ԼՈՒՐՋ ԵՐԱՇԽԻՔՆԵՐ

Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլու վերջին օրերուն պաշտօնական այցելութիւն մը տուաւ Գերմանիա։ Երկօրեայ ուղեւորութեան ծիրէն ներս ան բազմակողմանի շփումներ ունեցաւ Պերլինի ղեկավարութեան հետ։ Չավուշօղլու հիւրընկալուեցաւ Գերմանիոյ Արտաքին գործոց նախարար Հէյքօ Մաասի կողմէ, որու հետ բանակցութիւններ վարելու առընթեր սարքեց նաեւ համատեղ մամլոյ ասուլիս մը։ Պերլինի կեցութեան ընթացքին Մեւլիւտ Չավուշօղլու տեսակցեցաւ նաեւ Գերմանիոյ նախագահ Ֆրանք-Վալթէր Շթայնմայէրի, Ներքին գործոց նախարար Հորսթ Սեհոֆէրի, զբօսաշրջութեան ոլորտի պատասխանատուներու, յառաջատար կուսակցութիւններու ղեկավարներու եւ շարք մը նախկին ազդու բարձրաստիճան պաշտօնատարներու հետ։

Ներկայիս, քորոնաժահրի համաճարակով հանդերձ՝ զբօսաշրջութեան ոլորտէ ներս համագործակցութեան թափի պահպանումը երկկողմանի օրակարգին վրայ կարեւոր տեղ կը զբաղեցնէ։ Թուրքիա այս առումով լուրջ երաշխիքներ կու տայ, որպէսզի Գերմանիայէն զբօսաշրջիկներու հոսքը չկաղայ։ Հէյքօ Մաասի հետ համատեղ մամլոյ ասուլիսին ժամանակ Մեւլիւտ Չավուշօղլու դիտել տուաւ, որ զբօսաշրջութեան ոլորտի բոլոր աշխատողները փութով կը պատուաստուին ամրան ընդառաջ, անկախ իրենց աշխատավայրերու կարգավիճակէն։ 

Բաց աստի, երկկողմանի յարաբերութիւններու ընդհանուր ընթացքը եւ տարածքաշրջանային իրադարձութիւններն ալ արժեւորուեցան վերջին բանակցութիւններուն ժամանակ։ Չավուշօղլու շեշտեց ահաբեկչական կազմակերպութիւններու դէմ պայքարի գծով ազդու համագործակցութեան կարեւորութիւնը։ Ըստ նախարարին, հակառակ համաճարակին, երկկողմանի առեւտուրի ծաւալը աւելցած է եւ այս տարի պիտի գերազանցուի 40 միլիառ ամերիկեան տոլարի շեմը։

Մեւլիւտ Չավուշօղլու նշեց, որ Գերմանիա շինիչ ու մեծ նպաստ կը բերէ Թուրքիա-Եւրոմիութիւն յարաբերութիւններուն։ Յամենայնդէպս, նախարարը համոզուած է, թէ այլեւս շօշափելի քայլեր առնելու ժամանակն է։ Մաքսային միութեան այժմէականացումը, լիիրաւ անդամակցութեան բանակցութիւններու առանց նախապայմաններու վերսկսումը, գաղթի համաձայնութեան վերատեսութեան ենթարկուիլը, վիզաներու ազատականացումը եւ նման հարցեր Չավուշօղլուի կողմէ Պերլինի մէջ ընդգծուեցան՝ որպէս առանցքային հարցեր։

«Անցեալ տարին դժուար էր Թուրքիա-ԵՄ յարաբերութիւններուն տեսակէտէ։ Ըստ երեւոյթին, այս տարին լաւ պիտի ըլլայ։ Շատ կարեւոր է, որ իրարու հետ խօսինք։ Կարեւոր է, որ Անգարայի սպասումները ձեռք առնէք», ըսաւ Չավուշօղլու Պերլինի մէջ։

Ուրբաթ, Մայիս 7, 2021