ՓԱՌԱՇՈՒՔ ԽՈՐՀՐԴԱԿԱՏԱՐՈՒԹԻՒՆ

Գու­րու­չէշ­մէի Ե­րեւ­ման Ս. Խաչ ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ ե­րէկ յետ­մի­ջօ­րէին տե­ղի ու­նե­ցաւ փոք­րիկն Լի­նա Շի­րի­նօղ­լուի Ս. Մկրտու­թեան խորհր­դա­կա­տա­րու­թիւ­նը։ Ան դուստրն է Ար­թօ-Նա­թա­լի Շի­րի­նօղ­լու ա­մո­լին եւ թոռ­նի­կը՝ Սուրբ Փրկիչ Ազ­գա­յին հի­ւան­դա­նո­ցի հո­գա­բար­ձու­թեան ա­տե­նա­պետ Պետ­րոս Շի­րի­նօղ­լուի։ Հա­մայն­քա­յին շրջա­նակ­նե­րը լայն մաս­նակ­ցու­թիւն բե­րին մկրտու­թեան՝ ու­րա­խա­կից ըլ­լա­լով Շի­րի­նօղ­լու եւ Կիւ­տիւ­ճիւ ըն­տա­նիք­նե­րուն։ Փա­ռա­շուք ա­րա­րո­ղու­թեան հան­դի­սա­պե­տեց Տ. Սա­հակ Եպսկ. Մա­շա­լեան։ Կնքա­հայրն էր Յա­կոբ-Սե­լին Շի­րի­նօղ­լու ա­մո­լը։

Ա­րա­րո­ղու­թեան ա­ւար­տին ըն­դու­նե­լու­թիւն մը սար­քուե­ցաւ Պէ­շիկ­թա­շի «Ֆոր Սի­զընս» պան­դո­կին մէջ, ուր հրա­ւի­րեալ­նե­րը ան­կեղծ բա­րե­մաղ­թանք­ներ ը­րին նո­րոգ մկրտեալ Լի­նա Շի­րի­նօղ­լուի հա­մար։

Այս ու­րախ առ­թիւ մենք եւս կը շնոր­հա­ւո­րենք փո­րոք Լի­նա Շի­րի­նօղ­լուն, ի­րեն մաղ­թե­լով եր­կար ու եր­ջա­նիկ կեանք մը։ Կը շնոր­հա­ւո­րենք իր եր­ջա­նիկ ծնող­քը՝ Ար­թօ-Նա­թա­լի Շի­րի­նօղ­լու ա­մո­լը, մեծ ծնող­նե­րը՝ Պետ­րոս-Լե­տա Շի­րի­նօղ­լու ա­մո­լը, Մու­րատ-Պեր­ճու­հի Կիւ­տիւ­ճիւ ա­մո­լը, ինչ­պէս նաեւ Յա­կոբ-Սե­լին Շի­րի­նօղ­լու ա­մո­լը։

Երկուշաբթի, Յունիս 1, 2015