ՏԱՐՕՐԻՆԱԿ ՎԱՅՐԻ ՄԸ ՄԷՋ…

Երեւանի Օփերային շրջակայքը զբօսնողներէն, քալողներէն կամ տարածքի պուրակներուն ու սրճարաններուն մէջ պարզապէս նստողներէն քիչեր գիտեն, որ Օփերայի մօտակայ պուրակին մէջ կը հանգչի հայոց մեծերէն մին՝ Ալեքսանդր Սպենդիարեան: Մեծանուն երաժտահանը, խմբավարն ու հայ դասական երաժշտութեան նշանաւոր վարպետը այն եզակի հայ մեծն է, որ չէ յուղարկաւորուած որեւէ դամբարանի կամ պանթէոնի մէջ եւ անոր գերեզմանը Երեւան քաղաքին կեդրոնը՝ Օփերայի եւ պալէի թատրոնէն քանի մը մեթր անդին է, անկիւնի մը վրայ, անցող-դարձողներուն շատ մօտ, բայց եւ գրեթէ աննկատ՝ անցող-դարձողներէն: Եթէ չըլլան գերեզմանաքարին վրայ երբեմն դրուած ծաղիկները, անցորդները չեն կրնար երեւակայել, որ ամէնօրեայ ճամբայ դարձած այդ վայրին մէջ գերեզման մը կայ:

Յաճախ կը խօսուի Սպենդիարեանի աճիւնը հոսկէ փոխադրելու կամ գոնէ գերեմանաքարը աւելի ակնառու դարձնելու մասին, որպէսզի մնայ յարգանքի վայր մը եւ ոտքի կոխան չըլլայ այդ բանուկ հատուածէն քալողներուն, սակայն այս հարցը կը մնայ միայն քննարկումներու ծիրէն ներս:

Այս տարի կը լրանայ աշխարհահռչակ երաժիշտին 150-ամեակը եւ Սպենդիարեանի արուեստը գնահատողները, անոր տուն-թանգարանի աշխատակիցները եւ ընդհանրապէս հայ մեծերուն յիշատակով մտահոգ մարդիկ յոյս ունին, որ գերեզմանը վերջապէս կը փոխադրուի. ան շատ անյարմար տեղ մըն է՝ աղմուկի, սրճարաններու օդափոխութեան եւ ուժածին սարքերու ձայներուն եւ ամէն վայրկեան փողոցը թափուող առօրեայ աղբին մօտ:

Երեւանի յուշարձաններու պահպանութեամբ զբաղող կազմակերպութիւններ իրենց խնամքին տակ առած են գերեզմանը, բայց գտնուած անպատշաճ վայրին պատճառով կարելի չէ շուրջօրեայ խնամք ու խորհրդաւորութիւն պահպանել անոր շուրջ: Օփերան, ի դէպ, կը կրէ Ալեքսանդր Սպենդիարեանի անունը եւ բակին մէջ ալ իր արձանը կը կանգնի:

Սպենդիարեան նաեւ Երեւանի մէջ ունի տուն-թանգարան, որ մեր լաւագոյն թանգարաններէն է, Հայաստանի մէջ առաջին երաժշտական յուշային թանգարանը: Սպենդիարեանի անունով կոչուած են նաե Երեւանի մէջ երաժշտական դպրոց մը եւ փողոց մը:

150-ամեակին առթիւ նախատեսուած է միջազգային ասպարէզի վրայ ոգեկոչել մեծ երաժիշտին յոբելեանը, որ ընդգրկուած է նաեւ ԻՒՆԷՍՔՕ-ի՝ 2020-2021 թուականներու հռչակաւոր մարդոց եւ կարեւոր իրադարձութիւններու օրացոյցին վրայ։

Ինչպէ՞ս Ալեքսանդր Սպենդիարեանի գերեզմանը յայտնուած է Օփերայի տարածքին: Երբ 7 մայիս 1928 թուականին մահացաւ Ալեքսանդր Սպենդիարեան, կազմուեցաւ տասնութ անդամներէ բաղկացած կառավարական յանձնախումբ մը, որուն մէջ ընդգրկուած էին Աւետիք Իսահակեան, Մարտիրոս Սարեան, Ալեքսանդր Թամանեան եւ այլք: Այդ կառավարական յանձնախումբը, յատկապէս Թամանեանը, որոշում ընդունած է, որ երաժշտահանը պէտք է յուղարկաւորուի քաղաքին կեդրոնը: Այդ ժամանակ Օփերան տակաւին չէր կառուցուած, չէր կառուցուած նաեւ Կոմիտասի անուան պանթէոնը, որ հիմնադրուեցաւ աւելի վերջ՝ 1936-ին:

Այդ տարիներուն Օփերայի տարածքը Երեւանի գլխաւոր մշակութային վայրերէն մէկն էր, բոլորովին ուրիշ մթնոլորտ մը կը տիրէր տարածքին վրայ: Այսօր պատկերը այլ է: Սպենդիարեանի յուշագիրները կը վկայեն, որ ճարտարապետ Ալեքսանդր Թամանեան յաճախ կ՚այցելէր ընկերոջ շիրիմը, կարգի կը բերէր եւ անոր շուրջը ծաղիկներ կը տնկէր: Յետագային նաեւ ուրիշ անուանիներ կ՚այցելէին եւ ուշադրութեան տակ կը պահէին գերեզմանը, բայց այսօր անիկա կը յիշուի միայն առիթներով:

Կարգ մը մտաւորականներ այն կարծիքին են, որ գերեզմանը չ՚արժեր փոխադրել, այլ պէտք է կարգի բերել եւ դասական շունչ տալ անոր շրջակայքին. բան մը, որ զուրաճանքի եւ հանգիստի միջավայր դարձած այդ վայրին համար այսօր կարելի չէ:

ՀԻՆ ԵՐԵՒԱՆԻ ԳԵՐԵԶՄԱՆՆՈՑԸ

Անշուշտ Սպենդիարեանը քաղաքին կեդրոնը յուղարկաւորելու ամենակարեւոր պատճառը այն էր, որ ներկայ Օփերայի տարածքին ժամանակին կար մատուռ մը՝ «Գեթսեմանի» մատուռը՝ Հին Երեւանի նշանաւոր եկեղեցիներէն մէկը։ Գեթսեմանը, ըստ Նոր կտակարանի, ձիթենեաց այգիներու վայրն էր, ուր Յիսուս Քրիստոս իր վերջին աղօթքները կատարած էր խաչուելէն առաջ։ Մատուռին այդ անունը տուած էին այն պատճառով, որ կը գտնուէր այգիներուն մէջ։

Միանաւ, թաղածածկ, փոքրաչափ եւ անգմբէթ մատուռ մըն էր, որ կառուցուած էր 1679 թուականի երկրաշարժէն աւերուած աւելի հին եկեղեցիի մը տեղը։ 1926 թուականին կառավարութիւնը որոշում կ՚ընդունի՝ Երեւանի մէջ կառուցել Ժողովրդական տուն մը (յետագային կ՚ընդլայնուի եւ կը դառնայ Օփերայի շէնքը):

Ալեքսանդր Թամանեանի նախագիծով գծուած Ժողովրդական տան հողատարածքն ու փողոցներու ուղեծիրները այնպէս գծուած էին, որ չէին կրնար շրջանցել մատուռը, ուստի ճարտարապետ Թամանեան կ՚որոշէ քանդել տալ մատուռը։

Մատուռին շուրջ եղած է հին Երեւանի գերեզմաննոցներէն մէկը, որ նոյնպէս կը քանդուի: Մատուռին քարերը կը թուագրուին, որպէսզի յետագային այլ տարածքի մը վրայ վերակառուցուի, բայց քարերը կորսուելուն պատճառով այս ցանկութիւնը չ՚իրականանար:

Մատուռը կը քանդուի 1929 թուականին, այդ ժամանակ Սպենդիարեան յուղարկաւորուած էր, բայց անոր գերեզմանը մատուռին շուրջ գտնուող միւս գերեզմաններուն հետ չի քանդուիր…

Անշուշտ, այս իրադարձութիւններէն շատ տարիներ ետք՝ 2007 թուականին, Օփերայի եւ պալէի ազգային ակադեմական թատրոնի շէնքին մէջ կը տեղադրուի խաչքար մը՝ ի յիշատակ Գեթսեմանի քանդուած մատուռին, բայց իրականութիւնը այն է, որ այսօրուան Օփերայի շէնքը վեր յառնած է այսպիսի կորուստներու հաշուոյն: Այդպէս ալ անոր քով մնացած է Սպենդիարեանի գերեզմանը, որուն այցով՝ յունիս 15-ին, մեկնարկեց անոր յոբելենական տարին:

150-ԱՄԵԱԿԻ ՍԿԻԶԲ

Ալեքսանդր Սպենդիարեանի ծննդեան 150-ամեակին առթիւ, յունիս 15-ին, «Արամ Խաչատրեան» համերգասրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Սպենդիարեան-150» յոբելենական ձեռնարկներուն մեկնարկը՝ Հայաստանի Ազգային ֆիլհարմոնիք նուագախումբի համերգով: Համերգին ընթացքին հնչեցին Ալեքսանդր Սպենդիարեանի ստեղծագործութիւնները՝ «Երեք արմաւենի», «Խրիմեան էսքիզներ», հատուածներ «Ալմաստ» օփերայէն: Նախօրէին շրջանառութեան մէջ դրուած էր «Ալեքսանդր Սպենդիարեանի ծննդեան 150-ամեակը» կոչուած դրոշմաթուղթը։ Կազմակերպման աշխատանքներ կատարուած են աշխարհի կարգ մը թանգարաններու, այդ կարգին՝ Սպենդիարեանի ծննդավայր Կախովկայի Պատմութեան թանգարանին հետ, գրեթէ թուայնացուած է երաժիշտին ողջ ստեղծագործութիւնը:

Հաւաքուած նիւթերը պէտք է զետեղուին ԻՒՆԷՍՔՕ-ի հովանիին տակ տպագրուելիք բազմածաւալ պատկերագիրքին մէջ, որ նաեւ կը ներգրաւէ սկաւառակ մը:

Սպենդիարեանի ծննդավայր Կախովկա աւանը նախկինին կը մտնէր Տավրիկեան նահանգի Տնեպրովեան գաւառին մէջ, իսկ այժմ՝ Ուքրայնայի Խերսոնի մարզին մէջ ընդգրկուած է հայ մեծանուն երաժիշտին ծննդավայրը: Անոր նախնիները սերած են Հայաստանի հին մայրաքաղաքը՝ Անիէն: Մանկութիւնն ու պատանութիւնը կ՚անցին Սիմֆերոփոլի մէջ։ Ստեղծագործական կարողութիւնները՝ երաժշտութեան, նկարչութեան եւ բանաստեղծութեան նկատմամբ, ի յայտ կու գան մանուկ հասակէն: Երաժշտական ունակութիւնները ան ժառանգած է մօրմէն, որ յաճախ կը սիրէր հայկական մեղեդիներ նուագել:

1882-1890 թուականներուն տարրական ու միջնակարգ կրթութիւնը կը ստանայ Սիմֆերոփոլի դպրոցներուն մէջ։ 1890-1895 թուականներուն կը յաճախէ Մոսկուայի պետական համալսարանը: Մէկ տարի կ՚ուսանի բնագիտութեան կաճառին մէջ, ապա կը տեղափոխուի իրաւաբանութեան կաճառ:

Կը նուագէ ուսանողական նուագախումբին մէջ իբրեւ առաջին ջութակահար: Այդ տարիներուն, զուգահեռաբար, շարունակած է ջութակի դասերը մեծ թատրոնի դերասան Փեքարսքիի եւ երաժշտական յօրինումի տեսութեան դասերը՝ ռուս երաժիշտ ու ազգագրագէտ Քլենովսքիի մօտ, իսկ 1896-1900 թուականներու միջեւ երաժշտական յօրինումի անձնական դասեր առած է ռուս մեծահռչակ երաժիշտ Ռիմսքի-Քորսաքովի մօտ:

1901 թուականին Սպենդիարեան կը տեղափոխուի Եալթա եւ կ՚ամուսնանայ Վարվարա Մազիրովային հետ: Հայրը Ալեքսանդրի ընտանիքին կը նուիրէ առանձնատուն մը, որ ժամանակին եղած էր Սերպիոյ Նաթալիա թագուհիին ամառնային նստավայրը:

1916 թուականին Սպենդիարեան կը ծախէ Եալթայի առանձնատունը եւ ընտանիքին հետ կը տեղափոխուի Սուտաք՝ ապրելու համար իր ամարանոցին մէջ:

1901-1917 թուականներու միջեւ կը հաստատուի ու կ՚ապրի Խրիմի մէջ, ուր կը ծաւալէ ստեղծագործական, խմբավարական, մշակութային եւ հասարակական աշխոյժ գործունէութիւն: Այս շրջանին կը հաստատուին իր բարեկամական մտերմիկ յարաբերութիւնները Չեխովի, Կորքիի, Ռեփինի, Ռախմանինովի, Շալեափինի, Քուփրինի, Կլազունովի, Լեատովի, Քիւիի, Արենսքիի, Պլումենֆելտի եւ Զպրուեւայի նման մեծերուն հետ, որոնք յաճախ կը հիւրընկալուէին Սպենդիարեաններու Եալթայի առանձնատան մէջ:

Խրիմի մէջ իր ունեցած ստեղծագործական բեղուն գործունէութեան շրջանին է նաեւ, որ Սպենդիարեան 1917 թուականին կը ձեռնարկէ, Ամենայն Հայոց բանաստեղծ Յովհաննէս Թումանեանի «Թմկաբերդի առումը» երկարաշունչ բանաստեղծութեան հիման վրայ «Ալմաստ» օփերայի ստեղծումին, որ աւարտուն տեսք կը ստանայ միայն 1923 թուականին: «Ալմաստ»ը կ՚ըլլայ Ալեքսանդր Սպենդիարեանի երաժշտական ժառանգութեան եւ ստեղծագործական ուղիին զարգացման գագաթնակէտը:

Հայկական ազգային ինքնուրոյն օփերայի արուեստի զարգացման առումով, «Ալմաստ»ը կը նշանաւորէ հիմնական ու կարեւոր դարձակէտ մը՝ իր արհեստավարժ-մասնագիտական կատարելութեամբ, երաժշտական-թատրերգական յագեցուածութեամբ, ինչպէս նաեւ ձեւի, բովանդակային խորքի ու երաժշտական արտայայտչամիջոցներու վարպետութեամբ: Այս կոթողային ստեղծագործութիւնը կը հասնի դասական կատարելութեան եւ կը գրաւէ իր արժանի տեղը համաշխարհային օփերայի արուեստի լաւագոյն նմոյշներու շարքին:

1924 թուականին Հայաստան տեղափոխուելէ ետք, Սպենդիարեան կը ձեռնարկէ երաժշտական մշակոյթի զարգացման լայնածաւալ աշխատանքներու: Իր ջանքերով Երեւանի երաժշտանոցին մէջ կը հաստատուի առաջին նուագախմբային դասարանը եւ կը կազմակերպուի առաջին սիմֆոնիք նուագախումբը, որուն անդրանիկ համերգը անձամբ կը ղեկավարէ:

Ան սերունդներուն կը կտակէ ստեղծագործական հարուստ եւ բազմաժանր ժառանգութիւն մը: Բացի «Ալմաստ» նշանաւոր օփերայէն, գրած է նաեւ սիմֆոնիք երկեր՝ «Երեւանեան էթիւտներ» (1925), «Խրիմեան էսքիզներ» (1903-1912), «Երեք արմաւենի» սիմֆոնիք պատկերը (ըստ Մ. Լերմոնտովի - 1905), «Էթիւտ հրէական թեմաներով», «Քոնցերտային նախերգանք» (1900), «Քոնցերտային վալս» եւ այլ ժանրի ստեղծագործութիւններ: Ան արդարօրէն կը համարուի հայկական սիմֆոնիզմի հիմնադիրը:

1926 թուականին մեծ երաժիշտը կ՚արժանանայ Հայաստանի «Ժողովրդական արթիսթ»ի եւ Երեւանի երաժշտանոցի «Առաջին փրոֆեսէօր»ի կոչման: Կը մահանայ 1928 թուականին: 1938 թուականին Օփերայի թատրոնը կը կոչուի իր անունով, իսկ 1957 թուականին թատրոնը կը ստանայ ակադեմական կոչում:

ՍՊԵՆԴԻԱՐԱՖՈՆԸ

Յունիսի 15-ի յոբելենական համերգի օրը, համերգասրահի մուտքասրահին մէջ, առաջին անգամ հանրութեան ցուցադրուեցաւ Ալեքսանդր Սպենդիարեանին պատկանող՝ Սպենդիարաֆոն երաժշտական գործիքը, որ իր տեսակին մէջ եւ հնչողութեամբ աշխարհի մէջ միակ գործիքն է: 1905 թուականին, երբ Սպենդիարեան կը գրէր «Երեք արմաւենի» սիմֆոնիք ստեղծագործութիւնը՝ Միխայիլ Լերմոնտովի համանուն բանաստեղծութեան թեմաներով, ան գործիքի մը կարիքը կը զգայ՝ վերարտադրելու բանաստեղծութեան պատկերայնութիւնն ու գունեղութիւնը: Այդ ցանկութիւնը կը ծագի մանաւանդ անապատէն անցնող քարաւանի զանգակներուն ղօղանջը վերարտադրելու համար: Գործիքը կը պատրաստուի 1905 թուականին՝ Սիմֆերոփոլի մէջ՝ Սպենդիարեանի պատուէրով: Գործիքին կիրարկման համար վարպետները կը գործածեն կաշիէ գօտի եւ տասներկու պրոնզեայ զանգակներ։

Սպենդիարեանի ուսուցիչը՝ ռուս մեծանուն երաժշտահան Նիքոլայ Ռիմսքի-Քորսաքով, երաժշտական գործիքը կատակով «Սպենդիարոֆոն» կոչած է։ Գործիքը Սպենդիարեանին հետ «ճամբորդած» է եւրոպական մայրաքաղաքներ ու քաղաքներ, ուր կատարուած է «Երեք արմաւենի»ն, հնչած է Պերլինի, Միլանի, Լոնտոնի, Հռոմի, Նափոլիի, Փարիզի մէջ, եւ այսօր կը պահուի երաժիշտին տուն-թանգարանէն ներս:

Սպենդիարեանի յոբելենական տարուայ ձեռնարկներուն տակաւին առիթ կ՚ունենանք անդրադառնալու:

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Երեւան

Հինգշաբթի, Յունիս 17, 2021