Նոր հարթութիւն (10)
Նախագահ Ճօ Պայտընի 24 Ապրիլի պատգամը ի՞նչ ազդեցութիւն կրնայ գործել Թուրքիոյ եւ Հայաստանի ապագայ քաղաքականութեան վրայ։ Սպիտակ տան յայտարարութիւնը, միանշանակ, լուրջ գործօն մըն է, որ նոր հարթութեան մը վրայ կը դնէ հայկական հարցը։ Բայց եւ այնպէս, այս դիտարկումը չի սահմանափակուիր միայն անցեալի պատկերի արժեւորումով, այլ կը համարուի լուրջ գործօն մը, որ ապագայ իրադարձութիւններն ալ կրնայ պայմանաւորել։
Եթէ վերյիշենք Թուրկուտ Էօզալի բանաձեւումը, ապա ԱՄՆ արդէն արձակած է իր՝ մէկ անգամ օգտագործուելիք փամփուշտը։ Տասնամեակներու հոլովոյթին մէջ արդէն բաւական փոխուած է նաեւ ԱՄՆ-ի այդ՝ մէկ անգամ օգտագործելի փամփուշտին կշիռը։ Արդարեւ, Թուրքիա այսօր տագնապելու շատ աւելի քիչ պատճառներ ունի՝ Թուրկուտ Էօզալի իշխանութեան գլուխ գտնուած տարիներուն բաղդատմամբ։
Յառաջիկայ շրջանը, տրամաբանականօրէն, նաեւ պիտի ըլլայ կողմերու փոխադարձ զիրար դիտարկելու փուլը։ Թուրքիա պիտի ջանայ տեսնել, թէ Պայտընի յայտարարութենէն վերջ ի՞նչ կ՚ընէ Հայաստան։ Նոյնպէս, Երեւանն ալ պիտի ջանայ հետեւիլ, թէ Ուաշինկթընի առած քայլը ի՞նչ անդրադարձ կ՚ունենայ Անգարայի ընթացքին վրայ։ Այսքան բարդ հաւասարակշռութիւններու մէջ թէեւ վերջնական համոզումներ ունենալը բաւական դժուար է, սակայն, մինչեւ այսօր մեր ականատես եղածի տրամաբանական շարունակութիւնը թրքական կողմին տեսակէտէ կ՚ենթադրէ հիմնական ուղղութիւն մը։ Հարաւային Կովկասի մէջ Թուրքիա յառաջիկայ շրջանին ինքզինք պիտի զգայ շատ աւելի ազատ եւ համարձակ։ Միջազգային շահերու խաչմերուկին վրայ կը գտնուի այս տարածքաշրջանը, ուր ներկայիս կը գերիշխեն Թուրքիան ու Ռուսաստանը, զգալիօրէն առաւելութեան հասած ըլլալով Արեւմուտքին դիմաց։ Անոնք թէեւ աշխարհի այլ տարածքաշրջաններու պարագային Արեւմուտքի դիմաց նոյն գերակշիռ դիրքը չունին, սակայն, Հարաւային Կովկասը արդէն բացառութիւն է։ Ուստի, ուրիշ տարածքաշրջաններու վերաբերեալ սակարկութիւնները կրնան պայմանաւորել Հարաւային Կովկասի վերաբերեալ յառաջիկայ ռազմավարութիւնը։ Անշուշտ, աւելորդ է խօսիլ Անգարա-Մոսկուա առանցքի իրադարձութիւններու ճակատագրական բնոյթին մասին։
Հայաստանի պարագան էապէս աւելի տարբեր է այս տեսանկիւնէն։
ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ