ԳԼԽԱՊՏՈՅՏ ԺԱՄԱՆԱԿՆԵՐ

Նախաճաշէն վերջ անցան ճաշի: Արցախը բարեյաջող մարսեցին: Կլլելու ընթացքին երբեմն փոքրիկ չորութիւններու կը հանդիպէին, սակայն ումպ մը ջուրով բարեյաջող կը հասցնէին ստամոքս: Մեծաւ մասամբ դէմ էին: Սակայն այդքանը, ոչ աւելին: Անհամաձայնութիւնը արտայայտելու լաւագոյն միջոցը դիմատետրի մէջ զայրացած երեսներ բաժնուիլն է, զայրոյթ պարունակող քանի մը նախադասութիւն ձեւակերպելը:

Արցախը մարսելէ վերջ անցան ճաշի: Բնական երեւոյթ է՝ նախաճաշին կը յաջորդէ ճաշը: Ահաւասի՛կ, ճաշի ժամն է: Ճաշացանկի գլխաւոր ուտելիքը Սիւնիքն է: Դատարկ ստամոքսներով՝ երեխները կը սպասեն: Այլեւս պատառիկ փորձած են եւ համը մնացած է իրենց բերաններուն մէջ: Շրջապատած են: Նստած սեղանի շուրջ: Անհասկնալի պատճառներով ճաշի մատուցումը կ՚ուշանայ: Թէպէտ նախապէս պայմանաւորուած էին, թէ ի՛նչ պիտի ուտեն ճաշին:

Քաղցը հետզհետէ տեղի կու տայ անհանգստութեան: Անհանգստութիւնն ալ իր հերթին կամաց-կամաց կը վերաճի զայրոյթի: Տանտէրերը սիրով հրաւիրած են սեղանի շուրջ, սակայն իրենց անվտանգութեան պատասխանատուները կը փորձեն միջամտել՝ դուրս հրաւիրելով անօթի հիւրերը: Սակայն վերջիններս կը հրաժարին թողնել իրենց զբաղեցուցած աթոռները: Ոչ մէկ ձեւով կը շարժին իրենց տեղերէն: Նոյնիսկ քանի մը անգամ փորձեցին աթոռով հանդերձ տարածքէն հրաւիրել դուրս, սակայն ապարդիւն: Նորէն ծլեցան նոյն տեղը:

Իսկ անոնք, որոնք համաձայն չեն, պատուհանէն դուրս պարզապէս զայրացած հայեացքներով կը նետահարեն իրենց կողմէ անկոչ հիւրերը: Սակայն վերջիններուս մօտ, տան իրական տէրերու դէմքի արտայայտութիւնները կը յառաջացնեն միմիայն ծիծաղ: Իրենք իրենց կ՚ըսեն. «Ասոնք ի՛նչ տեսակ ժողովուրդ են, որ ձայն չեն հաներ, չեն դիմեր ինչ-որ կտրուկ գործողութիւններու: Շատ զարմանալի են: Ա՜յ, եթէ ինչ-որ մէկը փորձէ առանց մեր թոյլտուութեան յայտնուիլ նոյնիսկ մեր տան տարածքի շուրջ, վայրկեաններու ընթացքին յօդս կը ցնդեցնենք»: Կ՚ըսեն ու կը խնդան, ա՛լ աւելի բորբոքելով անդամալոյծի վերածուած ամբոխի նեարդերը. «Վնաս չունի: Ասոնցմէ ոչ մէկ վնաս կու գայ: Քանի դեռ ունինք հնարաւորութիւն, պէտք է օգտուինք: Մեր սիրելի հայը՝ Փաշինեանը յաւերժ չէ, քանի դեռ ոտքի է, պէտք է մեր ոտքերը ամրացնենք ու մեր փորերը կշտացնենք: Ամէն անգամ չես կրնար ունենալ այսպիսի յաջողութիւններ: Պէտք է մինչեւ վերջ օգտուինք մեզի ընձեռած բոլոր հնարաւորութիւններէն»:

Վստահաբար իւրայիններու հանդէպ անողոք ու դաժան, գառնուկի մորթի տակէն գայլի միջոցաւ անկուշտներու վոհմակը պիտի կարենայ յագենալ: Թերեւս բաղձալի ճաշն ալ մինչեւ վերջ կը վայելէ: Սակայն այսքանով անոնց ախորժակը չի սահմանափակուիր: Այցելած են ոչ թէ քանի մը ժամով, այլ քանի մը օրով: Ճաշին կը յաջորդէ յետճաշիկը, այնուհետեւ երեկոյեան արքայավայել ընթրիքը, որու ընթացքին պիտի համտեսեն ամենահամեղ պատառը: Անոնց տասնամեակներու փափաքն է:

Կուշտ փորով մուշ-մուշ քնանալէ վերջ, յաջորդ օրը պիտի չհեռանան: Հո՜յ, ճաշի մնացորդները պիտի չձգեն տան իրական տէրերուն, մինչեւ վերջին հացի փշուրը պիտի խժռեն, յետոյ հեռանան: Այլեւս ուտելու բան չկայ, մնալն ալ աւելորդ է:

Այո՛, եթէ շարունակենք քնանալ էշու ականջի մէջ, հացի փշուր մը անգամ մեզի պիտի չմնայ: Կենդանիներն անգամ իրենց բաժին ուտելիքի համար կու տան կենաց ու մահու կռիւ, իսկ մենք... կը ձգենք, որ շարունակեն մեզ բզկտել, ծուէն-ծուէն ընել:

Արցախը Հայաստանի դարպասն էր: Մեր մեծերը կ՚աղաղակէին՝ եթէ կորսցնենք Արցախը, կը շրջենք հայոց պատմութեան վերջին էջը: Անհայրենիքները, թուլամորթներն ու եսապաշտները ականջի ետեւ քցեցին այս ահազանգը: Այսօր կեցած ենք հայոց պատմութեան վերջին էջը շրջելու շեմին: Հայոց նեռը ամէն ձեւով կը փորձէ իր առաքելութիւնը հասցնել աւարտին, իսկ մենք քովէն կը հետեւինք լուռ. երբեմն կը բարձրացնենք մեր անհամաձայնութեան ձայնը ու կը լռենք:

Սիւնիքը Հայաստանի ողնաշարն է: Եթէ այն կոտրուի, հայ ազգը կը կնքէ իր վախճանը: Շատեր յոյսի նշոյլ կը տեսնեն յունիսի 20-ին: Սակայն հնարաւոր է շատ ուշ ըլլայ: Եթէ չսթափինք, մենք կը դառնանք այս տարածաշրջանի մէջ ապրած վերջին սերունդը: Մենք՝ բոլորս յայտնուած ենք գաղթական դառնալու վտանգի առջեւ: Իսկ ի՞նչ պիտի պատասխանենք մեր սերունդներուն...

ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ

Երեւան

Չորեքշաբթի, Մայիս 19, 2021