ՀԲԸՄ-Ի ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԵԱՆ ՆԱԽԱԳԱՀԻ ԿԼՈՊԱԼ ՈՒՂԵՐՁԸ

Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան (ՀԲԸՄ) Կեդրոնական վարչութեան նախագահ Պերճ Սեդրակեան վերջին օրերուն հանդէս եկաւ համաշխարհային պատգամով մը։ ՀԲԸՄ-ի Նիւ Եորքի աղբիւրները 15 ապրիլին հրապարակեցին այդ պատգամը։ Պերճ Սեդրակեան այդ պատգամը հրապարակած է ՀԲԸՄ-ի հիմնադրութեան 115-ամեակին առթիւ, սակայն տարեդարձի այս տարուան ուղերձը բացառապէս համատեղուած է 24 Ապրիլի պատգամին հետ։ Սա հայ իրականութեան առկայ մարտահրաւէրներուն համահունչ տրամաբանութենէ մը բխած է։ Ստորեւ կը ներկայացնենք Պերճ Սեդրակեանի պատգամը։

*

115 տարի շարունակ ՀԲԸՄ հետեւողականօրէն արձագանգած է աշխարհասփիւռ հայութեան կարիքներուն՝ ծառայելով հայրենիքին ինչպէս ցաւագին, այնպէս ալ խոստմնալից ժամանակներու մէջ։ Այս կարեւոր օրը խորհրդանշական է անով, որ ան կը նշուի Հայոց ցեղասպանութեան յիշատակի օրուայ նախաշեմին. վերջինս ալ աշխարհին կը յիշեցնէ մարդկային պատմութեան ամենամռայլ ժամանակներու մասին։

Երկու իրադարձութիւններն ալ առաւել խորիմաստ նշանակութեամբ օժտուած են այս տարի, որովհետեւ մենք կը յառնինք հայ ժողովուրդի համար խիստ աւերիչ ժամանակահատուածէ, որու ընթացքին ականատես եղանք մարդկային ողբերգութիւններու ու վիշտի, ինչ որ շատ բանով նման է աւելի քան հարիւր տարի առաջ տեղի ունեցածին։

Փորձութիւններով լի, սակայն, անով հանդերձ, հարուստ մեր պատմութիւնը ընդունելով՝ մենք մեր ուշադրութիւնը կը սեւեռենք դէպի ապագայ։ Մեր նոր ընդհանուր իրողութեան առերեսուելու ժամանակ մենք պէտք է հետեւողականօրէն շարունակենք ազգի միաւորման եւ վէրքերը բուժելու գործը՝ աջակցելով մէկզմէկու, խթանելով նոր սկիզբ մը։ Սա կ՚ենթադրէ աջակցութիւն մեր երիտասարդ ժողովրդավարութեան կառուցման՝ արդար եւ մրցակցային ընտրութիւններու միջոցաւ։ Սա կենսական նախապայման է, եթէ կ՚ուզենք միացեալ ուժերով յառաջ շարժիլ դէպի մեր նպատակը։ Մենք պէտք է նաեւ աջակից ըլլանք Հայաստանի եւ Արցախի ժողովուրդին, որ 44 օրուայ մարտերու ժամանակ կորսնցուց ընտանիքի անդամներ կամ տակաւին կը սպասէ սիրելիներու վերադարձին։

ՀԲԸՄ մշտապէս հաւատարիմ է իր առաքելութեան հիմնական յենասիւներուն, այն է՝ մարդասիրական օգնութիւն դժուար ժամանակներու մէջ, ազգաշէն գործունէութիւն Հայաստանի մէջ եւ, անշուշտ, կրթութեան եւ մշակոյթի հարստացում։ Մենք զօրավիգ եղած ենք Հայ Եկեղեցւոյ՝ որպէս մեր հաւատքի եւ համայնքի հազարամեայ ամրոց, անցեալին, այսօր եւ ապագային ընդառաջ։ Իսկ վաղը բացուելուն պէս, ՀԲԸՄ կրկին, առանցքային պահերուն, ձեռնամուխ կ՚ըլլայ ընդհանուրի բարօրութեան նպաստող իր առաքելութիւններուն, ինչպէս վերջին տարիներուն իրականացուցած ենք Սուրիոյ, Լիբանանի եւ Արցախի մէջ, պատերազմի, աղէտներու եւ առողջապահական ու ելմտական ճգնաժամերու հետեւանքով յառաջացած ահռելի մարդասիրական կարիքները բաւարարելու նպատակով։ 

Մենք կոչ կ՚ուղղենք մեր ղեկավարութեան, աշխարհասփիւռ կամաւորներուն, աջակիցներուն ու բարեկամներուն՝ մեզի միանալ սպասուող ահռելի մարտահրաւէրները դիմագրաւելու համար։ Մենք կը դիմենք աշխարհի տարածքին մեր ղեկավարութեան, կամաւորներուն, աջակիցներուն՝ միանալու մեզի դիմակայելու համար հսկայական մարտահրաւէրները, օգտագործելով ամէնուրեք հայերու համար աւելի լաւ ապագայ մը կերտելու հնարաւորութիւնները։ Մեր կոչը յատկապէս կ՚ուղղենք քաղաքացիական մտածելակերպով օժտուած մեր երիտասարդ սերունդի առաջնորդներուն, որոնք մեզ կ՚ոգեշնչեն՝ համաշխարհային մեր հանրոյթին ծառայելու իրենց ձգտումով, ինչպէս նաեւ կը քաջալերենք աւելի մեծ թիւով երիտասարդներու մասնակցութիւնը այս արագ ծաւալուող շարժման։ ՀԲԸՄ հպարտօրէն օրինակ կը ծառայէ, որովհետեւ մենք կ՚ողջունենք մասնակցութիւնը կեանքի ամենատարբեր ճանապարհները ընտրած այն բոլոր մարդոց, որոնք կը բաժնեն մեր արժէքներն ու առաքելութիւնը՝ կապուած համաշխարհային հայ ընտանիքին ծառայելու գործին հետ։

Մտադրուած ըլլալով նախաձեռնել եւ ընդլայնել շարունակական ծրագրեր, անոնց մօտենալով ճիշդ կողմերէ եւ դրսեւորելով անհրաժեշտ հեռատեսութիւն՝ հայոց պատմութեան այս դժուարին էջը կը շրջենք աւելի ուժեղ, աւելի վստահ Հայաստանով, որ աւելի ամուր կանգնած կ՚ըլլայ՝ զբաղեցնելով իր հիմնաւոր տեղը համաշխարհային բեմահարթակի վրայ։

Միութիւնը զօրութիւն է։

Շաբաթ, Ապրիլ 24, 2021