ԵՐԿՈՒՍՏԵՔ ՈՒՂԻՂ ՍՐՏԻՆ

Ապրելու համար շատ բան պէտք չէ՝ հող ու հայրենիք: Իսկ ահա Փանոսին լիաթոք շնչելու համար անհրաժեշտ է մինչեւ թոքերը հասցնել ազատութեան օդը: Ճաղավանդակներէ ներս օդը ծանր է ու հեղձուցիչ, նոյնիսկ բացօթեայ տարածքներու մէջ:

Փանոսը կարօտ է ազատութեան: Տասն տարի է՝ կը փտի բանտին մէջ: Յանցա՞նքը... մարդասպանութիւն, ընկերասպանութիւն, զինակից ընկերոջ դիտաւորեալ սպանութիւն: Դրացին էր, քանի մը տուն վերեւ: Զիրար չէին ճանչնար: Նոյն զօրամասի մէջ կը ծառայէին: Այստեղ ալ իրենց միջեւէն ինչեւ-որ կատու անցաւ: Մէկը բռնեց յաւերժի ուղին, միւսն ալ իր կեանքի գարունը անցուց խոնաւ ու մութ, գորշ ու մռայլ պատերու մէջ:

Զղջա՞ց: Ոչ: Պատճա՞ռը: Չի մանրամասներ: Կը գերադասէ պահել ծածուկ: Փորձառու քննիչն անգամ չկրցաւ բերանէն խօսք մը քաշել:

Գիշեր մը, երբ երկու դրացիներով ու քանի մը զինակից ընկերներով կը հսկէին հայոց սահմանը, յանկարծ հնչեց կրակոց մը: Մխիթարը տապալեցաւ գետին եւ փչեց վերջին շունչը: Փամփուշտը ուղիղ սրտին դիպած էր. արտաշնչելու հնարաւորութիւն չունեցաւ: Փանոսը գոցեց վերջինիս աչքերը եւ խոստովանեցաւ իր յանցանքը: Գնաց ու կորաւ: Յետագային օրինակելի կարգապահութիւն դրսեւորելով  բանտի մէջ, քանի մը տարի կանուխ ազատեցաւ:

Ծանօթ ու անծանօթ ցնցուեցան: Երկուստեք կ՚ապրէին ցաւ: Երկու կեանք խորտակուեցաւ: Մէկը բռնեց յաւերժի ուղին, միւսը՝ բանտի: Այստեղ ալ մաշեցուց իր օրերը: Երկու պատանի, տակաւին նոր յայտնուած երիտասարդութեան սեմին՝ բռնեցին կործանումի ուղին: Զոհը չապրեցաւ իր կեանքը: Յանցագործն ալ ցաւոտ ցատկ մը կատարեց իր երիտասարդութեան վրայէն: Կեանքի գարունը չվայելած ազատութեան շունչը զգաց կեանքի մայրամուտին:

Ազատութեան մէջ ապրեցաւ անազատ: Թոքերը այլեւս առաջուանը չէին: Ազատութեան համը կիսատ-պռատ կը շնչէր ու կ՚արտաշնչէր: Ամէն անգամ կրծքավանդակին մէջ կը զգար սուր ցաւ մը:

Բանտի տաղտկալի ու անգոյն օրերը կը թուէին տարիներ: Ազատութեան մէջ խաղի կանոնները տարբեր են: Հասարակ մարդոց համար ժամանակը շուտով կ՚անցնէր, իսկ Փանոսի համար՝ ակնթարթօրէն: Ծերութիւնը նոյնպէս շտապած էր կանուխ այցելելու իրեն: Միջին հասակին ծերացաւ: Քառասուն տարեկան էր, բայց վաթսունի տեսք ունէր:

Ամուսնացաւ: Կրցաւ գտնել այն կինը, որ բոլոր թերութիւններով հանդերձ պիտի սիրէր ու նուիրէր ինքզինք: Կինը գեղեցիկ ու բարեհամբոյր այրի մըն էր: Ամուսինը տարիներ առաջ արկածի մը ընթացքին մահացած էր: Ունէր երկու երեխայ՝ մանչ եւ աղջիկ: Օժիտ ըլլալով՝ անչափահաս երեխաներն ալ իր հետ բերաւ երկրորդ ամուսինին տուն:

Սեփական երեխաներ չունեցան: Երկուքը կը բաւէ: Փանոսը կնոջ զաւակները ընդունեց հարազատի պէս եւ նուիրուեցաւ մինչեւ հոգիին խորքը:

Աստուծոյ սա երկու հրեշտակները նոր ու պայծառ երանգներ հաղորդեցին Փանոսի միապաղաղ կեանքին: Տիրոջ ողորմածութեամբ վերջինս աշխատանք ալ գտաւ. շինարարական ընկերութեան մը մէջ բանուորութիւն կ՚ընէր: Գոհ էր իր ապրուստէն: Ժամանակին կը վարձատրէին: Վաստակածն ալ կը բաւէր ընտանիքի ծախսերը հոգալու, տղոցն ալ անհոգ մանկութիւն պարգեւելու համար:

Թերեւս Փանոսի միակ յանցանքը զինակից ընկերոջ սպանութիւնն էր: Ամէն հարցի մէջ անաչառ էր: Բնաւորութեամբ զուսպ ու կշռադատ: Դժուար էր հաւատալ, որ նման անբասիր կեանք ապրող մէկը ունակ է մարդասպանութեան: Զղջա՞ց... Տակաւին չէ խոստովանած իր զղջումի մասին: Առհասարակ անցեալի մասին չէր խօսեր. կը գերադասէր ծանր լռութիւնը:

Լռութիւնը ամենաբարձր ճիչն է, որ կը խլացնէ ականջներ ու կը պայթեցնէ սրտեր:

Այսպէս, օր մը, պայթեցաւ Փանոսի ուռած սիրտը: Մեղսագործի սիրտը պայթեցաւ ոչ թէ լռութենէ, այլ «Պայրաքթար»ի հերթական հարուածէն: Խրամատի մէջ, հարուածային անօդաչու թռչող սարքի հարուածէն բեկոր մը եկաւ ու խրուեցաւ Փանոսի սրտին մէջ: Տեղն ու տեղը զոհուեցաւ:

Տարիներ առաջ, ան՝ խրամատի մը մէջ խլեց իր զինակից ընկերոջ կեանքը, իսկ այսօր՝ պատերազմի կատաղի պահին, խրամատի մը մէջ, ան զոհեց իր կեանքը յանուն հայրենիքին:

ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ

Երեւան

Չորեքշաբթի, Ապրիլ 28, 2021