ՆՈՒՐԲ ՇՓՈՒՄ

Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան երէկ երեկոյեան ժամերուն հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտընի հետ։ Ուշագրաւ ժամկէտով, նուրբ շփում մըն էր այս մէկը։ Ապրիլի 24-ի ընդառաջ Անգարայի եւ Ուաշինկթընի միջեւ ամենաբարձր մակարդակի վրայ կապ հաստատուեցաւ, երբ թուրք-ամերիկեան յարաբերութիւններու դիմագրաւած դժուարութիւններուն վրայ այս շրջանին եկած է դարձեալ աւելնալ հայկական հարցը։ Օրերէ ի վեր միջազգային աղբիւրները կը հաղորդեն, որ նախագահ Պայտըն Ապրիլի 24-ի պատգամին մէջ կը պատրաստուի 1915-ի դէպքերը որակել՝ որպէս ցեղասպանութիւն։ ԱՄՆ-ի իւրաքանչիւր նոր նախագահի առաջին 24 Ապրիլի պատգամէն առաջ միշտ ալ հայկական հարցը կը պայմանաւորէ թուրք-ամերիկեան յարաբերութիւններու տուեալ պահու մթնոլորտը։ Այս տարուան երեւոյթն ալ նոյնն է։

Երէկուան հեռախօսազրոյցին կապակցութեամբ Անգարայի եւ Ուաշինկթընի կողմէ կատարուած պաշտօնական հաղորդումներուն մէջ որեւէ ակնարկութիւն չեղաւ հայկական հարցին։ Այս պահուն դժուար է ենթադրել, որ սա տարակարծութեա՞ն մը, թէ ոչ հարթուած հարցի մը ազդանշանն է, երբ Պայտընի պատգամի հաւանական բովանդակութեան շուրջ սպասումը կը շարունակուի։

Պեշթեփէի աղբիւրները հաղորդեցին, որ նախագահները ընդգծած են երկկողմանի յարաբերութիւններու ռազմավարական բնոյթը։ Անոնք համակարծիք գտնուած են, որ փոխադարձ շահերու հիման վրայ համագործակցութեան զարգացման նպատակով համատեղ աշխատանքը կարեւորութիւն կը ներկայացնէ։ Էրտողան մատնանշեց ԱՄՆ-է ներս ՖԵԹԷՕ-ի գոյութեան հարցը եւ Սուրիայէ ներս ԱՄՆ-ի կողմէ ՓՔՔ-ՓԵՏ ահաբեկչական կազմակերպութեան նկատմամբ ցուցաբերուած զօրակցութիւնը։ Հանրապետութեան նախագահը համոզուած է, թէ նման խնդիրներու լուծումը կարեւորութիւն կը ներկայացնէ թուրք-ամերիկեան յարաբերութիւններու մակարդակը ա՛լ աւելի զարգացնելու տեսակէտէ։

Էրտողան եւ Պայտըն նաեւ ժամադրուեցան հանդիպում մը ունենալու համար ՆԱԹՕ-ի մօտալուտ՝ յունիս ամսուան մէջ նախատեսուած գագաթաժողովի ծիրէն ներս։

Էրտողան-Պայտըն հեռախօսազրոյցի լոյսին տակ «Reuters» եւ «Bloomberg» հեղինակաւոր ամերիկեան լրատուամիջոցները յաւելեալ մանրամասնութիւններու արձագանգ հանդիսացան՝ յղում կատարելով Սպիտակ տան աղբիւրներուն։ Ըստ այդ լուրերուն, Էրտողանի հետ զրուցելու ժամանակ Պայտըն տեղեկացուցած է, որ Ապրիլի 24-ի պատգամին մէջ մտադիր է հայոց տեսակէտներուն ընթացք տալու։ «Ազատութիւն» ռատիօկայանի հաղորդումներով, Պայտըն նշած է, որ «կը պատրաստուի ճանչնալ հայոց ցեղասպանութիւնը»։ 

Ճօ Պայտըն շահագրգռութիւն յայտնած է համագործակցութեան ընդլայնուած շրջանակներու մէջ երկկողմանի շինիչ յարաբերութիւններու եւ տարաձայնութիւններու արդիւնաւէտ կարգաւորման ուղղութեամբ։

Նախագահներու առընթեր, երէկ Անգարա-Ուաշինկթըն առանցքին վրայ եւս երկու կարեւոր հեռախօսազրոյց տեղի ունեցաւ։ Այսպէս, Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլու խօսեցաւ ԱՄՆ-ի Պետական քարտուղար Էնթընի Պլինքընի հետ։ Հանրապետութեան նախագահութեան առընթեր Անվը-տանգութեան եւ արտաքին քաղաքականութեան խորհուրդի փոխ-նախագահ Իպրահիմ Քալընն ալ զրուցեց ԱՄՆ-ի նախագահի ազգային անվտանգութեան խորհրդական Ճեք Սալըվընի հետ։

ՊԱՔՈՒԷՆ ԱՐՁԱԳԱՆԳ

Միւս կողմէ, Պաքուի ղեկավարութիւնն ալ կոչ ուղղեց Ուաշինկթընին, որպէսզի պատմական սխալ մը չգործէ։ Այսպէս, Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի օգնական Հիքմէթ Հաճիեւ յայտնեց, որ պատմութիւնը պէտք է ուսումնասիրուի պատմաբաններու կողմէ եւ եթէ ԱՄՆ այդպիսի քայլի մը երթայ, ապա իր երկիրը վճռականօրէն պիտի դատապարտէ։ Ան մէջբերեց նաեւ Իլհամ Ալիեւի խօսքերը, ըստ որոնց Թուրքիոյ դէմ ձեռնարկուած իւրաքանչիւր քայլ նաեւ Ատրպէյճանի դէմ է։

Շաբաթ, Ապրիլ 24, 2021