ԹՈՒՐՔԻԱ ԿԸ ԲՈՂՈՔԷ ԼԵԹՈՆԻՈՅ ԿՈՂՄԷ ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ՃԱՆԱՉՄԱՆ ԴԷՄ

Լեթոնիոյ խորհրդարանը երէկ ընդունեց բանաձեւ մը, որով 1915 թուականի դէպքերը բնորոշուեցան՝ որպէս ցեղասպանութիւն։ Թուրքիա բուռն ձեւով բողոքեց այս որոշման դէմ։ Հայաստանի ղեկավարութիւնը ողջունեց այդ քայլը։

Սոյն որոշման կապակցութեամբ Անգարայի հակազդեցութիւնը արտայայտուեցաւ Արտաքին գործոց նախարարութեան կողմէ հրապարակուած յայտարարութիւնով մը։ Այս առթիւ մատնանշուեցաւ, որ Լեթոնիոյ խորհրդարանին կողմէ առնուած որոշումը առ ոչինչ բնոյթով նախաձեռնութիւն մըն է, ունի քաղաքական հիմնաւորումներով պատմութիւնը վերախմբագրելու բնոյթ։ Թուրքիա այս տխրահռչակ եւ իրաւունքի անյարիր որոշումը կը մերժէ եւ խստիւ կը պախարակէ։ Նախարարութիւնը շեշտած է, որ խորհրդարանները պատմութիւն խմբագրելու եւ դատելու միջավայրեր չեն։

Անգարա այս փուլին յիշեցուցած է, որ միջազգային իրաւունքի մէջ ցեղասպանութեան բնորոշման տեսակէտէ սահմանուած անհրաժեշտ պայմաններէն որեւէ մէկը գոյութիւն չունի 1915 թուականի դէպքերու պարագային։ Ուստի, Լեթոնիոյ նախաձեռնութիւնը խոտոր նկատուած է 1948 թուականի Ցեղասպանութեան կանխարգելման եւ պատժման համաձայնութեան տրամադրութիւններուն եւ Եւրոպայի Մարդու իրաւանց ատեանի 2013 եւ 2015 թուակիր վճիռներուն, որոնք 1915 թուականի դէպքերու վիճելի բնոյթը բացայայտօրէն կ՚արտայայտեն։

Արտաքին գործոց նախարարութիւնը ընդգծած է, որ Լեթոնիոյ խորհրդարանը այս որոշումով ծառայած է այն շրջանակներուն, որոնք պատմութենէն թշնամանք դուրս բերել կը ջանան։ Ուստի, պահանջուած է ետ առնել այս սխալ քայլը։ Թրքական կողմը կոչ ուղղած է, որպէսզի Լեթոնիա խրախուսէ այն ջանքերը, որոնք հետամուտ են տարածքաշրջանէ ներս համակեցութեան հաստատման՝ գլխաւորապէս հայ եւ թուրք ժողովուրդներու միջեւ։

Ուրբաթ, Մայիս 7, 2021