ԺԸՆԵՒԻ ՄԷՋ ՏԵՍԱԿՑՈՒԹԻՒՆ

Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Ազգային անվտանգութեան խորհրդական Ճէք Սալըվըն եւ Ռուսաստանի Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Նիքոլայ Փաթրուշեւ երէկ հանդիպում մը ունեցան Ժընեւի մէջ։ Ուաշինկթըն-Մոսկուա առանցքին վրայ մէկ կողմէ կը դիմագրաւուին լուրջ տարակարծութիւններ, իսկ միւս կողմէ երկխօսութեան ջանքեր կը գործադրուին։ Այս մթնոլորտին մէջ քանի մը օր առաջ տեսակցած էին նաեւ երկու երկիրներու արտաքին գործոց նախարարները։

«Ազատութիւն» ռատիօկայանի հաղորդումներով, Ժընեւի մէջ տեղի ունեցած վերջին բանակցութիւնները անցած են շինիչ ոճով։ Հակառակ առկայ տարակարծութիւններուն՝ կողմերը կարելիութիւն ունեցած են աւելի լաւ հասկնալ իրարու դիրքորոշումները։

Յառաջիկային նախատեսուած է ԱՄՆ-ի նախագահ Ճօ Պայտընի եւ Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի հանդիպումը, որու նախապատրաստական աշխատանքները յառաջ կը տարուին ներկայիս։ Ենթադրաբար երկու նախագահները տեսակցին Եւրոպայի մէջ։ Յամենայնդէպս, առայժմ վերջնականօրէն յայտնի չեն այդ հաւանական տեսակցութեան թուականն ու վայրը։ Ըստ կարգ մը լրատուամիջոցներու, նախագահները կրնան ժամադրուիլ Զուիցերիոյ մէջ։

Երեքշաբթի, Մայիս 25, 2021