«ԵՍ ՏԱՐԲԵՐ ԵՄ» ԶԳԱՑՈՂՈՒԹԻՒՆԸ

«Տիեզերքը ստեղծուած է միլիոնաւոր աստղերու բախումներու, պայթիւններու եւ ոչնչացման արդիւնքին։ Տիեզերքը, որ մենք այժմ կը դիտարկենք, ձեւաւորուած է փոշիէ, որ յառաջացած եւ ցրուած է այդ պայթիւններու եւ բախումներու ընթացքին։ Որպէս մարդ՝ աստղերէն յառաջ եկած են նաեւ մեր իւրաքանչիւր մոլեքիւլը կազմող աթոմները։ Ինչպէս գիտէք, իւրաքանչիւր աստղ առանձնայատուկ է եւ եզակի։ Այդ պատճառով իւրաքանչիւր մարդ ինքզինք կը զգայ առանձնայատուկ»։ 

ՔԱՐԼ ՍԱԿԱՆ

Ինքզինք առանձնայատուկ եւ կարեւոր տեսնելը հասարակութեան կողմէ յաճախ կ՚ընկալուի՝ որպէս բացասական երեւոյթ։ Բոլորի նման ըլլալը «հանգստաւէտ» է ինչպէս անձի, այնպէս ալ հասարակութեան համար։ Նման մտածողութեամբ մարդ մը սպառնալիք չի ներկայացներ համակարգերու համար՝ քանի որ դիմացինին չի նախանձիր (որովհետեւ արդէն նման են), ամէն ինչ հեշտութեամբ կ՚ընդունի, կը գործէ եւ կը մտածէ դիմացինին նման, չի հակադրուիր… 

Մարդ մը, որ ինքզինք այս կերպով «կ՚ընկալէ», մակաբոյծի նման է։ Ան չի մտածեր ճիշդի ու սխալի մասին։ Ըստ իրեն, ամէն ինչ որոշուած եւ մտածուած է արդէն։ Որոշուած է, թէ ան ինչպէ՛ս պէտք է տեսնուի, ի՛նչ պէտք է հագուի, ինչպէ՛ս պէտք է ապրի՝ մարմնի ձեւի կամ ընկերատնտեսական կարգավիճակի համաձայն… 

Ճիշդի եւ սխալի վերաբերեալ չմտածելը կը յառաջացնէ անպատասխանատուութեան վտանգը։ Անհրաժեշտ է թէ՛ մտածել ճիշդի եւ սխալի վրայ եւ թէ մարդկային պատասխանատուութեան զգացումը՝ կապ հաստատելու համար անարդարութեան ենթարկուած անհատի մը հետ։ Սա մենք մեզ առանձնայատուկ զգալու ամենաարդիւնաւէտ ձեւն է։ Բոլորս եզակի ենք անշուշտ, պէտք չէ յուսահատիլ այս փաստէն։

Տոսթոյեւսքին իր «Ապուշը» գիրքով կ՚անդրադառնայ «ես տարբեր եմ բոլորէն» զգացումին։ Ինչպէս առարկայականօրէն նշուած է վերնագրին մէջ՝ հեղինակը այդ զգացումը չի վերագրեր բոլորին։ 

Ըստ Տոսթոյեւսքիի, իւրաքանչիւր անհատ կը փափաքի ազատ ըլլալ։ Աւելի՛ն, այդ փափաքը միայն աղքատներու, կարիքաւորներու կամ անապահով մարդոց յատուկ չ՚ըլլար։ 

Հակառակ նիւթական հարստութեան, ընկերային դիրքը, գեղեցիկ արտաքին տեսքը կամ հեղինակութիւնը բաւարար չեն նուազեցնելու ինքնատիպ եւ անձնական գաղափարներ արտայայտելու անկարողութեան տհաճութիւնը։ Իւրաքանչիւր մարդ ձեւով մը կը մաքառի այս զգացումը յաղթահարելու համար, բայց որոշ մարդոց համար այս պայքարը կը դառնայ պարզապէս հոգեկան ընկճուածութեան «աղբիւր»։

«Պարզ մարդը» յաճախ կը ձգտի ազատիլ սովորականէ եւ կը դիմէ այնպիսի գործողութիւններու, որոնք անհիմն ու անհեթեթ ըլլալ կը թուին։ Որքան որ արտասովոր ըլլան իր կատարածները, ան գիտէ, թէ իր էութեամբ սովորական է։ Ան կը գիտակցի նաեւ, թէ սովորականէ ազատիլը անհնարին է։

Կան նաեւ մարդիկ, որոնք առանձնայատուկ չեն, բայց աւելի խելացի են: Այս անձի ամենակարեւոր առանձնայատկութիւնն է, թէ ան ընդունած է իր «սովորականութիւնը»։ Անոնք «տարբերելու» երազանքէն տարուելով մեծ սխալներ չեն գործեր։ Դժգոհ չեն ըլլար, բայց, ըստ էութեան, «անկրկնելի» չեն։

Իսկապէս «եզակի» մարդիկ կարիք չեն ունենար ապացուցանել իրենց «առանձնայատկութիւնները»։ Անոնք չեն տարբերիր իրենց խօսածներով կամ արարքներով, այլ եզակի են իրենց էութեամբ։ Մարդ երբ ինքզինք տարբեր չի զգար, չի կրնար այլ կերպով գործել։ Հակառակ որ մենք նոյն փոխադրամիջոցը կը գործածենք, նոյն աշխատավայրերու մէջ կ՚աշխատինք, նոյն ճաշը կ՚ուտենք, իւրաքանչիւրս հոգեբանօրէն եւ կենսաբանօրէն տարբեր կը «մենկաբանենք» վերոնշեալ գործողութիւնները։ 

Ընթրելու ժամանակ մէկը կրնայ ճաշի համեմունքը զանազանել, ուրիշ մը կրնայ յիշել իր մեծ մօր եփածները եւ յուզուիլ, այլ մէկը կրնայ մտածել բանջարեղէններու մաքրութեան մասին, իսկ ուրիշ մը՝ գինի մասին… Բոլորը նոյն ճաշը կ՚ուտեն, բայց իրենց մտածումները, դիտարկումները կամ արարքները կը տարբերին իրարմէ։

Եթէ մարդիկ հոգեբանօրէն իրենք զիրենք տարբեր չեն զգար, ինքնագնահատականը համապատասխանօրէն, աստիճանաբար կը նուազի։  Եթէ մենք «նոյն» ըլլայինք, մեր կեանքը կը ձեւաւորուէր միայն շրջակայ միջավայրի ազդեցութեամբ եւ կեանքը կը դառնար անտանելի ու մեքենական։

ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ

Երկուշաբթի, Մայիս 31, 2021