Նոր հարթութիւն (5)

Թուրքիա եւ ԱՄՆ տասնամեակներ շարունակ կայուն յարաբերութիւններ յառաջ տարած են՝ որպէս ռազմավարական դաշնակից։ Անոնց յարաբերութիւններուն բնոյթը շատ ատեն համագործակցութիւնը կանխատեսելի հունի մը մէջ պահած է կարմիր գիծերու նկատմամբ երաշխաւորուած յարգանքով հանդերձ։ Թէեւ որոշ տագնապալի իրավիճակներ յառաջացած են, սակայն միթէ հայկական հարցը այնքան կարեւո՞ր էր, որ Անգարայի եւ Ուաշինկթընի միջեւ կարմիր գիծի մը խախտուելուն պատճառ դառնար, այսքան լուրջ ցնցում մը յառաջացնէր։ Սպիտակ տունէն 24 Ապրիլին հրապարակուած պատգամը ինքնաբերաբար այս հարցումին ծնունդ կու տայ։ Թէ ինչո՞ւ նախագահ Պայտըն դիմած է նման ծանրակշիռ քայլի մը՝ հակառակ Թուրքիայէն հնչած բոլոր զգուշացումներուն։

Երկաթեայ վարագոյրի փլուզումէն առաջ եւ վերջ, հասկնալիօրէն, հայկական հարցի նշանակութիւնը տարբեր եղած է միջազգային առումով։ Երբ այսօրուայ Հայաստանը Խորհրդային Միութեան մաս կը կազմէր, Թուրքիոյ տեսակէտէ ամէն ինչ բաւական ապահով էր։ Անգարա մէկ կողմէ Մոսկուայի հետ երկկողմանի գետնի վրայ կայուն մթնոլորտ մը ապահոված էր՝ բացառելով ամէն տեսակ մտահոգութիւն, իսկ միւս կողմէ ՆԱԹՕ-ի անդամ էր։ Դաշինքի ծայրամասին ան կանգնած էր հակառակ պլոքի սահմանին վրայ։ Այս հանգամանքը իր կշիռը կը բարձրացնէր երկու առումով։ Մէկ կողմէ ան կարելիութիւն կ՚ունենար Սովետական Միութեան հետ շփուելու՝ որպէս Արեւմուտքի դաշնակից, իսկ միւս կողմէ յաչս Արեւմուտքի ամուր դիրքեր ունէր՝ կանգնած ըլլալով հակառակ պլոքի սահմանին վրայ։ Իրերու այս դրուածքը փոփոխութեան ենթարկուեցաւ Սովետական Միութեան փլուզումէն վերջ։ Հայաստանի անկախացումը միջազգային բեմահարթակի վրայ ստեղծեց նոր պայմաններ։ Արդարեւ, տեսականօրէն, Հայաստանի Հանրապետութիւնը միջազգային ընտանիքին առջեւ պիտի դառնար հայկական հարցի շուրջ հիմնական խօսակիցներէն մին։ Եթէ անոնցմէ մին Թուրքիան էր, ապա միւսն ալ արդէն Հայաստանը կը դառնար։ Նորանկախ պետութիւնը իրաւայաջորդ կը համարուէր։ Թէեւ հայկական հարցը Հայաստանի չափ կը վերաբերի նաեւ սփիւռքին եւ սփիւռքահայերը Հայաստանի Հանրապետութենէն զատ բազում երկիրներու քաղաքացիներ կը հանդիսանան, սակայն, անկախ պետականութեան գոյութիւնը հաւասարակշռութիւնները կը փոխէր։ Ուժերու յարաբերակցութեան տեսակէտէ, գործնականօրէն, Թուրքիա երբեք պէտք չէ ունեցած Հայաստանի գոյութիւնով մտահոգուելու կամ տագնապելու եւ այսօր ալ չունի առաւել եւս։ Բայց եւ այնպէս, Անգարայի արտաքին քաղաքականութեան օրակարգին վրայ ինքնաբերաբար նոր առաջնահերթութիւններ յայտնուեցան՝ անմիջական հարեւանութեամբ անկախ Հայաստանի մը յայտնուելուն զուգահեռ։ Այստեղ շատ կարեւոր հանգամանք մըն է, որ Հայաստանի անկախացման գործընթացը զուգահեռ եղաւ Արցախի պատերազմին հետ։ Թուրքիա, անշուշտ, կը զգար, թէ Հայաստան սպառնալիք մը չէր կրնար ըլլալ իրեն համար, սակայն, Լեռնային Ղարաբաղի պատերազմը կը համարէր իր նորանկախ հարեւանին կողմէ ծաւալապաշտական ձգտում մը, ինչ որ անարդարանալի, անհանդուրժելի, նոյնիսկ անմարսելի էր իրեն տեսակէտէ։

Այս նոյն ժամանակաշրջանին, յետսովետական իրավիճակի պայմաններով փոփոխութեան ենթարկուեցան նաեւ դաշնակցային յարաբերութիւններու դրուածքը միջազգային բեմահարթակին վրայ։ Թուրքիա՝ որպէս արեւմտեան պլոքի ներկայացուցիչ, կը ձգտէր բացուիլ դէպի Կեդրոնական Ասիոյ թրքախօս երկիրները։ Սա այնպիսի ուղղութիւն մըն էր, որ ըլլալով նախկին Խորհրդային Միութեան տարածքը՝ Ռուսաստանի ազդեցութեան գօտին կը համարուէր։ Թուրքիա դէպի Կեդրոնական Ասիոյ թրքախօս երկիրները կը բացուէր՝ նոր որակով յարաբերութիւններ կառուցելով Ռուսաստանի Դաշնակցութեան հետ, նաեւ շատ աւելի թափ կու տար անոր հետ համագործակցութեան՝ Կեդրոնական Ասիա բացուելու ճանապարհին կանխելով ռուսական կողմի կիրքերու բորբոքման ռիսքերը։ Մէկ կողմէ Մոսկուա կը տեսնէր, թէ այդ յետսովետական ժամանակներու իր հնարաւորութիւններով այդքան ալ անհանգստանալու կարիք չունէր Անգարայի նախաձեռնութիւններէն, իսկ միւս կողմէ Արեւմուտքը՝ մանաւանդ ԱՄՆ թրքական կողմը այդ ուղղութեան վրայ կը խրախուսէր, որովհետեւ իր դաշնակցին միջոցաւ, իր դաշնակցին հետ արեւմտեան ազդեցութիւնն ալ պիտի հասնէր դէպի Կեդրոնական Ասիա։

Թէեւ սկիզբին այդքան սաստիկ չէր, սակայն Սովետական Միութեան փլուզումէն վերջ ալ նոր կերպար մը ստացած էր Արեւմուտքի եւ Ռուսաստանի մրցակցութիւնը։ ԱՄՆ դարձած էր աշխարհի միակ գերտէրութիւնը եւ կը ձգտէր իր ազդեցութիւնը տարածել դէպի նախկին Խորհրդային Միութեան նորանկախ երկիրները։ Ուաշինկթըն նման բազմաթիւ երկիրներու պարագային ունեցաւ այդ հնարաւորութիւնը։ Հարաւային Կովկասն ալ դարձաւ այն հանգոյցներէն մին, ուր զիրար կը խաչաձեւէին միջազգային յառաջատար դերակատարներու շահերը։

Վրաստան դիրքորոշուեցաւ դէպի Արեւմուտք։ Ատրպէյճան հնարաւորութիւն ունէր երկու կողմերուն ալ աչք թարթելու՝ իր բնական պաշարներուն շնորհիւ, նաեւ Թուրքիոյ հետ կառուցած առանձնայատուկ յարաբերութիւններով։ Մնաց որ, Թուրքիա շատ սերտ յարաբերութիւններ մշակեց նաեւ Վրաստանի հետ։ Նոյն ծիրին մէջ կարելի է դասել նաեւ Ուքրայնան։ Այսինքն, Թուրքիոյ ազդեցութեան տարածումը միշտ նպաստաւոր կ՚ըլլար Արեւմուտքի տեսակէտէ, նաեւ միշտ հանդուրժելի՝ Ռուսաստանի տեսակէտէ։

Այս համայնապատկերին վրայ միակ բացառութիւնը Հայաստանն էր։ Հարաւային Կովկասի մէջ ըլլալով Ռուսաստանի հիմնական դաշնակիցը՝ Հայաստան կը դիմագրաւէր Լեռնային Ղարաբաղի պատերազմի հետեւանքները։ Իր սահմանափակ աշխարհագրական կարելիութիւններով՝ Հայաստան չորս հարեւաններէն երկուքին կողմէ շրջափակման տակ առնուած էր արեւելքէն եւ արեւմուտքէն։ Անայլընտրանք վիճակի մէջ հիւսիսի եւ հարաւի հարեւաններուն՝ Վրաստանի եւ Իրանի հետ ալ համագործակցութիւնը յառաջ կը տանէր որոշ չափով անարդար մրցակցութեան պայմաններու մէջ։ Արեւմուտքը կ՚ուզէր նաեւ իր ազդեցութիւնը ընդլայնել դէպի Հայաստան, սակայն չէր կրնար ապահովել Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւններու բնականոնացումը։ Հայաստան Արեւմուտքի հետ յարաբերութիւնները զարգացնելու համար ֆիզիքապէս Թուրքիոյ վրայով պէտք է ուղղակի բացուէր արեւմտեան աշխարհ։ Արեւմուտքի գրեթէ բոլոր յառաջատար դերակատարները ունէին եւ ունին հայկական կարեւոր սփիւռք, ինչ որ քաղաքական նպաստաւոր կլիմայի պարագային կրնար բազմապատկիչ գործօնի մը վերածուիլ ազդեցութեան ընդլայնման համար։ Այս բոլոր հաշուարկները պիտի արդարանային, եթէ Անգարա-Երեւան յարաբերութիւնները դառնային բնականոն։ Ուաշինկթըն երկար ժամանակ այդ հեռանկարը խրախուսեց, Եւրոմիութեան ալ աջակցութիւնով հանդերձ։ Երբ կը յապաղէին ակնկալուած արդիւնքները, ընթացքին ԱՄՆ կը պարտաւորուէր հանդուրժել Հայաստանի յարաբերութիւններուն Իրանի հետ, որ իրեն համար անբաղձալի տարածքաշրջանային գործօնի մը վերածուած էր։ Իրանի դէմ ձեռնարկուած մեկուսացման արշաւով հանդերձ, Հայաստանին երբեք յաւելեալ պահանջներ՝ որպէս այդպիսին չէին ներկայացուեր, որովհետեւ ակնյայտ էր երկրի անայլընտրանք վիճակը։

Յետսովետական շրջանին ամենամեծ յուսախաբութիւնը եղաւ Ցիւրիխի մէջ ստորագրուած արձանագրութիւններու ձախողումը։ Նոյնիսկ Արեւմուտքի եւ Ռուսաստանի միջեւ փոխըմբռնում մը գոյացած էր Թուրքիա-Հայաստան յարաբերութիւններու բնականոնացման ուղղութեամբ։ Փաստաթուղթերու ստորագրման արարողութեան ներկայ էին գրեթէ բոլոր միջազգային յառաջատար դերակատարներու ներկայացուցիչները՝ գլխաւորութեամբ ԱՄՆ-ի, որու այդ ժամանակաշրջանի պետական քարտուղարի անմիջական ջանքերով հարթուած էր մետասաներորդ պահու տագնապը։

Երբ արձանագրութիւններն ալ ձախողեցան, անշուշտ, դարձեալ իրադրութեան փոփոխութիւն եղաւ, դարձեալ նոր պայմաններ ստեղծուեցան, բայց եւ այնպէս Թուրքիա կը յաջողէր իրեն տեսակէտէ նպաստաւոր հունի մը մէջ պահել ամէն ինչ։ Այս երեւոյթը պայմանաւորուած էր նաեւ ուրիշ շատ կարեւոր հանգամանքով մը։ Արդարեւ, միջազգային օրակարգի բազում խնդիրներու շուրջ սուր տարակարծութիւններով կամ բուռն մրցակցութիւնով հանդերձ, Արեւմուտքի եւ Ռուսաստանի պատկերացումները ըստ էութեան կը համընկնէին, շահերը կը համընկնէին Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման գործընթացին շուրջ։ Սա էր հիմնական պատճառը, որ թէ՛ Ռուսաստան եւ թէ Արեւմուտքը ի դէմս ԱՄՆ-ի արմատական փոփոխութիւններու համար կանաչ լոյս չէին վառեր Հարաւային Կովկասի պարագային։

ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ

Երկուշաբթի, Մայիս 3, 2021