ՈՒՍԱՆԵԼԻ ՊԱՏՄՈՒԱԾՔՆԵՐ ԵՒ ԳՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
ՈՍԿԵԱՅ ԿԱՆՈՆՆԵՐ ԱՄԲՈՂՋ ԿԵԱՆՔԻ ՀԱՄԱՐ
• Տեսանելիին հետ մի՛ համաձայնիր, Անտեսանելիին հաւատայ։
• Աղօթքը մեր առաջին արձագանգը պէտք է ըլլայ եւ ոչ թէ վերջին յոյսը։
• Երկու բան անհրաժեշտ է ապրելու եւ ուրախանալու համար, առաջինը՝ ապրիլ, երկրորդը՝ ուրախանալ։
• Եթէ այսօր կեանքդ Աստուծոյ վստահած ես, ապա կու գայ ժամանակը, երբ մասիդ կ՚ըսեն. «Ահաւասիկ թէ Աստուած ինչ հրաշալի կերպով կը գործէ»։
• Ծունկերդ կրնան քեզ աւելի հեռուն տանիլ, քան՝ ոտքերդ։
• Ծաղիկներէն օրինակ ա՛ռ, ատոնք միայն լոյսին առջեւ կը բացուին, իսկ խաւարին առջեւ՝ կը փակուին։
• Մարդ կ՚ըսէ՝ մինչեւ չտեսնեմ, չեմ հաւատար…, Աստուած կ՚ըսէ՝ մինչեւ չհաւատաս, չես տեսներ։
• Մարդիկ ստեղծուած են, որպէսզի սիրուին, իսկ առարկաները՝ որպէսզի ատոնցմէ օգտուին, սակայն՝ երբեք հակառակը… (Անյայտ հեղինակ)։
- Եթէ նոթան ըսէր. «Մէկ նոթայով երաժշտութիւն չի՛ գրուիր»,
… ո՛չ մէկ նուագ գոյութիւն չէր ունենար։
Եթէ բառը ըսէր. «Մէկ բառով միտք չ՚արտայայտուիր»,
… գիրքերը գոյութիւն չէին ունենար։
Եթէ քարը ըսէր. «Մէկ քարով պատ չի՛ կառուցուիր»,
… տուները գոյութիւն չէին ունենար։
Եթէ ջուրին կաթիլը ըսէր. «Մէկ կաթիլով գետ չի վարարիր»,
… ովկիանոսը գոյութիւն չէր ունենար։
Եթէ ցորենի հատիկը ըսէր. «Մէկ հատիկով արտ չի ցանուիր»,
… հունձքը գոյութիւն չէր ունենար։
Եթէ մարդը ըսէր. «Սիրոյ արարքով մը մարդկութիւնը չի՛ փրկուիր»,
… երկրի վրայ երբեք գոյութիւն չէին ունենար ո՛չ արդարութիւն, ո՛չ խաղաղութիւն, ո՛չ արժանապատուութիւն, ո՛չ երջանկութիւն…։
Ինչպէս երաժշտութիւնը իւրաքանչիւր նոթայի կարիքը ունի,
ինչպէս գիրքը՝ իւրաքանչիւր բառի,
ինչպէս տունը՝ իւրաքանչիւր քարի,
ինչպէս ովկիանոսը՝ իւրաքանչիւր կաթիլի,
ինչպէս հունձքը՝ իւրաքանչիւր հատիկի,
նմանապէս, մարդկութիւնը կարիքդ ունի,
այնտեղ՝ ուր կը գտնուիս,
միակդ,
ուստի՝ անփոխարինելիդ (Միշել Քուասթ):
ԱՂԲԻ ԶԱՄԲԻՒՂԻՆ ԱՅԼԱՓՈԽՈՒՄԸ
- Անգամ մը հարուստ մարդ մը աղբով լեցուն զամբիւղը կու տայ աղքատի մը։ Աղքատը կը ժպտայ, կը վերցնէ զամբիւղը ու կը հեռանայ։ Աղբը դատարկելով ու զամբիւղը մաքրելով, աղքատ կինը զայն ծաղիկներով կը լեցնէ, կը վերադառնայ հարուստ մարդուն տան մօտ եւ անոր կու տայ զամբիւղը։
Հարուստը շատ կը զարմանայ ու կը հարցնէ.
-Ինչո՞ւ ինծի կու տաս ծաղիկներով լեցուն զամբիւղը, երբ ես ատիկա քեզի աղբով լեցուն տուի։
-Իւրաքանչիւր մարդ ուրիշներուն հետ կը կիսուի անով՝ ինչով հարուստ է (Անյայտ հեղինակ)։
- 2014 թուական պիտի մտնենք [արդէն 2021 հասած ենք, սակայն գրութիւնը աւելի քան այժմէական է], եւ
Տակաւին ոմանք կը կարծեն, թէ ինքնաշարժը միջոց մըն է ցոյց տալու ապրուստի մակարդակը եւ հպարտանալու համար, ու ոչ թէ փոխադրութեան միջոց։
Տակաւին ոմանք կը կարծեն, թէ հագուստները ազդելու միջոց է ու ինքզինք ցոյց տալու, եւ ոչ թէ պարզապէս անձը ծածկելու համար են։
Տակաւին ոմանք կը կարծեն, թէ տուները հպարտանալու առիթ են հիւրերու վրայ ու ուշադրութիւն գրաւելու, եւ ոչ թէ ապրելու վայր։
Տակաւին ոմանք մարդիկը իրենց երեւոյթներէն կը դատեն, մոռնալով, թէ սիրտ մը եւ միտք մը կան։
Մենք կ՚ապրինք ընկերութեան մը մէջ, որ ընկղմած է երեւոյթները սիրելու մէջ (Թարգմանութիւն՝ արաբերէնէ)։
ԻՄԱՍՏՈՒՆԸ ԵՒ ԱԹԷԻՍՏԸ
Իմաստունը եւ աթէիստը կը հանդիպին իրարու։ Աթէիստը կը փորձէ իմաստունը համոզել, թէ Աստուած չկայ եւ անհեթեթութիւն է հաւատալ, որ ինչ որ մէկը ստեղծած է մեզ շրջապատող աշխարհը։ Իմաստունը չի՛ փորձեր առարկել։ Միայն անոր կ՚ըսէ, թէ մի քանի օր ետք պիտի այցելէ իրեն։ Օրեր ետք, իմաստունը կ՚այցելէ աթէիստին եւ անոր գեղեցիկ նկար մը կը նուիրէ։ Աթէիստը հիացած կը բացագանչէ.
-Հրա՜շք է, իսկ որո՞ւ կախարդական վրձինին կը պատկանի այս գլուխ գործոցը։
-Ո՛չ ոքի, -կը պատասխանէ իմաստունը-, տանս նկուղին մէջ սնտուկ մը ներկեր դրուած էին, անոնց կողքին ալ մաքուր կտաւ մը։ Օր մը, երբ պատահաբար ներկերուն դպայ, անոնք կտաւին վրայ թափեցան եւ այս հրաշալի նկարը դուրս եկաւ։
-Դուք վրա՞ս կը խնդաք, -կը զարմանայ անհաւատը-, ինչպէ՞ս թէ պատահաբար թափեցան։ Չի՛ կրնար այդպիսի բան պատահիլ։ Նայեցէ՛ք այս կտաւին, ինչպիսի՜ ներդաշնակութիւն, միտքերու ինչպիսի՜ խորութիւն եւ ինչքա՜ն ցայտուն են արտայայտուած մանրամասնութիւնները։ Ես երբեք չե՛մ հաւատար, որ այս կտաւը ոեւէ տաղանդաւոր հեղինակ չունենայ։
-Կը տեսնէ՞ք, -կը պատասխանէ իմաստունը-, դուք նոյնիսկ դուք ձեզի թոյլ չէք տար մտածելու, թէ այս նկարը ինքն իրմէ յառաջացած է պատահաբար՝ առանց ոեւէ հեղինակի մտայղացումին։ Ապա ես ինչպէ՞ս հաւատամ, թէ երկիրն ու տիեզերքը, դաշտերն ու մարգագետինները, լեռներն ու բլուրները, գետերն ու լճակները պատահաբար յառաջացած են, առանց մեծագոյն Արարիչի կամքին ու մտայղացումին։
«ԻՆՔԶԻՆՔԻՍ ՀՍԿԵՄ, ՈՐ ԽՕՍՔՈՎ ՉՄԵՂԱՆՉԵՄ»
- Պամբօ Սուրբ Հայրը, որ չէր գիտեր կարդալ, գացած է, որպէսզի գրագէտէ մը Սաղմոս սորվի։ Երբ լսած է 39-րդ Սաղմոսին առաջին տողը, ուր կ՚ըսուի. «Ինքզինքիս հսկեմ, որ խօսքով չմեղանչեմ», չէ ուզած այլեւս լսել ու ըսած է. «Եթէ Սաղմոսին այս տողը գործով կարենամ կատարել, այդ մէկը ինծի համար բաւական կ՚ըլլայ»։ Երբ ուսուցանող վարդապետը յանդիմանած է զինք, որովհետեւ վեց ամիսէ չէր եկած իր մօտ, սուրբը պատասխանած է. «Տակաւին գործս չեմ աւարտած»։ Տարիներ ետք, ծանօթներէն մէկը դարձեալ հարցուցած է անոր, թէ սորվա՞ծ է 39-րդ Սաղմոսին սկիզբը։ Սուրբը պատասխանած է. «39 տարիներու ընթացքին հազիւ կարենամ գործով սորվիլ» (Հայելի Վարուց)։
ԵՕԹԸ ՏԵՂԵՐ, ՈՒՐ ԱՍՏՈՒԱԾ ԻՐ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԸ ԿԸ ԴՆԷ
1) Իր ուսերուն վրայ [ուժի տեղը] (Ելք 28.12)։
2) Իր գիրկին մէջ [վստահութեան տեղը] (Ես 40.11)։
3) Իր սիրտին վրայ [զգացմունքներու տեղը] (Ելք 28.29)։
4) Իր ձեռքերուն մէջ [ապահովութեան տեղը] (Ես 49.16)։
5) Իր ճակատին վրայ [մտածումի տեղը] (Ելք 28.28)։
6) Իր թեւերուն վրայ [իշխանութեան տեղը] (Ելք 19.4)։
7) Իր բազուկներուն վրայ [պաշտպանութեան տեղը] (Բ. Օր 33.27)։
Դուն Աստուծոյ հետաքրքրութեան ու սիրոյ առարկան ես (Թարգմանութիւն՝ արաբերէնէ)։
ՀՈԳԵՒՈՐ ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆ ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԱՐԴԱՐՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍԻՆ
Հոգեւորական մը ջանասիրութեամբ կ՚աղօթէր.
-Աստուած իմ, Դուն ողորմած ու համբերող ես, բայց ինչո՞ւ հոգիի փրկութիւնը այդքան դժուար է եւ դժոխքը մեղաւորներով լեցուն է։
Ան այդ հարցումը տալով երկար աղօթեց Աստուծոյ։ Եւ ահա, Աստուծոյ հրեշտակը յայտնուցեաւ անոր ու ըսաւ.
-Երթանք, ես ցոյց կու տամ քեզի ճամբաները, որոնցմով մարդիկ կ՚անցնին։
Անոնք խուցէն դուրս եկան եւ հրեշտակը ծերունին անտառ տարաւ։
-Կը տեսնե՞ս այդ անտառահատը, որ իր ուսերուն վրայ շալկած կը տանի փայտերու ծանր կապը եւ չ՚ուզեր գոնէ մէկ մասը մէկ կողմ նետել թեթեւնալու համար։ Նոյն ձեւով բազմաթիւ մարդիկ իրենց մեղքերը իրենց ուսերուն վրայ կը տանին եւ չեն ուզեր ապաշխարել։
Յետոյ հրեշտակը ծերունիին ջուրով լեցուն ջրհոր մը ցոյց կու տայ, եւ կ՚ըսէ.
-Կը տեսնե՞ս այդ խելագարը, որ մաղով ջրհորէն ջուր կը հանէ, մարդիկն ալ այդպէս կ՚ապաշխարեն։ Ներում կը ստանան եւ յետոյ կը շարունակեն մեղանչել, եւ ողորմածութիւնը կը հոսի՝ ինչպէս ջուրը մաղէն։
Հրեշտակը դարձեալ մարդ մը ցոյց կու տայ եւ կ՚ըսէ.
-Կը տեսնե՞ս ատիկա, որ ձիուն վրայ գերան դրած է, վրան նստած ու կ՚ուզէ Աստուծոյ տաճար մտնել, իսկ գերանը դռներու առանցքին կը մնայ։ Այդպէս ալ մարդիկ իրենց բարի գործերը կ՚ընեն, առանց խոնարհութեան եւ մեծամտօրէն, առանց գիտնալու ատոնց գինը։
Իսկ հիմա դուն դատէ՛, Աստուծոյ համար դիւրի՞ն է նման մարդիկ փրկելը, Իր ողորմածութեան ու արդարութեան միջեւ ընտրելով…
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Վաղարշապատ