ՖԷՐԻԳԻՒՂԻ ՄԷՋ ՀԱՄԵՐԳ
Ս․ Վարդանանց եկեղեցւոյ «Նազար Շիրինօղլու» սրահին մէջ երէկ երեկոյեան տեղի ունեցաւ Երեւանի «Ալեքսանդր Սպենդիարեան» պետական օփերայի մեներգիչ, պաս-պարիթոն Սարգիս Բաժբէուկ-Մելիքեանի եւ խմբավար-դաշնակահար Արա Պետրոսեանի համերգը։ Համերգին հետեւող արուեստասէրներու կարգին էին եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Տ․ Զօհրապ Քհնյ․ Ճիվանեան, տեղւոյն թաղային խորհուրդի ատենապետ Մանուկ Էօղէր, Պէշիկթաշի քաղաքապետութենէն Նուրհան Փալաքօղլու։
Բացման խօսքը յանուն թաղային խորհուրդի արտասանեց Գարէն Թէրզեան։ Յայտագրի ընթացքին հնչեցին Սպենդիարեանէ, Աբրահամեանէ, Աֆրիկեանէ, Կոմիտասէ, Տիգրանեանէ, Վերտիէ, Կուրտիսէ, Ֆալվիոյէ, Կունոյէ, Մոցարթէ, Չուխաճեանէ, Խաչատուրեանէ, Խրեննիկովէ, Վալենտէ եւ Տաքլիաֆերիէ ստեղծագործութիւններ։
Յայտագրի միջնարարին պատմաբան Յասմիկ Ստեփանեան ներկաներուն ծանօթացուց իր թրքերէնով տպագրուած «Հայերու ներ-դըրումը Օսմանեան կայսրութեան մէջ» խորագրեալ հատորը։
Համերգի աւարտին ծաղկեփունջեր նուիրուեցան յայտագրի մասնակիցներուն։
Տիկնանց կազմի կողմէ սարքուեցաւ ընդունելութիւն մը։