ՀԵՌԱԽՕՍԱԶՐՈՅՑՆԵՐ

Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան երէկ հեռախօսազրոյցներ ունեցաւ Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի եւ Գերմանիոյ վարչապետ Անկելա Մերքելի հետ։ Քրեմլինի աղբիւրները տեղեկացուցին, որ ի թիւս այլ հարցերու, Էրտողան եւ Փութին անդրադարձան Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի կարգաւորման։ Նախագահները սոյն արժեւորումը կատարեցին՝ Թուրքիա-Ռուսաստան հրադադարի վերահսկման համատեղ ռազմական կեդրոնի գործունէութեան համատեսքին մէջ։ Պեշթեփէի աղբիւրներն ալ տեղեկացուցին, որ անոնք Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրին շուրջ ընդգծած են, որ տարածքաշրջանէ ներս բնականոնացման եւ կայունութեան գործընթացը լաւ պէտք է օգտագործուի։

Նախագահներու հեռախօսազրոյցի օրակարգին վրայ էր նաեւ Սուրիոյ իրադրութիւնը։ Այդ երկրէ ներս մշտական կայունութեան ապահովման տեսակէտէ Էրտողան կարեւորեց թուրք-ռուսական համագործակցութիւնը։ Ռուսական կողմն ալ մատնանշած է այդ համագործակցութեան շինիչ բնոյթը։ Էրտողան եւ Փութին խօսած են Սուրիոյ նոր սահմանադրութեան մշակման յանձնաժողովի գործունէութեան շրջանակներէն ներս՝ Սուրիոյ զանազան ուժերու երկխօսութիւնը յառաջ մղելու վերաբերեալ հարցեր։ Անգարա եւ Մոսկուա մտադիր են ապագային համակարգուած աշխատանք տանելու՝ Սուրիոյ կարգ մը շրջաններէ ներս ահաբեկչական խմբաւորումներու մնացորդներուն դէմ ապագային անզիջում պայքար մղելու։

Էրտողան Փութինի հետ զրուցելու ժամանակ յայտնեց, որ բազմաթիւ բնագաւառներէ ներս երկու երկիրներու միջեւ հաստատուած համագործակցութեան՝ քորոնաժահրի դէմ պատուաստանիւթի արտադրումի ընդգրկումն ալ մեծ գոհունակութիւն կը պատճառէ իրեն։ Այսպէս, ըստ կողմերու միջեւ ձեռք բերուած համագործակցութեան՝ Ռուսաստան Թուրքիա պիտի ուղարկէ իր արտադրած «Սփութնիք V» պատուաստանիւթը։ Էրտողան ընդգծեց թրքական կողմի ակնկալութիւնը, որպէսզի այդ մատակարարումները կատարուին ծրագրաւորուած հունին մէջ։

ՄԵՐՔԵԼԻ ՀԵՏ

Նախագահ Էրտողան Անկելա Մերքելի հետ ալ զրուցեց տեսաժողովի ձեւաչափով։ Անգարա-Պերլին յարաբերութիւններուն առընթեր երկու ղեկավարները անդրադարձ կատարեցին տարածքաշրջանային իրադրութիւններուն։ Էրտողան մատնանշեց, որ Թուրքիա-Եւրոմիութիւն յարաբերութիւններուն մէջ ապահովուած թափը պէտք է պահպանուի։ Նկատի ունենալով, որ Գերմանիոյ մէջ արդէն պատրաստութիւնները սկսած են յառաջիկայ խորհրդարանական ընտրութիւններուն համար՝ Էրտողան մաղթեց, որ այդ գործընթացը բարեբեր ըլլայ։ Նախագահը համոզուած է, թէ նոր շրջանին ալ Թուրքիա-Գերմանիա յարաբերութիւնները պիտի զարգանան աչալուրջ ձեւով եւ ռազմավարական հայեացքով։

Թուրքիա-Եւրոմիութիւն յարաբերութիւններու ծիրին մէջ Էրտողան մատնանշեց, որ Յունաստան կը շարունակէ սադրիչ շարժումները։ Եգէականի մէջ ալ կը շարունակուին խնդրայարոյց երեւոյթները, որոնք խոտոր կը համեմատին միջազգային իրաւունքի եւ խղճի։ Հակառակ այս բոլորին, Թուրքիա պաղարիւն դիրքորոշում մը որդեգրած է՝ դրական օրակարգի պահպանման համար։

Մերքելի հետ զրուցելու ժամանակ Էրտողան դիտել տուաւ, որ ՆԱԹՕ-ի հնարաւորութիւններուն ալ օգտագործումով պէտք է քննարկել նաեւ Աֆղանիստանի ի նպաստ զօրակցութիւնը ինչպէ՛ս կրնայ տեւականացուիլ ամենաազդու ձեւով։

Զրուցակիցները ուշադրութիւն կեդրոնացուցին նաեւ Լիպիոյ կացութեան վրայ։ Էրտողան դիտել տուաւ, որ երկրի կայունութեան համար թրքական կողմը պիտի շարունակէ խրախուսել ազգային համաձայնութեան կառավարութիւնը։ Այս ծիրին մէջ Թուրքիա պատրաստակամ է Գերմանիոյ հետ համագործակցութիւն ծաւալելու։

Հինգշաբթի, Մայիս 6, 2021