուցահանդէսի ծիրէն ներս բացատրուած են նաեւ այն աշխատանքները, որոնք Թուրքիոյ կողմէ յառաջ կը տարուին 1915 թուականի դէպքերու բացայայտման եւ ճշմարտութիւններու ի յայտ բերման նպատակով։

Շաբաթ, Ապրիլ 24, 2021