ՄՂՁԱՒԱՆՋԸ ԿԸ ՇԱՐՈՒՆԱԿԷ
Երկինքը պարզկայ է: Կը շողայ արեւը: Թռչունները ուրախ ու զուարթ կը ծլվըլան պատուհանիս տակ. կ՚երգեն ճիշդ այն նոյն երգը, որու մեղեդիներու տակ կը բացուէին Շուշիի իմ առաւօտները: Կը ծաղկին ծաղիկները: Այս տարի Հայաստանը կանուխ ջերմացաւ: Կարծես ձմեռը, շրջանցելով գարունը, ցատկ մը կատարեց դէպի ամառ: Տաք վերարկուները փոխարինուեցան կարճաթեւ, թեթեւ հագուսներով ու զգեստներով:
Դուրսը տաք է, ներսը ցուրտ: Ոչ մէկ կերպ կը տաքնայ, աւելին՝ հետզհետէ կը պաղի, կը սառցակալէ: Բոլոր սպասումները կը փլչին աստիճանաբար:
Երանի կենդանիներուն: Անոնք կը յարձակին, կը սպանեն, երբ կ՚ըլլան անօթի: Անոնց միակ մտածումը իրենց փորը կշտացնելն է: Անոնք հայրենիք չունին. աշխարհն է անոնց հայրենիքը: Կենդանիներուն ծանօթ չէ նախանձը, փառասիրութիւնը, քէնը, շահամոլութիւնը... Անոնք գանձեր չեն ուզեր, չեն պայքարիր աւելի լաւ կեանքի համար: Անոնց պէտք չէ հարստութիւն, ցոփ ու շուայտ կեանք, ադամանդներ ու ոսկիներ: Անոնք ունին ամենաթանկը՝ ազատութիւն, խաղաղութիւն: Անհանգստութիւն կը զգան միայն ծարաւի ու քաղցի պահերուն: Բնութիւնը կը հոգայ վերջիններուս բոլոր կարիքները:
Մենք կենդանի չենք: Մենք Աստուծոյ կերպարանքով ստեղծուած մարդիկ ենք եւ ունինք բանականութիւն: Այս բանականութիւնն է, որ հազարամեակներ շարունակ մեզի ընկերակացաւ չարի եւ բարիի ուղին անցնելու ժամանակ եւ աստիճանաբար մարդը թեքեց դէպի վատը:
Սուրբ Երրորդութենէ հեռացաւ նաեւ ազգս հայոց: Եօթանասուն տարի առանց հաւատքի ապրիլը ծանր հետեւանք թողուց հայոց վրայ: Նոյնիսկ վերջին չարաբաստիկ պատերազմը չսթափեցուց ազգս: Կարծես հայու մեղաւոր սիրտը փոխանակ ամչնալու, աւելի մոլորեցաւ, չարացաւ: Իսկ չարի պտուղներն ալ կը քաղէ մեր երբեմնի ծաղկուն երկիրը: Մղձաւանջը կը շարունակէ: Սթափողները, դարձի եկողները սակաւաթիւ են:
Խաւարի մէջ կը մօտենայ սպասուած օրը: Այդ օրը պէտք է կա՛մ բարին յաղթէ, կամ չարը: Չարի հնարաւորութիւնները շատ քիչ են, սակայն հաւանականութիւնը՝ մեծ: Չարի յաղթանակով վերջակէտ պիտի դրուի հայոց պատմութեան, պիտի գոցուի հայոց պատմութեան վերջին էջը:
Սա օրհասական ու հեղձուցիչ օրերուն կ՚ուզեմ առ Աստուած բարձրաձայնել Անթուան տը Սենթ Էքզիւփերիի «Աղօթքը».
Աստուած իմ, ես չեմ խնդրեր հրաշքներ ու տեսիլքներ, ես կը խնդրեմ ուժ՝ ամէն օրուայ համար: Սորվեցուր ինծի փոքրիկ քայլերու արուեստը: Դարձուր զիս հետեւողական ու պատրաստակամ, որպէսզի օրուայ միապաղաղութեան մէջ ճիշդ ժամանակին կանգնիմ բացայայտումներու ու փորձի դիմաց, որոնք կը յուզեն զիս:
Սորվեցուր ինծի ճշգրիտ տնօրինել իմ կեանքի ժամանակը: Նուիրէ ինծի ներքին ձայն մը, որպէսզի առանձնացնեմ զայն, ինչ որ պէտք է ընել առաջին, այնուհետեւ երկրորդ հերթին:
Կը խնդրեմ Քեզմէ չափաւորութիւն ու զսպուածութիւն, որպէսզի իմ կեանքի ընթացքին չթռչիմ ու չսողամ, այլ կարենամ ծրագրել իմ օրը՝ օրուայ ընթացքին, կարենամ տեսնել բարձունքներն ու հեռուները:
Օգնէ ինծի հասկնալ, որ երազանքները չեն կրնար օգնել. ո՛չ անցեալի, ոչ ալ ապագայի մասին երազանքները: Օգնէ ինծի ըլլալ այստեղ եւ հիմա, ընդունիլ այս վայրկեանը որպէս ամենակարեւորն ու գլխաւորը:
Պահպանէ զիս այն միամիտ հաւատքէն, որ այս կեանքին մէջ ամէն բան պէտք է ըլլայ հարթ: Տուր ինծի յստակ գիտակցութիւն, որ դժուարութիւնները, ձախողումները, պարտութիւններն ու անյաջողութիւնները միայն կեանքի բնական բաղադրիչ մասն են, որոնց շնորհիւ մենք կ՚աճինք ու կը հասուննանք:
Յիշեցուր ինծի, որ յաճախ սիրտը կը վիճի բանականութեան հետ: Անհրաժեշտ պահուն իմ մօտ ուղարէ մէկը, զոր կ՚ունենայ քաջութիւնը ինծի ըսելու ճշմարտութիւնը, սակայն կ՚ըսէ զայն սիրելով:
Ես գիտեմ, որ շատ խնդիրներ կ՚որոշուին, երբ կը ձեռնարկես ոչինչ: Այդ պարագային տուր ինծի համբերութիւն: Դուն գիտես, թէ մենք ինչքան շատ կը զգանք ընկերութեան կարիք: Թոյլ տուր, արժանի ըլլալու ճակատագրի ամենահրաշալի ու քնքոյշ այդ նուէրին: Դարձուր զիս մարդ մը՝ ունակ բախելու այն դռները, որոնք ամենաներքեւն են: Պահպանէ զիս այն վախէն, զոր ես կրնամ բաց թողնել ինչ-որ բան իմ կեանքին մէջ:
Տուր ինծի ոչ թէ այն, ինչ որ ես կը խնդրեմ ինծի համար, այլ այն՝ ինչ որ իսկապէս անհրաժեշտ է ինծի համար: Եւ կը խնդրեմ նորէն՝ սորվեցուր ինծի փոքրիկ քայլերու արուեստը:
ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱԵԱՆ
Երեւան