ՃԱՄԲԱՆ
Երկնագոյն դիմակը երեսին, դանդաղ քայլերով կը յառաջանայ մայթին վրայ։ Գլուխը կախ, ուսերն ու մէջքը յոգնած։ Կապոյտին տակէն դժուար կը շնչէ. քրտինքը կը հոսի վիզէն վար, կ՚երթայ տաք կրծքին։ Բոլորովին մերկ ու արեւոտ երկնքին տակ դիմադրութեան շարժուն օրինակ մը ըլլայ կարծես, որ կը յամառի, կը մաքառի, ու չի հեռանար ի տարբերութիւն տիկնոջ։
Նուազ քան կէս տարի առաջ կորսնցուց զայն, երբ վարակն այս, որ կ՚ըսեն, թէ աշխարհն է պարուրեր-պատեր, այցելեց անոր եւս։ Զարմանալի չէր. կողակիցը հիւրեր շատ սիրած էր ունենալ, բառին տարբեր իմաստներով։ Իրական՝ երբ երզնկացի մեծ մօր բաղադրատոմսերը բանեցնելով կը պատրաստէր սեղանն իրենց՝ ընդունելու համար թաղեցիները բոլոր, մօտ քառասուն հոգի, տարին երկու անգամ՝ մէկ իր մէկ ամուսնոյն ծնունդին։ Եւ փոխաբերական՝ տարբեր տենդեր, վարակներ ու ցաւեր մարմնին մէջ ու վրայ. «եկան, նորէն եկան...», կ՚ըսէր մէյ մըն ալ, եւ ամուսինը ամէն անգամ չէր հասկնար. ո՞վ եկաւ, ովքե՞ր եկան։ Ցաւերը։
Իսկ ինք պինդ էր. տակաւին փոքր տարիքէն։ Գիւղի բոլոր երեխաները ջրծաղիկով հիւանդացած էին, կը պատմէին իրեն մայրն ու մօրքոյրները տասնամեակներ անց, բացի իրմէ։ Ինք ուժեղ էր ֆիզիքապէս եւ հոգւով։ Տիկնոջ կորուստը թէեւ քիչ մըն ալ ծռեր էր ուսերն ու խլեր էր քանի մը կաթիլ արցունք յաճախ երկար անթարթ աչքերէն, բայց չէր կոտրեր զինք։
Կը քալէ ամէն օր այս նոյն ճամբան։ Կը հրէ պարտէզի խոշոր դարպասն իրենց, ոտքն ուշադրութեամբ կ՚անցընէ մետաղեայ սեմին վրայէն, կը դնէ դուրս. յետոյ կը հանէ մարմնին միւս կէսը, ետեւէն դարպասը զրնգազարնելով։ Ու դանդաղ, դժուար, բայց յամառ, կը քալէ մինչեւ անկիւնը թաղին, ուր աղբիւրն է։ Կը նստի շուքին, ձեռքը երբեմն կը բռնէ ջուրին տակ, յետոյ թաց մատները կը տանի կը քսէ ականջներուն։ Կը դիտէ երեխաները, որոնք կը վազվզեն, խաղան կամ կռուին իրարու հետ։ Ոտքի ծայրով կը շոյէ բաշերը քովը պառկած ծերացող շան։ Յետոյ, երբեմն ժամ մը անց, երբեմն ժամեր՝ մինչեւ արեւը տուներուն ետեւն անցնի, կը կանգնի, անգամ մը եւս դէմքը կը լուայ ջուրով, ու կը քալէ ետ նոյն ճամբան, դէպի տուն։
Օր մը, օրէնք է, պիտի կասի, պիտի հանգի, պիտի դադրի այս ճամբան։
ԵՐԱՄ
Երեւան
Ընկերամշակութային
- 11/29/2024