Սահմանին վրայ եւ քուէատուփի մօտ՝ առանձին…
Հայաստանի սահմանին վրայ կանգնած զինուորը առանձին է այսօր։ Մինակ, միսմինակ հերթապահութեան կ՚երթայ՝ նոյնիսկ հարիւր տոկոս վստահ չըլլալով, որ իր ըրածը վերջին հաշուով հարց մը կը լուծէ՞, բանի մը կը ծառայէ՞։ Այդ կասկածը գործնականօրէն տատամսումի չի տանիր սահմանին կանգնած զինուորը։ Ան յամառօրէն կը պահէ հերթը՝ առանձինն, սակայն, հաւատարիմ իր արեան կանչին։ Պետութեան հզօրութիւն կամ ղեկավարութեան քաղաքական կամք չկայ հիմա Հայաստանի սահմանին կանգնած զինուորի ետին, բայց ան հո՛ն է, միսմինակ ու սեփական պատմութեան բեռը ուսին... Ծա՞նր, անտանելի՞ ու տակաւին ով գիտէ ի՞նչ... Սահմանի այդ առանձին զինուորի պատկերը ամփոփումն է ամբողջ յետպատերազմեան ժամանակաշրջանի տագնապին։
Վաղը արտահերթ ընտրութիւն տեղի պիտի ունենայ Հայաստանի մէջ, երբ երկիրը կը փնտռէ իր անդորրը եւ պետութիւնը կը ձգտի կայունութեան։ Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացին պիտի փութայ քուէատուփի մօտ՝ առանձին, սահմանի վրայ կանգնած զինուորին նման։ Անոր ձայնը պիտի պայմանաւորէ ճակատագիր մը։ Ան պահ մը պիտի մնայ իր խղճին հետ գլուխ գլուխի ու նախընտրութիւն մը պիտի ընէ առանձին, սահմանի զինուորին նման։ Հայաստանի Հանրապատութեան քաղաքացին ամէն ինչը պահ մը պիտի դատէ միսմինակ՝ պատմութեան բեռը ուսին, սահմանին կանգնած զինուորին ճիշդ նմանութեամբ։ Իր արեան կանչով պիտի կողմնորոշուի, որպէսզի սահմանին կանգնած զինուորը վերստին պետութեան հզօրութիւնը ուղեկից ունենայ ու վերստին զգայ, թէ ղեկավարութեան մը քաղաքական կամքը կայ իր ետին։ Ակնթարթի մը առանձնութեան մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացին հաշուեկշիռ մը պիտի ընէ՝ ամիսներ տեւած դաւաճաններու եւ հերոսներու թոհուբոհին համար։ Ան պիտի ջանայ յագեցնել երկրի անդորրութեան որոնումը, գոհացնել պետութեան կայունութեան ձգտումը։ Այս բոլորը ընելու ժամանակ պիտի ունենայ միակ ուղեցոյց մը, որն է՝ ի հեճուկս ամէն ինչի սահմանին վրայ առանձինն կանգնած զինուորին յամառութիւնը։
Հայոց պատմութեան առկայ սուր ճամբաբաժանին հնարաւոր պիտի ըլլա՞յ հաւաքական դատողութեան, հաւաքական մտքի, հաւաքական իմաստութեան դրսեւորումով մը երաշխիքներ ստեղծել ապագայի համար։
Հայաստանի Հանրապետութեան գոյութիւնը կախում ունի իր շարքային քաղաքացիի քուէատուփի մօտ գործելիք սխրանքէն՝ ակնթարթի մը համար միսմինակ, սահմանին վրայ կանգնած զինուորին նման եւ սահմանին վրայ կանգնած զինուորին համար։ Հայաստանի սահմաններուն եռագոյնը պարզուած կ՚ըլլայ խաչաձեւ ձողի վրայ. միակ ապաւէնը՝ միսմինակ զինուորին եւ վաղը առանձինն խղճի ձայնին հետեւելիք քաղաքացիին։ Աստուած պահապան եւ օգնական բոլորին՝ վերանորոգ եռանդով, ապագայի նկատմամբ թարմ հաւատքով վերստին սկսելու համար կեանքի ծառը խնամելու։