ՃՇՄԱՐԻՏ ՕՐԷՆՔ Ի ՁԵՌՍ ՔՐԻՍՏՈՍԻ
Տէր Յիսուս Քրիստոոսի սովորական ճամբորդութիւններէն մին կը ներկայանայ Մատթէոսի Աւետարանին մէջ (Մտթ. 12.1-14)։ Սովորական կը կոչուի, քանի մեր Տէրը երեք տարիներ շարունակ քաղաքէ քաղաք կը շրջէր եւ այդ պահուն երբ իր մօտ կը հաւաքուէին հաւատացեալներ, աշակերտներ կ՚ընկերակցէին Իրեն։ Այս կեանքը մէկ կամ երկու օր չտեւեց, այլ երեք տարիներ, մինչեւ Քրիստոսի Խաչելութիւնն ու Յարութիւնը։ Սակայն Աւետարանական այս հատուածին մէջ, կը ներկայանայ տարբերութիւն մը, որ սովորական ճանապարհորդութիւնը կը վերածէ եզակի քարոզխօսութեան։
Օրը շաբաթ էր, տարուան միւս շաբաթներուն նման կոչուած՝ Տիրոջ օր։ Պէտք է յիշել, թէ Յիսուսի ուղեւորութեան առանցքին կը գտնուէր Հրեայ ժողովուրդը եւ որուն որպէս հետեւանք Ան միշտ «օրէնք»ի կեանքը կը շնչէր։ Ուր որ երթար ու որու հետ խօսէր, հրէական օրէնքը ի զօրու էր, որքան որ ալ հեթանոս Հռովմէական կայսրութեան տիրապետութեան ենթակայ ըլլար տեղւոյն ժողովուրդը։ Հետեւաբար քանի որ խնդրոյ առարկան շաբաթ օրն էր, նախ պէտք է յիշել, թէ ըստ Հին կտակարանին, ի՞նչ կը նշանակէր օրէնքը։ Նախ պէտք է յիշենք, թէ Աստուած շաբաթը, որպէս սուրբ օր յայտարարած եւ հրահանգած էր, որպէսզի Տիրոջ օրը սուրբ պահուի։ Տեղւոյն ժողովուրդը, կամայ եւ ակամայ, հաւատալով եւ կամ առանց հաւատալու, ուզելով եւ կամ առանց ուզելու հնազանդ էր այս օրէնքին։ Ուստի, շաբաթ օրը չնչին արտօնեալ գործեր կատարելէն աւելին ընդունելի չէր նկատուած։ Տեղւոյն ժողովուրդը խանութը բաց պահելով չէր կրնար աշխատիլ, քանի հանգստեան օր էր։ Երկար ճամբորդութիւններ չէին կրնար կատարել, որովհետեւ երկարատեւ ուղեւորութիւնը ընդունելի չէր։
Սուրբ Աւետարանին մէջ կը կարդանք, թէ՝ Յիսուս շաբաթ օր քաղաքէ մը կ՚անցնէր եւ այդտեղ կը գտնուէր արտ մը։ Աշակերտները անօթեցած ըլլալով, սկսան հասկերը փրցնել եւ ուտել։ Ցորենի հասկերէն հատիկներ ձեռք բերելու համար կատարուած իւրաքանչիւր արարք աշխատութեան համազօր գործունէութիւն մըն էր եւ այս պատճառաւ կը նկատուէր որպէս օրէնքի խախտում։ Հետեւաբար, Հրեաներ ո՛չ թէ սնանիլը, այլ պատրաստութեան գործը մեղք համարեցին։ Ի դիմաց այս պատկերին, Յիսուսի ընդդիմադիրները՝ օրինամոլները աշակերտները ցուցադրեցին եւ ըսին. Իսկ Քու աշակերտներդ այս պահուն օրէնքը կը խախտեն եւ հասկերը ի ձեռին ունենալով կը գործեն ու կը գործեն։ Ինչո՞ւ կ՚արտօնես իրենց, երբ Դուն պէտք է ազդարարես իրենց։ Ո՜վ Յիսուս։
Ըստ իրենց մտածման, աշակերտները նոյնիսկ պէտք էր անօթի կենային, անօթութենէն տառապէին եւ կամ սովամահ ըլլային, բայց օրէնքը պէտք չէր որ խախտէին։ Բայց Քրիստոս, այս առիթը օգտագործելով, իր վարդապետութիւնը կը ներկայացնէ գեղեցկօրէն։ Քրիստոս, օրինամոլ ժողովուրդին նախապաշարումը կը տեսնէ, ընդդիմադիր անձանց իրականութեան մէջ։ Յուզուած ու տխրած կը դիտէ այն նախապաշարեալ հաւաքականութիւնը, որ օրէնքը կը պաշտէր առանց օրէնքի կամքին, հասկացողութեան եւ տրամաբանութեան թափանցելու։ Յատկապէս մեծ տկարութիւն էր, Աստուածադիր օրէնքին կոյրզկուրայն մօտենալ եւ չտեսնել օրէնքի տուիչ՝ Աստուծոյ կամքը։ Յիսուս նախապաշարումի մշուշը կը փարատէ, իր աշակերտներու եւս ներդրումով եւ կը մատնանշէ, թէ աշակերտներուն արարքը սխալ չէր, ըստ օրէնքի տրամաբանութեան, քանի անոնք պարզապէս անօթութիւնը յագեցնելու միջոց մը գտած էին։ Ապա, կը շարունակէ եւ Հին կտակարանի նշանաւոր Դաւիթ մարգարէի կեանքէն օրինակով մը կը խօսի։ Դաւիթ Մարգարէն, երբ իր անօթի զինուորներով հասած էր տաճար, միայն քահանաներուն համար վերապահուած սեղանի հացերէն կերած էին, քանի որ բացի այդ հացերէն, ոչինչ գտած էին։ Քանի Դաւիթ գործեց նման արարք մը եւ որուն որպէս հետեւանք խստիւ չյանդիմանուեցաւ Աստուծմէ, սա կը նշանակէ, թէ կատարուածը ընդունելութիւն գտած էր։ Այս այն Դաւիթն էր, որ պղծասիրութեամբ օրէնքին դէմ գործած ըլլալուն համար, յանդիմանութիւն ընկալած է՝ Աստուծմէ, Նաթանայէլ մարգարէին բերանով։ Դաւիթի զինուորներուն հետ, առաջաւորութեան հացը ուտելը կ՚արդարանար, որովհետեւ խնդրոյ առարկան մարդու կեանքն էր եւ Աստուած օրէնքը սահմանած է մարդոց համար։
Աւետարանական այս բաժնով մենք պէտք է յիշենք, թէ մեր առջեւ դրուած Աստուածային օրէնքները կը միտին մարդկութեան աւելի գեղեցիկ ու անուշ կեանք մը շնորհել եւ ո՛չ թէ մարդը չարչարել։ Մարդը օրէնքին համար չէ, այլ՝ օրէնքը մարդուն համար։ Տէր Յիսուս, շաբաթ օրուան խորհուրդին ընդմէջէն առանցնաբար կը շեշտադրէ այս իրողութիւնը եւ օրինամոլ հաւաքականութեան առջեւ կը դնէ իրապաշտ խնդիր մը, ըսելով, թէ անոնք միայն կը պաշտեն, սակայն՝ սխալ ոճով ու հոգիով։ Ս. Գիրքը նոյնիսկ կը յայտարարէ, թէ միջուկը պարպուած զոհերէն աւելի, Տէրը կը փափաքի ողորմածութեան հոգի։ Այսպէս օրինամոլներու ինքնախաբէութիւնը յայտարարած կ՚ըլլար իրենց ներկայութեան։ Տէրը քանիցս յայտարարած է, թէ ինք կը կամենայ մարդուն փրկութիւնը, գեղեցկացումը։ Որքա՜ն հաճելի է, երբ մարդուն բերնէն խօսքեր դուրս կ՚ելլէ ճշրմարտապէս Տէրը պաշտելու համար։ Որքա՜ն հաճելի է, մարդուն սրտէն ողորմածութիւն, խաղաղութիւն դուրս կը հոսի յորդահոսօրէն, վասն սիրոյն Քրիստոսի։ Ահա, ըստ Քրիստոսի, հակիրճ ձեւով այս է կամքը օրէնքին։
Կայ նաեւ սակայն այլ երեսակ մը օրէնքի մասին, որ դրուած է աշխարհիկ իշխանութիւններու կողմէ, կանոնաւորելու համար ժողովուրդները։ Սոյն կանոնաւորման գործադիր մարմինն է՝ օրէնսդիր մարմինը եւ տեղւոյն ժողովուրդը ո՛չ մէկ ձեւով կրնայ խախտել այդ օրէնքը։ Յօդուած առ յօդուած գրի առնուած են այդ կանոնները, որուն հնազանդ մնալ իւրաքանչիւր քաղաքացիի պարտականութիւնն է։ Հետեւաբար, այս կանոնները ո՛չ մէկ ձեւով հարցման տակ պէտք է դնել, որքան ատեն որ ի զօրու են այդ օրէնքներու տրամադրութիւնները։ Իսկ, Աստուածադիր օրէնքի պարագային, այդ կիրառումը քիչ մը շփոթութեան կը մատնէ հաւատացեալները։ Մարդկային կանոնները դրուած են մարդոց կողմէ եւ փոփոխութեան կրնան ենթարկուիլ ժամանակի ընթացքին եւ տարբեր մեկնաբանութիւններու դուռ կրնան բանալ։ Բայց, ինչպէս Յիսուսի ժամանակ կը յայտնուի, տեղւոյն Հրէական օրէնքի ուսուցիչները, իրենց կամքը պարտադրել կ՚ուզէին օրէնքի զօրութիւնը օգտագործելով։ Անոնք մեկնաբանութեամբ կը հնարէին նոր կրօնական կանոններ, սակայն միշտ որպէս զրահ կ՚օգտագործէին Աստուածադիր կանոնները։ Եւ որքան մեծ դժբախտութիւն էր, որ հաւատացեալ ռամիկ ժողովուրդին կը պարտադրէին իրենց փափաքներն ու ուսուցումները՝ ըսելով, թէ առանց որեւէ առարկութեան ու հարցման պէտք է հնազանդին սոյն հրամաններուն։ Աստուած իր օրէնքները՝ յատկապէս Աւետարանի ճամբով մեր առջեւ դրաւ եւ ըսաւ. Ես նոր ուխտ մը կը կնքեմ ձեզի հետ։ Քրիստոսի ուսուցման համաձայն, հաւատացեալը աւելի լաւ պիտի հասկնար, թէ օրէնքը մարդուն համար էր։ Օրէնքը ներկայ է գործերուն մէջ, խօսքերուն մէջ, ընտանիքներուն մէջ եւ աւելին՝ ուր որ մարդը ներկայ է, վասնզի օրէնքը մարդուն սրտին մէջն է։ Ուր որ կ՚ուղեւորուի հաւատացեալը, իր սրտին մէջ կը կրէ Քրիստոնէական օրէնքը՝ որ աւելի գեղեցիկ բառով կը ներկայանայ մեր առջեւ ու կը կոչուի՝ շնորհք։ Հետեւաբար, Քրիստոս այդ ազատութիւնը կը շնորհէ, որ հաւատացեալը իր կեանքը քննէ եւ իր իրականութեան մէջ գտնէ Աստուածային օրէնքի պարտադրութիւններն ու պարտաւորութիւնները։ Հետեւաբար, հաւատացեալը նախ պէտք է հասկնայ օրէնքին ոգին եւ ապա իրմով պէտք է դիտէ իր կեանքը ու որպէս վերջաբան արժեւորէ իր կենաց ու գործունէութեան արդարութիւնը։
Հայ Եկեղեցւոյ իրականութեան մէջ գեղեկցօրէն կը խօսի այս պատգամը։ Հայ Եկեղեցին, ըլլալով պատմական ու աւանդական եկեղեցի, ճոխ է իր աւանդութիւններով ու հոգեւոր ժառանգով։ Սակայն իրողութիւն է, թէ շատ ատեն կատարուած ամէն ինչ կը գործածուի, որպէս սոսկ աւանդութիւն, առանց իր նշանակութեան ու իմաստին թափանցելու։ Առանց հասկնալու դոյզն ճիգ մը վատնելու, շատ ատեն կը մօտենանք մեր խորհուրդներուն եւ յետագային չենք կըր-նան զանազանել, թէ աւանդութիւնն ու կանոնը մարդո՞ւն համար է, թէ ոչ՝ մարդը աւանդութեան եւ կանոններուն համար։ Մեր եկեղեցիին, աղօթքներուն, ծէսերուն եւ աւանդութիւններուն Հրէական օրէնքի ուսուցիչներու եւ իրենց հետեւորդներու հասկացողութեամբ մօտենալը կը շեղեցնէ մեր ուղին։ Բարեպաշտ ըլլալ կը նշանակէ, հոգւով եւ սրտով փարիլ իր հոգեւոր ու ազգային ժառանգին, տեսնել ու օգտագործել այդ ժառանգին մէջ թաքնուած մարդասիրական հոգին։ Մեր աղօթքները, սոսկ կրկնելու փոխարէն քիչ թէ շատ հասկնալով աղօթելն է ահա Քրիստոնէական ոգին։ Ուշադրութեամբ երբ հետեւինք, պիտի տեսնենք թէ, Հայ Եկեղեցին աւելի քան 2000 տարուայ արմատներ ունի, իսկ Ամենայն Հայոց Հայրապետութիւնը 1700 տարուան ընթացք։ Այս է ահա, հսկայ եւ ընտրեալ արմատները, մեր ժողովուրդի զաւակներուն ընծայուած։ Իսկ, բնաւ մտածա՞ծ ենք, թէ ինչո՞ւ կը տկարանայ այսքան արժէքաւոր հաւատք մը մեր մէջ։ Պատմութեան հոլովոյթին մէջ ժամանակ առ ժամանակ, լաւ թափանցեր ենք Քրիստոսահիմն մեր հաւատքին եւ տեսնելով մեր ժողովուրդին բարւոքումը, որդեգրեր ենք Քրիստոսով քալելու ճանապարհը։ Իսկ, ժամանակ առ ժամանակ, սոսկ անունը պահեր ենք Հայ Եկեղեցւոյ, իր նշանակութենէն մերկացնելով զայն։ Ահա, նման երեւոյթներուն մէջ, զանազան հոսանքներ եկեր են մեր եկեղեցւոյ զաւակներուն ու կարողութիւնը գտեր են խլելու հաւատքը։ Հետեւաբար, իւրաքանչիւր անդամը մեր եկեղեցւոյ, պէտք է իմանայ, թէ եկեղեցւոյ հիմքերուն մէջ կը գտնուի Քրիստոնէական հաւատքը, սէրը եւ յոյսը։ Նաեւ պէտք է իմանալ, թէ Քրիստոնէական հաւատքը, առանց Քրիստոսի Աւետարանի ներկայութեան, ոչնչութիւն է, ուստի մեր հաւատքը պէտք է սնանի Աւետարանի շնորհքով։ Այլապէս, նման ինքնագիտակցութիւնը եկեղեցւոյ անդամը կը վերածէ իմաստուն անդամի եւ կը փրկէ դառնալէ՝ անզգալի գերութենէն։
Օրհնութեան աղերսանքի կը վերածուի մեր հաւատքը, որով օրէնքն ու աւանդութիւնը գործադրենք, մեր անհատական եւ հաւաքական վերելքին համար ու թափանցենք մարդկութեան ընծայուած սիրոյն ի Քրիստոս։ Այն անհատը, որ կը քալէ այս ուղիով, անպայման պիտի տեսնէ իր ներքին զօրութիւնը, որ պիտի բղխի իրեն ընծայուած օրէնքին զօրութենէն։ Ուստի, ո՜վ հաւատացեալ, երբ աղօթքդ մատուցանես, պահ մը կանգ առ, յետոյ կշռէ քու նայուածքդ առ Աստուած եւ ապա ձեռքերդ ընդարձակօրէն բաց ու փառք տուր քու Տիրոջդ։ Ամէն։
Տ. ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ԱԲԵՂԱՅ ՏԱՄԱՏԵԱՆ