ՇԸՆԿԵՐ 3. ՄԱՅԵԱԿԸ
Պարոն Հմայեակը քաղաքի եթէ ոչ ամենէն բարի մարդոցմէ, ապա առնուազն ամենաբարի շընկերներէն կը թուի ըլլալ։ Ֆիզիկոս գիտնական է։ Եւ սա էական յատկանիշներէն է իր։ Այն օրը, երբ ըսաւ այդ մասին, սկսայ շատ աւելի հասկնալ զինք, իր արձակ ու անխնամ մազերը, բոլորովին անտեսուած արտաքին կերպարանքը՝ փոշոտ ու հին հագուկապով, պարզութիւնն ու խելացի աչքերը անշուշտ։ Ֆիզիկոս գիտնականի այն տեսակին կը պատկանի, որ կարելի է գտնել շարժանկարներու կամ հեքիաթներու մէջ։
Շունն ալ, տարօրինակօրէն բայց իսկապէս, շատ իրեն կը նմանի։ Այնքան մը, որ, շնաստուած չընէ, եթէ օր մը կորսուի, հաւանական է, որ անծանօթ անցորդ մը երկու մոլորած (շ)ընկերները տեսնելով հասկնայ, որ զիրար կը փնտռեն։ Ճիշդ իրեն նման ճերմակ բայց մոխրագոյնացած մազեր, յար ու նման իրեն՝ փնթի, չլուացուած ու չսանրուած. իր պարագային՝ գոնէ ամիսներով, մինչեւ ամառը գայ եւ խուզելու տարուի. մազախուրձ մը ուղղակի։ Խեղճը, ի՞նչ ընէ, ինքն իր խնամքով պիտի չզբաղուի բնականաբար։ Ու պարզ է, որ պարոն Հմայեակը, որ գիտական հաշուարկներով տարուած՝ ինքն իր արտաքինով իսկ չի զբաղիր, նոյնպէս եւ շան ինչպէս երեւալը (կամ զգալը) մտքաթող ընէ։
Տարի մը առաջ էր, երբ Հմայեակի հետ սկսայ շընկերային յարաբերութիւն մշակել. մեր երկուքին դուրս գալու եւ շուներու հետ ճեմելու ժամերը այդ ամիսներուն կը համապատասխանէին իրարու։ Աջէն-ձախէն ծանօթութիւն, հարցուփորձ, խօսակցութիւն... շընկերներուն գործն է։ Ու պարզուեցաւ, որ մէկ տղայ ունի, ան ալ՝ թուաբանագէտ։ Վերջինս ուսումէն դադար մը առած, քաղաքացիական պարտքը կատարելու համար բանակ գացած էր։ Բարեբախտաբար ապահով տեղ է, ծառայութիւնն ալ դիւրին է, ըսած էր Հմայեակը։ Որպէս գիտնական, զինք գործի դրած էին բանակի կառավարման համակարգի մասնաճիւղերէն մէկուն մէջ, համակարգչային գրասենեակ մը, աւելի մտաւոր քան ֆիզիքական ներուժ պահանջող գործի։
Եկաւ պատերազմը ու ապտակեց բոլորիս։ Նոր էր աւարտեր, երբ տեսայ Հմայեակը, ամիսներու դադարէ ետք։ Շունը կողքը չէր. հարցուցի, թէ ինչպէ՞ս է։ Լաւ է, ըսաւ, բայց քիչ դուրս կը հանէ զինք, քանի որ տղուն ալ պէտք է նայի հիմա։ Եւ կայծակնային գուշակութիւնս ճիշդ դուրս եկաւ. վիրաւորուած էր տղան։ Ի՞նչ իմանար, տարի մը առաջ, որ հնարաւոր վտանգը կրնար վերաճիլ այնքան, որ անցնէր խրամատերէն անդին, հասնէր գրասենեակներուն, ու հարուածէր զանոնք պայթիւններով։ Մէջքէն վար անշարժացած է առնուազն ժամանակաւորապէս, բացատրեց Հմայեակը, եւ իրապէս ալ շնորհակալութիւն յայտնեց ու փառք տուաւ, որ այդպիսով ազատած էր որդին։
Ամենաբարի, ամենաանմեղ մարդոցմէ մէկը կը թուի պարոն Հմայեակը...
ԵՐԱՄ
Երեւան