ՓԱՐԻԶԻ ՄԷՋ ՇԱՐԼ ԱԶՆԱՒՈՒՐԻ ԿԻՍԱՆԴՐԻՆ ԶԵՏԵՂՈՒԵՑԱՒ

Շաբաթավերջին Փարիզի մէջ տեղի ունեցաւ յատկանշական արարողութիւն մը, որով պաշտօնական բացումը կատարուեցաւ աշխարհահռչակ երգիչ Շարլ Ազնաւուրի՝ յետմահու զետեղուած կիսանդրիին։ 22 մայիսը Շարլ Ազնաւուրի ծննդեան տարեդարձի օրն է։ Այս տարի ան արդէն 97 տարեկան պիտի դառնար, յամենայնդէպս, իր յիշատակը կը մնայ վառ՝ այնքան, որ իր ծննդեան այս տարուայ տարեդարձի օրը նշանաւորուեցաւ մասնաւոր ձեռնարկով մը։ 

Փարիզի կեդրոնին, Օտէոնի խաչմերուկին վրայ զետեղուեցաւ Շարլ Ազնաւուրի կիսանդրին։ Այդ վայրը յատկանշական է, որովհետեւ Շարլ Ազնաւուրի ընտանիքը Փարիզ հաստատուելու ժամանակ ապրած էր բնակարանի մը մէջ, որ կը գտնուէր ներկայիս կիսանդրիի զետեղուած հրապարակի մօտակայքին։ 

Հանդիսաւոր արարողութեան ներկայ գտնուեցան Փարիզի քաղաքապետ Անն Իտալկօ, Փարիզի մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Յասմիկ Տոլմաճեան, ֆրանսահայ համայնքէն ներկայացուցիչներ, զանազան քաղաքապետարաններէ պաշտօնատարներ, հասարակական-քաղաքական գործիչներ, Շարլ Ազնաւուրի համակիրներ, ինչպէս նաեւ անմահ արուեստագէտի հարազատները։ Այս առթիւ հերթական անգամ ընդգծուեցաւ, որ Շարլ Ազնաւուր ֆրանսական մշակոյթի, երգի եւ ֆրանսերէն լեզուի դեսպանն էր ամբողջ աշխարհի մէջ։ Անն Իտալկօ ելոյթ մը ունեցաւ կիսանդրիի պաշտօնական բացման արարողութեան ընթացքին։

Իր կարգին, Շարլ Ազնաւուրի որդին Նիքոլա Ազնաւուրն ալ հանդէս եկաւ սրտի խօսքով մը։ Հարկ է նշել, որ Նիքոլա Ազնաւուր ներկայիս կը գլխաւորէ իր հոգելոյս հօրը անունով ստեղծուած հիմնադրամի ղեկավարութիւնը։ Շաբաթավերջի հաւաքոյթի ընթացքին Նիքոլա Ազնաւուր ըսաւ. «Երբ հայրս առաջին անգամ այցելեց Հայաստան, քանդակագործ Ալիս Մելիքեան իրեն նուիրեց այս կիսանդրին։ Տարիներ շարունակ այդ մէկը խնամքով պահպանուած է մեր տան մէջ, սակայն այսուհետեւ ան կը պատկանի բոլոր փարիզցիներուն եւ քաղաքի հիւրերուն։ Կը յուսանք՝ այս կերպով կը նպաստենք պահպանել հաւաքական յիշողութիւնը եւ անոր մշակութային ժառանգութիւնը»։

Հարկ է նշել, որ «Ազնաւուր» հիմնադրամը ներկայիս նախաձեռնած է Շարլ Ազնաւուրին ձօնուած յուշարձաններու տեղադրման ծրագրի մը աշխարհի զանազան նշանաւոր քաղաքներէն ներս։ Այդ նախագիծը յառաջ կը տարուի տուեալ քաղաքներու տեղական ինքնակառավարման մարմիններու, իշխանութիւններու, այլ կազմակերպութիւններու եւ հայկական սփիւռքի ներկայացուցիչներուն հետ համագործակցութեամբ։ Առասպելական արուեստագէտի յիշատակը վառ պահելու եւ անոր նկատմամբ յարգանքի տուրք մատուցելու մղումով այս նախագծին աջակցութիւն կը բերեն նաեւ զանազան բարերարներ։

Երեքշաբթի, Մայիս 25, 2021